ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

Լերան քարոզը (ՄԱՏԹ. Ե 3-12, ՂՈՒԿ. Զ 20-23), Յիսուս Քրիստոսի խորհրդաւոր պատգամախօսութիւնը՝ Անոր քարոզչութեան սկիզբին, անապատի փորձութենէն յետոյ, այն խօսքն է, որ Ան խօսեցաւ Իր աշակերտներուն, լերան վրայ։

Արդարեւ, Լերան քարոզը շատերուն ծանօթ քարոզ մըն է՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ խօսուած։ Շատ ծանօթ բառեր են. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անոնցն է, երանի՜ հեզերուն… երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն… եւ այլն։ Լերան քարոզը երեք գլուխներէ կը բաղկանայ. ՄԱՏԹ. Ե-Զ-Է գլուխները եւ Յիսուս կը խօսի շատ մը նիւթերու մասին՝ ցոյց տալով, թէ Աստուծոյ պատուիրանքները առաւելաբար սրտի եւ մտքի հարց մըն է, քան թէ պարզապէս շարք մը օրէնքներու հետեւիլ։

Մատթէսոսի Աւետարանին 7-րդ գլխուն մէջ Լերան քարոզը իր գագաթնակէտին կը հասնի։ Այդ գագաթնակէտը կը տեսնուի 13-14 համարներուն մէջ։ Մնացեալը՝ քարոզին յաջորդ համարները պարզապէս այս երկու համարներուն ընդլայնումն է։ Այս երկու համարները. «Նեղ դռնէն ներս մտէք, որովհետեւ լայն է այն դուռը եւ ընդարձակ այն ճամբան՝ որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Նեղ է այն դուռը եւ նեղուածք է այն ճամբան՝ որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։

Այս գրգռիչ յայտարարութիւն մըն է Տիրոջ կողմէ։ Այդ կէտն է, որ Ան ուզեց շեշտել Իր հիանալի՜ քարոզին առաջին մասին մէջ, սկսելով 5-րդ գլուխէն։ Բոլոր քարոզը Ան բերաւ որոշումի մը գագաթնակէտին՝ 13-14 համարներուն մէջ։ Ան «երկու դուռներու մասին կը խօսի, ունկնդիրը բերելով երկու դուռներու առջեւ, որ կ՚առաջնորդէ դէպի երկու տարբեր կայաններ, բնակուած երկու տարբեր ժողովուրդներու կողմէ։

Տէրը իր ըսելիքը կը կեդրոնացնէ անխուսափելի որոշման մը վրայ, որ պիտի առնուի, այն ինչ որ Ինք արդէն խօսած էր Լերան քարոզին մէջ։ Իրաւամբ մէկը ըսած է, թէ մարդուն բոլոր կեանքը կը դառնայ անդադար որոշումներ առնելու կեանք մը։

Ամէն օր որոշումներ կ՚առնենք, ընտրութիւններ կ՚ընենք։ Կ՚որոշենք ե՞րբ պիտի արթննանք, ուտե՞նք, երթա՞նք եւ թէ ի՞նչ պիտի ընենք։ Կեանքի ամբողջ տեւողութեան մեր ճամբաները կ՚ընտրենք։ Որով արդար է ըսել, թէ կեանքը կը նմանի մարդու մը, որ խաչմերուկներու առջեւ կանգնած է։ Վերջնականապէս եւ անխուսափելիօրէն, կայ որոշում մը, որ դուն պէտք է առնես քու յաւիտենականութեանդ նկատմամբ։ Տէրը այդ որոշման մասին կը խօսի ՄԱՏԹ. Է 13-14 համարներուն մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024