ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՑԱՒԱՌԻԹ ԱԽՏԸ

Ա­տե­լու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ու­րիշ մո­լու­թիւն­նե­րու, զոր օ­րի­նակ՝ խա­բէու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. «Ա­տո­ղը իր շրթունք­նե­րը կը կեղ­ծէ ու սրտին մէջ նեն­գու­թիւն կը պա­հէ։ Ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն մի՛ հա­ւա­տար, քա­նի որ ա­նոր սրտին մէջ եօ­թը զզուե­լի բան կայ։ Ան որ իր ա­տե­լու­թիւ­նը նեն­գու­թեամբ կը ծած­կէ, ա­նոր չա­րու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին մէջ պի­տի յայտ­նուի։ Փոս փո­րո­ղը ի՛նք մէ­ջը պի­տի իյ­նայ եւ ան որ քար կը գլո­րէ՝ ի­րեն պի­տի դառ­նայ։ Ստա­խօս լե­զուն զինք ծե­ծող­նե­րը, իր ծե­ծած­նե­րը կ՚ա­տէ ու շո­ղո­քորթ բե­րա­նը կո­րուստ կը յա­ռա­ջաց­նէ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԶ 24-28)։­

Եւ ի­րա­պէս կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ՝ թէ ստե­լու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ կը դառ­նայ են­թա­կա­յին, եւ վնա­սուո­ղը ո՛չ թէ ա­տե­լու­թեան ա­ռար­կայ ե­ղո­ղը, այլ՝ ի՛նք, ա­տո­ղը կ՚ըլ­լայ։ Ը­սենք՝ ա­տե­լու­թիւ­նը կրակ մըն է՝ որ ի վեր­ջոյ, զայն կրո­ղը կ՚այ­րէ։ Եւ դար­ձեալ, ա­տե­լու­թիւ­նը ու­տիճ մը, ցեց մըն է՝ որ ինք­զինք կ՚ու­տէ, կ՚ոչն­չաց­նէ։

Ա­տե­լու­թիւ­նը՝ կեան­քը կը դառ­նաց­նէ, կը դժուա­րաց­նէ եւ ան­տա­նե­լի կ՚ը­նէ, եւ ինչ­պէս դար­ձեալ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ. «Ա­ւե­լի ա­ղէկ է սէր ե­ղած տե­ղը խո­տե­ղէն կե­րա­կու­րը, քան թէ գէր զուա­րա­կը՝ ա­տե­լու­թիւն ցա­նուած ա­պա­րան­քը» (Ա­ՌԱԿ. ԺԵ 17)։­

Ուս­տի ա­տե­լու­թիւ­նը ցաւ պատ­ճա­ռող հի­ւան­դու­թիւն մըն է՝ որ կը տա­ռա­պեց­նէ ախ­տա­ւո­րը…։

Ա­տե­լու­թիւ­նը կռի­ւի ա­ռիթ կու տայ՝ փո­խա­նակ բա­րե­կա­մու­թեան՝ թշնա­մու­թիւն կը ստեղ­ծէ։ «Ա­տե­լու­թիւ­նը կռիւ­ներ կը հա­նէ, բայց սէ­րը ա­մէն յան­ցանք կը ծած­կէ» (Ա­ՌԱԿ. Ժ 12)։ Ու­րեմն հարց­նենք դար­ձեալ՝ ին­չո՞ւ հա­մար ա­տե­լու­թեան կը հե­տամ­տին մար­դիկ երբ կա՛յ սէ­րը, ին­չո՞ւ հա­մար չա­րին կը հե­տե­ւին երբ կը գտնուի բա­րին։ Կար­ծեմ Յի­սուս կը պա­տա­խա­նէ այս հար­ցու­մին, երբ կ՚ը­սէ.

«Նեղ դռնէն ներս մտէ՛ք. վասն­զի լայն է այն դու­ռը ու ըն­դար­ձակ՝ այն ճամ­բան, որ դէ­պի կո­րուստ կը տա­նի եւ շատ են ա­նոնք՝ որ ան­կէ կը մտնեն։ Քա­նի որ նեղ է այն դու­ռը եւ նե­ղուացք է այն ճամ­բան, որ դէ­պի կեանք կը տա­նի եւ քի­չեր են ա­նոնք որ զա­նի­կա կը գտնեն» (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։

­Մար­դիկ միշտ լայն ճամ­բան, դիւ­րին ճամ­բան կը նա­խընտ­րեն, բայց չեն գի­տեր, որ այդ դու­ռը բա­ցուած է նե­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ճամ­բու մը՝ որ զի­րենք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի կո­րուստ եւ խա­ւա՛ր։

Ուս­տի Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ, թէ ա­տե­լու­թիւ­նը մարմ­նի գոր­ծե­րէն է. «Արդ մարմ­նի գոր­ծե­րը յայտ­նի են, ո­րոնք՝ պղծու­թիւն… թշնա­մու­թիւն­ներ, կռիւ­ներ, նա­խանձ, բար­կու­թիւն, հա­կա­ռա­կու­թիւն, երկ­պա­ռա­կու­թիւն, բա­ժա­նում… այս­պի­սի բա­ներ գոր­ծող­ներ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը պի­տի չժա­ռան­գեն… բայց հո­գիին պտու­ղը այս է. սէր…» (ԳԱ­ՂԱՏ. Ե 19-22)։ Ինչ­պէս ը­սինք՝ թշնա­մու­թիւն, կռիւ, նա­խանձ, ե­ւայլն, ընդ­հան­րա­պէս հե­տե­ւանք են ա­տե­լու­թեան եւ կամ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ա­տե­լու­թիւ­նը շար­ժա­ռիթն է այս մո­լու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներ եւ թե­րու­թիւն­ներ են՝ մար­դուն մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան էու­թեան պատ­կա­նող։ Հո­գին չու­նի այս մո­լու­թիւն­նե­րը, բայց մար­մի­նը կ՚ազ­դէ հո­գիին եւ ծանր կը կշռեն ա­նոր գոր­ծե­րը մար­դուս կեան­քին մէջ։ Ա­հա­ւա­սիկ այս է մարմ­նի եւ հո­գիի ան­վերջ պայ­քա­րը, որ է՝ չա­րին ու բա­րիին, մեղ­քին եւ սրբու­թեան տե­ւա­կան պայ­քա­րը։

«Ե­թէ մեր սրտե­րը մեզ մե­ղադ­րեն, մենք գի­տենք թէ Աս­տուած մեր սրտե­րէն մեծ է եւ ա­մէն բան գի­տէ։ Սի­րե­լի­նե՛ր, ե­թէ մեր սրտե­րը մեզ չմե­ղադ­րեն, այն ա­տեն հա­մար­ձա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նանք Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ կե­նա­լու» (Ա. ՅՈՎՀՆ. Գ 20-21)։­

Այս ալ կը նշա­նա­կէ, թէ մարմ­նի եւ հո­գիի պայ­քա­րէն յաղ­թա­կան ել­լել՝ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յա­նա­լու կամ Ան­կէ հե­ռա­նա­լու պատ­ճառն է։ Ե­թէ այդ պայ­քա­րէն մար­մի­նը յաղ­թա­կան ել­լէ՝ Աս­տուծ­մէ կը հե­ռա­նայ մարդ, իսկ ե­թէ հո­գին յաղ­թա­կան գայ՝ Աս­տու­ծոյ կը մօ­տե­նայ ան։

«Ով որ կ՚ը­սէ՝ թէ ինք լոյ­սի մէջ է, եւ իր եղ­բայ­րը կ՚ա­տէ, ա­նի­կա տա­կա­ւին խա­ւա­րի մէջ է։ Մինչ­դեռ իր եղ­բայ­րը սի­րո­ղը լոյ­սի մէջ կը մնայ եւ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ չի դառ­նար։ Իր եղ­բայ­րը ա­տո­ղը, ընդ­հա­կա­ռա­կը, խա­ւա­րի մէջ է, խա­ւա­րի մէջ կը քա­լէ եւ չի՛ գի­տեր ո՛ւր կ՚եր­թայ, քա­նի որ խա­ւա­րը կուր­ցու­ցեր է իր աչ­քե­րը» (Ա. ՅՈՎՀՆ. Բ 9-11)։­

Ա­տե­լու­թիւ­նը չա­րե­րու գոր­ծիքն է եւ չա­րու­թիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տեն ա­մե­նէն շատ ա­տե­լու­թեան մի­ջո­ցո­վ։

«Ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կին մենք ալ ան­միտ էինք, Աս­տու­ծոյ անհ­նա­զանդ, եւ մո­լո­րած։ Պէս-պէս ցան­կու­թիւն­նե­րու եւ ա­նա­ռակ հա­ճոյք­նե­րու գե­րի՛ն դար­ձած՝ կ՚ապ­րէինք չա­րու­թեամբ ու նա­խան­ձով, ա­տե­լի էինք ու­րիշ­նե­րուն եւ կ՚ա­տէինք ի­րար» (ՏԻ­ՏՈ­ՍԻՆ Գ 3)։

­Մարդ երբ չար է եւ չա­րու­թեամբ կը գոր­ծէ, ան ի­րա­պէ՛ս գե­րի՛ն է ա­տե­լու­թեան ո­գիին, եւ շրջա­պա­տուած՝ ա­տե­լու­թիւն­նե­րով։ Ուս­տի ա­տե­լու­թեան ո­գին երկ­կող­մա­նի կը գոր­ծէ՝ մարդ ա­տե­լի կ՚ըլ­լայ իր գոր­ծե­րով եւ կը սկսի ա­տել, եւ երբ սկսի ա­տել՝ ա՛լ ա­ւե­լի՛ կ՚ըլ­լայ զինք ա­տող­նե­րու թի­ւը։ Այս­պէս կ՚ա­ճի ու կը բազ­մա­նայ ա­տե­լու­թիւ­նը՝ ախ­տի մը նման, ցա­ւա­ռիթ ախ­տի մը եւ վա­րա­կիչ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեան մը պէս։ Ու­րիշ խօս­քով մարդ երբ կ՚ա­տէ՝ ա­տե­լի՛ կ՚ըլ­լայ։ Եւ այս­պէս, ա­տե­լու­թիւ­նը կը տա­րա­ծուի մար­դոց մէջ՝ սէ­րը հետզ­հե­տէ կը պակ­սի եւ ա­տե­լու­թիւ­նը կը տի­րա­պե­տէ…։

Այս­պէս չէ՞ մեր կեան­քը։ Նա­յե­ցէք, ա­տե­լու­թիւ­նը ա­ւե­լի շատ է, ա­ւե­լի տա­րա­ծուած քան սէ­րը։ Կար­ծես սէ­րը բա­ցա­ռու­թիւն մըն է, եւ երբ մէ­կը կը սի­րէ, սէ­րը կ՚ար­տա­յայ­տէ՝ իր շուր­ջին­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ եւ գնա­հա­տան­քի կ՚ար­ժա­նա­նայ։ Մինչ­դեռ սէ­րը, սի­րե­լը բնա­կան է եւ սո­վո­րա­կա՛ն։ Նա­յե­ցէ՛ք դար­ձեալ ձեր շուր­ջը՝ կար­ծես զի­րար սի­րող­ներ մա­տով համ­րուե­լու չափ՝ թի­ւով քիչ են. ե­րեք հո­գիէն եր­կու­քը զի­րար կ՚ա­տեն, կը նա­խա­տեն, կը բամ­բա­սեն, իսկ սէ­րը կը մնայ այն մէ­կուն՝ որ ան ալ սի­րե­լիք մարդ չի կրնար գտնել եւ այս­պէս, հետզ­հե­տէ կը պակ­սի սէ­րը։ Մինչ­դեռ սէ­րը՝ սի­րե­լով կ՚ա­ճի։ Եւ երբ մարդ չսի­րէ, սէ­րը հետզ­հե­տէ կը ցամ­քի, կը սպա­ռի եւ ի վեր­ջոյ կ՚ա­նէա­նայ, կը կոր­սուի՜…։ Եւ ե­թէ մար­դիկ կ՚ու­զեն, որ սէ­րը տի­րա­կան ըլ­լայ փո­խա­նակ ա­տե­լու­թեան, պէ՛տք է սի­րեն զի­րար, ար­տա­յայ­տեն ի­րենց սէ­րը, ար­գելք պէտք է հան­դի­սա­նան ա­նոր հետզ­հե­տէ սպառ­ման եւ սէ­րը սնու­ցա­նեն սի­րո՛վ եւ սի­րե­լով։

Ա­տե­լու­թեան ո­գին ցաւ կը պատ­ճա­ռէ, բայց մարդ չ՚անդ­րա­դառ­նար, տա­րուած՝ կը շա­րու­նա­կէ ա­տել, եւ երբ անդ­րա­դառ­նայ՝ ար­դէն սէ­րը հե­ռա­ցա՜ծ է եւ կրկին գտնել՝ շա՜տ դժուար…։

Ա­սոր հա­մար հի­մա՛, սա պա­հուս, ա­ռա՛նց տա­տամ­սե­լու, ա­ռա՛նց վա­րա­նե­լու թո­ղո՛ւնք ա­մէն ա­տե­լու­թիւն, թօ­թա­փենք մեր վրա­յէն ա­տե­լու­թեան չա­րա­բա­րոյ եւ չա­րա­գու­շակ ո­գին եւ սի­րենք մեր նման­նե­րը՝ մեր շուր­ջին­նե­րը՝ սկսե­լով մեր ա­մե­նա­մօտ­ե­րէն, սի­րենք բո­լոր մար­դի­կը անխ­տիր՝ սի­րով լե­ց-ւինք, սի­րով լեց­նենք աշ­խար­հը, սի­րով շա­ղուենք կեան­քե­րը եւ ա­ռիթ չտա՛նք ա­տե­լու­թեան չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, հետզ­հե­տէ ա­ճեց­նենք սէ­րը՝ սնու­ցա­նե­լով զայն սի­րով եւ սի­րոյ տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տա­րա­ծենք ա­մէ­նու­րեք…։

Դո՛ւք, սի­րե­լի­նե՜ր, կա­րո՛ղ էք ը­նե­լու այս բո­լո­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 28, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015