ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ

«Ի՛նչ բան որ ա­ղօթ­քով կը խնդրէք, հա­ւա­տա­ցէք թէ պի­տի՛ առ­նէք ու պի­տի կա­տա­րուի ձե­զի» (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։­

Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, բայց այս խոս­տու­մը պայ­ման մը ու­նի։ Այն է՝ թէ Աս­տու­ծոյ կամ­քը անհ­րա­ժե՛շտ է խնդրան­քին կա­տար­ման հա­մար։ Ուս­տի մար­դուն խնդրան­քը պէ՛տք է Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մե­մատ ու հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լայ։

Աս­տու­ծոյ կամ­քը մար­դուն բա­րիքն է, զայն մեղ­քէն մար­քել, սրբել ու սրբաց­նել է՝ մար­դը Իր որ­դին ը­նել, որ­պէս­զի սուրբ կեանք մը ապ­րի ու վա­յե­լէ ա­մէն բա­րիք։

Ուս­տի կա­րե­լի է այդ օրհ­նու­թիւն­նե­րը խնդրել, եւ հա­ւա­տալ, թէ պի­տի տրուին ա­նոնք, եւ գո­հու­թիւն յայտ­նել՝ շնոր­հա­կալ ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ՝ որ ստա­ցանք այդ բո­լո­րը։

Ար­դա­րեւ մար­դուն ա­ռանձ­նաշ­նոր­հո՛ւմն է Յի­սու­սի դի­մել ու մաք­րուիլ, եւ օ­րէն­քին առ­ջեւ կե­նալ ա­ռանց ա­մօ­թա­հա­րու­թեան եւ ո­րե­ւէ խղճի խայ­թի։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս մա­սին է, որ ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Իսկ արդ դա­տա­պար­տու­թիւն չկայ Քրիս­տոս Յի­սու­սով ե­ղող­նե­րուն՝ ո­րոնք մարմ­նա­ւոր կեր­պով չեն վա­րուիր. այլ՝ հո­գե­ւոր կեր­պով» (ՀՌՈՎՄ. Ը 1)։ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­լով եւ վստա­հե­լով եւ մա­նա­ւանդ անդ­րա­դառ­նա­լով Ա­նոր կամ­քին, կա­րե­լի է հաս­նիլ այդ վի­ճա­կին։ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­լով կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ սրբուիլ ա­մէն մեղ­քէ։

Մարդ, Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­լու եւ վստա­հե­լու այս պարզ ա­րար­քով՝ Սուրբ Հո­գին իր սրտին մէջ «Նոր կեանք» մը կը ստեղ­ծէ։ Մարդ «Նոր կեանք»ի մը կը ծնի։

Այ­լեւս մարդ նո­րա­ծին մա­նուկ մըն է Աս­տու­ծոյ ըն­տա­նի­քին մէջ, եւ Ան կը սի­րէ այդ մա­նու­կը՝ ինչ­պէս կը սի­րէ Իր հա­րա­զատ միա­ծին Որ­դին։ Եւ հա­րա­զատ որ­դիի նման սի­րուիլ՝ ի­րա­պէ՛ս ա­ռանձ­նաշ­նորհ մըն է։

Եւ երբ մարդ ինք­զինք Յի­սու­սի կը նուի­րէ, Ա­նոր կու տայ, այ­լեւս պէտք չէ՛ որ ետ դառ­նայ։ Ան­կէ պէտք չէ՛ որ բաժ­նուի, հե­ռա­նայ, այլ օ­րըս­տօ­րէ ը­սե­լու է՝ թէ ինք Քրիս­տո­սինն է, ինք­զինք Ա­նոր տուած է։ Եւ ա­հա այն ա­տեն պի­տի խնդրէ, որ Իր Հո­գին տայ ի­րեն, ու Իր շնորհ­քո­վը պա­հէ ու պահ­պա­նէ զինք։ Ինչ­պէս որ ինք­զինք Աս­տու­ծոյ տա­լով, Ա­նոր վստա­հե­լով ու Ա­նոր հա­ւա­տա­լով է, որ մարդ Իր որ­դին կը դառ­նայ, այն­պէս ալ պէտք է Ա­նոր մէջ ապ­րի՛լ։ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ինչ­պէս որ ըն­դու­նե­ցաք Յի­սուս Քրիս­տոս Տէ­րը՝ Ա­նով քա­լե­ցէ՛ք» (ԿՈՂ. Բ 6)։ Ուս­տի «ըն­դու­նիլ» չի՛ բա­ւեր ո­րե­ւէ բան մը իւ­րաց­նե­լու հա­մար, այլ պէ՛տք է «ապ­րի՛լ» զայն։

Կան մար­դիկ՝ որ կը կար­ծեն, թէ պար­տա­ւոր են փոր­ձի են­թար­կուիլ, եւ ա­պա­ցու­ցա­նել Տէ­րոջ՝ թէ բա­րե­փո­խուած են, Ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը կա­րե­նալ հայ­ցե­լէ ա­ռաջ։ Բայց ա­նոնք նոյ­նիսկ սա պա­հուս, հի­մա՛ կա­րող են հայ­ցել Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը՝ ա­ռանց փոր­ձի են­թար­կուե­լով։ Ար­դա­րեւ, ա­ռանց Աս­տու­ծոյ շնորհ­քին ու Քրիս­տո­սի Հո­գիին, ի՜նչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ օգ­նել մար­դոց տկա­րու­թիւն­նե­րուն, կամ դի­մադ­րել չա­րին եւ ար­գե՛լք ըլ­լալ ա­նոր ներ­գոր­ծու­թեան։

Յի­սուս կ՚ու­զէ, որ մարդ Ի­րեն գայ՝ ինչ­պէ՛ս որ է. մե­ղա­ւոր, թե­րի, տկար եւ ա­նօգ­նա­կան, բո­լո­րո­վին Իր­մէ կա­խեալ։ Կա­րե­լի է Ա­նոր գալ մարդ­կա­յին բո­լոր տկարու­թիւն­նե­րով, թե­րու­թիւն­նե­րով, ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով, յի­մա­րու­թիւն­նե­րով ու մե­ղա­ւո­րու­թեամբ, եւ Իր ոտ­քը իյ­նալ ան­կե՛ղծ զղջու­մով։ Ա­նոյր փա՛ռքն է Իր սի­րոյ թե­ւե­րո­վը շրջա­պա­տել մար­դը՝ կա­պել ա­նոր վէր­քե­րը եւ ա­մէն ան­մաք­րու­թե­նէ սրբե՛լ զայն։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է որ շա­տեր կը սխա­լին. չեն հա­ւա­տար, որ Յի­սուս կը նե­րէ ի­րենց՝ անձ­նա­պէս, ան­հա­տա­պէ՛ս։ Ա­նոնք, դժբախ­տա­բար կը սխա­լին եւ չեն վստա­հիր Աս­տու­ծոյ եւ Իր խօս­քին։ Պայ­ման­նե­րը ըն­դու­նող­նե­րը միա՛յն գի­տեն, թէ ա­մէն մեղ­քի ձրիա­պէս թո­ղու­թիւն կը տրուի։ Ուս­տի մէկ­դի՛ պէտք է ը­նէ այն կաս­կա­ծը, այն տա­րա­կոյ­սը, թէ Աս­տու­ծոյ խոս­տում­նե­րը ի­րեն չի պատ­կա­նիր որ­պէս մարդ, ան­հատ։

Մինչ­դեռ այդ խոս­տում­նե­րը, անխ­տիր, իւ­րա­քան­չիւր ա­պաշ­խա­րող օ­րի­նա­զան­ցի հա­մար են։

Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով զօ­րու­թիւն եւ շնորհք հայ­թայ­թուած են հրեշ­տակ­նե­րու ձեռ­քով հա­ղոր­դուե­լու ա­մէն մէկ հա­ւա­տա­ցեալ հո­գիի։ Ո՛չ ոք այն­քան մե­ղա­ւոր է՝ որ կա­րող ըլ­լայ զօ­րու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, մաք­րու­թիւն գտնել Յի­սու­սի մէջ՝ որ խա­չուե­ցաւ, զո­հուե­ցա՛ւ մեր ա­մէն­քին հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015