ՍԵՌԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Աներկբայելի, անուրանալի ճշմարտութի՛ւն է, որ ամուսնութիւնը կարելի է կայանալ միա՛յն երկու տարբեր, այսինքն՝ արական եւ իգական սեռի մէջ՝ այր մարդու եւ կին մարդու մէջ, քանի որ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է սերունդի շարունակականութիւնը ապահովել։ Եւ ասիկա բնականաբար կարելի է արուի եւ էգի, կամ մարդու եւ կնոջ յարակցութենէն։

Արդարեւ, Աստուած դրախտի մէջ ամուսնութիւնը հաստատեց Ադամի եւ Եւայի մէջ, այսինքն՝ արուի եւ էգի մէջ. (ԾՆՆԴ. Բ 21-24), եւ այդ կանոնը իբրեւ աստուածային օրէնք անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ քրիստոնէութիւն։ Քրիստոս վերհաստատեց հին օրէնքը ըսելով. «Չէ՞ք կարդացած թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք…» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4) եւ (ՄԱՐԿ. Ժ 6). նոյն օրէնքը հաստատեցին նաեւ առաքեալները. (ԵՓԵՍ. Ե 25-32), (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 1-2)։

Այս իսկ պատճառով, Եկեղեցին ընդունելով ամուսնութիւնը իբրեւ սրբազան խորհուրդ՝ անհրաժե՛շտ պայման կը սահմանէ կատարել ամուսնութիւնը միա՛յն արուի եւ էգի, այսինքն՝ այր մարդու եւ կին մարդու մէջ։ Եւ այս Աստուածասահման օրէնքը բնութեան ընդհանուր կանոնն է՝ բոլոր էակներ կրնան շարունակել իրենց սերունդը արու եւ էգի զուգակցութեամբ։ Եւ նոյն կանոնը ի զօրու է նաեւ ամէն տեսակ բոյսերու համար՝ օդի շարժողութիւններու միջնորդութեամբ։ Եւ անշուշտ, այս բնական օրէնքը աւելի եւս գործադրելի է մարդու նկատմամբ։

Արդարեւ, մարդկային պատմութեան ընթացքին բոլոր ազգերու օրէնքները թոյլ տուած են ամուսնութիւնը միա՛յն այր մարդու եւ կին մարդու մէջ, եւ ոչ երբեք երկու մարդու կամ երկու կնոջ մէջ։ Միայն հռովմէական կայսրերէն Ներոնը տուաւ աշխարհին միակ եւ զազրելի օրինակը ամուսնութեան՝ բոլորովին հակառա՛կ բնական եւ մարդկային օրէնքին. ան հանդիսաւոր կերպով «պսակուեցաւ» հռովմէական օրէնքի կարգով եւ ծէսով Սպօտուս անուն երիտասարդի հետ. (Lustitutes du droit l'anonique, par Lancelot de Pérouse, traduites et expliquées par Durant de Mall'lane, Lyon, 1770)։ Բայց այսպիսի պսակը երբեք կարելի չէ՛ «ամուսնութիւն» համարել, այլ՝ անառակութի՛ւն։

Հայ ազգը հեթանոսութեան շրջանին կը հետեւէր բնական օրէնքին եւ կը ճանչնար միայն մէկ տեսակ ամուսնութիւն արուի եւ էգի մէջ, իսկ քրիստոնէութեան ժամանակ բնական օրէնքի հետ միասին ան սկսաւ հետեւիլ ե՛ւ դրական օրէնքին։

Իբրեւ ընդհանուր սկզբունք եւ կանոն՝ որ Հայ պետութիւնը Եկեղեցիին է թողած առհասարակ ամուսնութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւնը՝ որ ներկայ հարցին մասին եկեղեցական կանոնը ունէր պետական օրէնքի զօրութիւն։ Իսկ Հայ Եկեղեցին համաձայն Սուրբ Աւետարանին եւ առաքեալներու նամակներուն, ամուսնութիւնը կը թոյլատրէ միա՛յն այր մարդու եւ կին մարդու մէջ։

Ուստի Մաշտոց գիրքը պսակի կանոնին կ՚ըսէ. «Ապա քահանան հարսին աջ ձեռքը Փեսային աջ ձեռքը կու տայ, ըսելով.- Երբ Աստուած Եւայի ձեռքը Ադամի աջ ձեռքը տուաւ…», ուրեմն միա՛յն հարսը եւ փեսան, այսինքն՝ արուն եւ էգը կարող են պսակուիլ։ Նոյնը կը կրկնեն եւ մեր հայրապետներու կանոնները. զոր օրինակ՝ Ս. Սահակի 27-րդ կանոնը կը պատուիրէ անչափահասներու՝ որ չպսակադրուին։ Իսկ Ներսէս Շնորհալի կ՚արգիլէ առանց յօժարութեան այր եւ կինը պսակել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024