Պարզաբանումներ՝ VADİP-ի դռնփակ ժողովին մասին

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը ե­րէկ փայ­լա­տա­կեց «Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թի ճա­կա­տին։ Ի՜նչ մեծ պա­տիւ մե­զի հա­մար։ Ե­րե­ւա­կայ­եցէք, երկ­րի սրտին վրայ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում պա­տա­հեր է, սա­կայն ա­լե­հեր խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան յար­մար դա­տեր է իր թեր­թին ճա­կա­տը յատ­կաց­նել մե­զի։ Զգա­ցո­ւած ենք. այն աս­տի­ճան, որ չենք ու­զեր թո­ղուլ ա­նար­ձա­գանգ։

Մեր տե­սան­կիւ­նէն, իս­կա­պէս, մե­ծա­գոյն տխրու­թիւն է՝ ա­մէն ան­գամ յա­մա­ռօ­րէն Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեա­նի ան­ձին մէջ ջա­նալ տես­նել դրա­կա­նը, փոր­ձել գտնել բա­նի­մաց պաշ­տօ­նա­կի­ցը, ան­կեղծ լծա­կի­ցը, սա­կայն այդ բո­լո­րէն վերջ միշտ ըլ­լալ յու­սա­խաբ։ Մե­զի հա­մար իս­կա­պէս ցա­ւա­լի է՝ պար­տա­ւո­րուիլ պա­տաս­խա­նել ին­ն­սուն­ամեա­կը թե­ւա­կո­խած խմբագ­րի մը, ո­րու նկատ­մամբ կը ջա­նանք պա­հել մեր յար­գան­քը, ո­րու պա­րա­գա­յին ու­շա­դիր կ­՚ըլ­լանք մարդ­կա­յինն ու գա­ղա­փա­րա­կա­նը զա­տո­րո­շե­լու, բայց ափ­սոս, որ եր­բեք չ՚ար­դա­րա­նար մեր այդ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը։ Ին­քը միշտ կ­՚ու­նե­նայ այն թիւր տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ի­րեն նկատ­մամբ պաշ­տօ­նակ­ցի մը կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւ­նը տկա­րու­թեան մը դրսեւո­րումն է։ Մեր գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­նե­րուն ո՛վ գի­տէ քա­նի վէ­ճի, գրչա­պայ­քա­րի ա­ռի­թով ան պար­տա­ւորո­ւած է ի վեր­ջոյ լռե­լու, բայց կ­՚անց­նի մի­ջոց մը եւ դար­ձեալ կը փոր­ձուի։ Կա՞րճ յի­շո­ղու­թիւն, թէ ոչ անզս­պե­լի բնա­ւո­րու­թիւն...

Օր­թա­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րու­թեան մի­ջեւ ծա­գած վէ­ճը ծա­նօթ է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն։ Որ­պէս թեր­թի խմբա­գիր՝ Հատ­տէ­ճեան կրնար այս ի­րա­դար­ձու­թեան հե­տե­ւիլ «դուր­սի» աչ­քով կամ ե­թէ նոյ­նիսկ կողմ ըլ­լա­լու ձգտու­մը ու­նէր, ա­պա կրնար ա­ւե­լի հա­ւա­սա­րակշ­ռուած մօ­տե­նալ հար­ցին։ Բայց ո՜չ, այդ­պէս չէ, ան ա­մէն ինչ կը մոռ­նայ եւ բնա­կան հա­մա­խոհ կը հա­մա­րէ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք տա­րա­կար­ծու­թիւն մը կ­՚ու­նե­նան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին հետ։ Ին­չո՞ւ այս մա­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջին պա­րա­գա­յին ալ նոյն ծի­ծա­ղե­լի վի­ճակն է։ Ան չէ կրցած զսպել ինք­զի­նքը եւ թէ իր շրջա­պա­տը՝ ա­կա­մայ դա­շինք մը կազ­մե­լով թեր­թիս դէմ՝ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի հետ։ Սա՞ է ա­ռա­քե­լու­թեան նկատ­մամբ գի­տակ­ցու­թիւ­նը, կոչ­ման նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը այս հա­մայն­քին առ­ջեւ։

Ծա­նօթ է, որ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) նա­խըն­թաց օր գու­մա­րեց դռնփակ ժո­ղով մը՝ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի փա­փա­քով։ Օր­թա­գիւղի ա­տե­նա­պե­տը միա­կող­մա­նի հա­մայ­նա­պատ­կեր մը ներ­կա­յա­ցուց այն­տեղ։ Այդ մէ­կը տուեալ պայ­ման­նե­րուն մէջ հասկ­նա­լի է, բայց ի՞նչ ը­սել «Մար­մա­րա»ի ե­րէ­կուան նոյն­քան միա­կող­մա­նի «լրա­տուու­թեան» հա­մար։ Հատ­տէ­ճեան ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ իր թեր­թին մօ­տե­ցու­մը Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ նոյ­նաց­նե­լով։ Կ՚ար­ժէ՞ ա­ռա­ջին է­ջի վրայ պա­տուի­րո­ւած, քառորդ էջ ծա­ւա­լով ազ­դի մը հա­մար «Մար­մա­րա» թեր­թը վե­րա­ծել ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թեան լծա­կի մը։ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեա­նի հա­մար՝ որ­պէս ո­լոր­տի մարդ, ինչ­պէ՞ս է, որ այդ­քա՛ն դիւ­րին, այդ­քա՛ն ա­ժան է զրպար­տել թերթ մը՝ «ան­հիմն» լու­րեր հա­ղոր­դե­լով։ Մե­զի հա­մար մե­ծա­գոյն ցաւ մըն է այս վեր­ջին տա­րի­քին ի կարգ հրա­ւի­րել Հատ­տէ­ճեա­նը եւ ի­րեն յի­շեց­նել՝ որ չյանդգ­նի այդ­պի­սի ո­րակում­ներ տա­լու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հրա­պա­րա­կում­նե­րուն հա­մար։ «Alemi nasıl bilirsin, kendin gibi...», կ­՚ը­սէ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը, իսկ մեր թեր­թի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ժո­ղո­վա­ծու­նե­րուն մէջ, սպի­տա­կի վրայ սե­ւով ար­ձա­նագ­րուած են իր տխուր պատ­մու­թիւն­նե­րը, «մազ­պա­թա»նե­րու գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Ան­հեր­քե­լի, ան­վի­ճե­լի... Լա՛ւ, անց­նինք ա­ռաջ։

«Մար­մա­րա»ի ե­րէ­կուան ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թեան լոյ­սին տակ հարկ է ար­ձա­նագ­րել հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.

1- Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան հա­մար Օր­թա­գիւ­ղի կող­մէ կա­տա­րուած կամ նա­խա­տե­սուած օ­ժան­դա­կու­թեան լսում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօզ մեր­ժած է մեր իսկ կող­մէ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած հերք­ման պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Ան բնա­կա­նա­բար այ­սօր կ­՚ու­րա­նայ այդ հան­գա­ման­քը։ Բայց Հատ­տէ­ճեա­նի նպա­տա­կը ի՞նչ է՝ Շահ­ինկէօ­զը յա­մա­ռօ­րէն որ­պէս տու­ժած կողմ ներ­կա­յաց­նե­լու ձգտման մէջ։

2- Շա­հին­կէօզ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի դէմ հրահ­րել փոր­ձած է՝ փոր­ձա­քա­րի առ­ջեւ կանգ­նեց­նել ջա­նա­լով VADİP-ի զօ­րակ­ցու­թեան հար­թակ մը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ Մի­թէ այդ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ան կը պատ­կե­րաց­նէ՞ որ­պէս այս հա­մայն­քի ա­զատ մա­մու­լին դէմ ոտնձ­գու­թեան ա­ռիթ։ Շա­հին­կէօ­զի այդ հար­թա­կին վրայ ու­նե­ցած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը չա­փե­լու հա­մար կայ շատ ա­ռար­կա­յա­կան չա­փա­նիշ մը։ Ան, հա­կա­ռակ իր բուռն փա­փա­քին, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այս հա­մայն­քին կող­մէ թեկ­նա­ծու ցոյց չտրուե­ցաւ՝ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կայացու­ցիչ ընտ­րո­ւե­լու հա­մար։ Այ­սօր, մեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն դի­մաց այն­պի­սի խու­ճա­պի մը մատ­նուած է, որ այդ նոյն VADİP-ին վրայ յոյ­սեր կը դնէ։ «Denize düşen yılana sarılır!»։­

Ա­ւե­լի­՛ն, VADİP-ի շրջա­նակ­նե­րը չեն թաքց­ներ, որ Շա­հին­կէօզ չա­փա­զանց նեղսր­տած է՝ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց  վա­քըֆ­նե­րու հան­դիպ­ման հրա­ւի­րո­ւած չըլ­լա­լուն բե­րու­մով։ Ան վրդո­ված է, որ մեր հա­մայն­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած են Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։ Ինք­զին­քը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեր է այն­տեղ։ Հե­տեւա­բար, ան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը պատ­րուա­կե­լով ու­զած է իբ­րեւ թէ ու­ժի ցոյց մը ը­նել VADİP-ի մօտ։

Մենք վստահ ենք, որ Շա­հին­կէօզ մի­ջոց մը վերջ պի­տի դառ­նայ ա­ւե­լի պա­ղա­րիւն, մեր նպա­տա­կը չէ զին­քը վի­րա­ւո­րել։ Բայց մե­զի հա­մար ան­հասկ­նա­լի է, որ Հատ­տէ­ճեան ին­չո՞ւ կը քա­ջա­լե­րէ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ մա­մու­լը կաշ­կան­դե­լու ուղ­ղեալ մտայ­նու­թիւն­նե­րը։ Իր աղ­բիւր­նե­րը պա­կա՞ս տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած են ի­րեն, թէ ոչ ան դի­տում­նա­ւոր ձե­ւով կը պղտո­րէ հան­րու­թեան միտ­քը։

3- Ճիշդ է, որ VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին մենք պա­հան­ջած ենք, դի­մած ենք՝ որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նենք Շա­հին­կէօ­զի պնդում­նե­րուն։ Ան­շուշտ, շատ լաւ գի­տէինք, թէ ըն­թացք պի­տի չտրո­ւէր։ Սա մեր կող­մէ մար­տա­վա­րա­կան քայլ մըն էր այն­տեղ։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու բա­րի ե­ղաւ եր­կու ան­գամ յի­շեց­նել մեր այդ պա­հան­ջը։ Մերժո­ւե­ցաւ մեր այդ պա­հան­ջը եւ սա լա՛ւ էր մեր տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­դա­րեւ, ինք­նա­բե­րա­բար յայտ­նի դար­ձաւ Շա­հին­կէօ­զի ինք­նավս­տա­հու­թեան պա­կա­սը։ Ինք­նա­բե­րա­բար ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, որ ան ի վի­ճա­կի չէ պաշտ­պա­նե­լու իր տե­սա­կէ­տը։ Այն­տեղ ի յայտ ե­կաւ, որ ան կը փա­փա­քի միա­կող­մա­նի պնդում­նե­րով ու­ղեղ լուալ։ Իր խօս­քին հա­ւաս­տիու­թիւ­նը մնաց հար­ցա­կա­նի տակ։ Ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ իր տկա­րու­թիւ­նը։ Սա իր ձա­խող­ման հաս­տա­տումն էր։ Աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ քննար­կում կամ ար­ժե­ւո­րում վա­ւե­րա­կան չի հա­մա­րո­ւիր, ե­թէ հար­ցի մը բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րը չըլ­լան սե­ղա­նի վրայ կամ հա­մա­կող­մա­նի տուեալ­ներ չըլ­լան մար­դոց առ­ջեւ։ Մեր պա­հան­ջին մեր­ժու­մը փաս­տեց, որ Շա­հին­կէօ­զի որ­դեգ­րած աղմ­կա­րար գի­ծը մատ­նուած է փա­կու­ղիի։ Իսկ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան, որ­պէս մամ­լոյ մարդ, ինչ­պէ՞ս կը դիր­քա­ւո­րուի պա­տաս­խա­նի ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւուն­քին դի­մաց... Սա կը մնայ հան­րու­թեան խղճի դա­տո­ղու­թեան։

4- «Մար­մա­րա»ի ե­րէ­կուան զա­ւեշ­տա­լի գրու­թեան մէջ թարգ­մա­նա­բար մէջ­բե­րուած էր Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հաս­ցէագ­րուած մեր թրքե­րէն քննա­դա­տու­թե­նէն ա­նա­նուն ակ­նար­կու­թիւն մը։ Գրու­թեան մէջ այդ ակ­նար­կու­թիւ­նը վե­րագ­րուեր է Հատ­տէ­ճեա­նին։ «Yarası olan gocunur», կ՚ը­սուի ժո­ղո­վուր­դին մօտ նման պա­րա­գա­նե­րով։ Դրուա­տի­քով նշուեր է նաեւ, թէ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօզ պաշտ­պա­նած է Հատ­տէ­ճեա­նը։ Մեր այդ գրու­թեան վրա­յէ­ն ան­ցած էր եր­կար ա­տեն։ Փո­խա­նակ այդ­քան եր­կար համ­բե­րե­լու եւ խու­ճա­պա­հար Շա­հին­կէօ­զին ե­տին թաք­նուե­լու՝ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան չէ՞ր կրնար ու­նե­նալ ինքն իսկ պա­տաս­խա­նե­լու քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը։ Մտա­ւո­րա­կա­նի հո­վեր ա­ռած մար­դիկ մի­թէ պէտք չէ՞ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ հան­դէս գան՝ որ­պէս ա­ւե­լի ու­րոյն գոր­ծօն։ Շա­հին­կէօ­զի նպա­տա­կը ար­դէն իր վի­ճա­կը փրկելն էր։ Իր­մէ ի՞նչ օ­գուտ Հատ­տէ­ճեա­նին, բա­ցի ան­շուշտ տուած ազ­դե­րէն։

5- VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նուե­ցան թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ։ Յար­գանք պէտք է ու­նե­նալ, սկզբուն­քօ­րէն, բո­լո­րի մօ­տե­ցում­նե­րուն նկատ­մամբ։ Այն­տեղ հա­ւա­քուած վար­չա­յին­նե­րուն ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան, ա­զատ խղճէն բխած խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը հա­շուի պէտք է առ­նուին որ­պէս ամ­բողջ մը։ Բայց ոչ, «Մար­մա­րա» միայն իր տե­սան­կիւ­նէն նա­խընտ­րե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը մատ­նան­շած է իբ­րեւ թէ լրա­տուու­թեան մէջ։ Սա ակն­յայտ ա­ղա­ւա­ղում է, նեն­գա­փո­խուած հա­ղորդում­նե­րով Հատ­տէ­ճեան չի կրնար խա­բել այս հա­մայն­քը։

VADİP-ի ժո­ղո­վը նա­խա­տե­սուած էր դռնփակ։ Ա­յո՛, եւ այս կար­գադ­րու­թիւ­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ու­նէր ձե­ւա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ա­ռա­ջի­նը՝ հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը յար­մար դա­տած էր ըն­դա­ռա­ջել Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի փա­փա­քին, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վէ ա­նոր լից­քա­թա­փուի­լը։ Երկ­րորդ՝ հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը այս­տեղ լու­ծած էր ու­րիշ հարց մը։ Շա­հին­կէօզ որ­պէս բո­ղոք վեր­ջին շրջան­նե­րուն չէր մաս­նակ­ցեր VADİP-ի ժո­ղով­նե­րուն։ Այս ան­գամ պար­տա­ւո­րուած էր եր­թա­լու, այդ ալ իր իսկ վար­կը փրկե­լու հա­մար։ Այս­պէ­սով, հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը ա­ռանց մեծ ջանք մը գոր­ծադ­րե­լու վար­պե­տօ­րէն չէզո­քա­ցուց իր բո­ղո­քը։ Եւ եր­րորդ՝ ժո­ղո­վէն վերջ հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը մե­զի տե­ղե­կա­ցուց, որ Շա­հին­կէօ­զի խօս­քե­րը ըն­կա­լուած են որ­պէս «անձ­նա­կան, մաս­նա­կի գան­գատ»։ Այ­սինքն VADİP հնա­րա­ւո­րինս մնա­ցած է իր բարձ­րու­թեան վրայ, մնա­ցած է անկողմ­նա­կալ եւ կան­խած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս վէ­ճի մը մթնո­լոր­տին խո­րա­նա­լը։

Հատ­տէ­ճեան ինչ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն ալ ստեղ­ծել փոր­ձէ՝ ճշմար­տու­թիւ­նը այն է, որ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ե­ղած են ա­նա­չառ եւ ի­րենց դիր­քը հե­տա­մուտ է հա­մայն­քէն ներս հա­մե­րաշ­խու­թեան։ Կողմ­նակ­ցա­կան ի­մաս­տով շօ­շա­փե­լի քայլ մը չէ առ­նուած այն­տեղ։ Հատ­տէ­ճեան թող փոր­ձէ միտք յոգ­նեց­նել, թէ իր հրահ­րած Օր­թա­գիւ­ղը ի՞նչ շա­հած է այն­տեղ։ Ուս­տի, ան սե­փա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար թող չթաքնուի Շա­հին­կէօ­զի ե­տին։ Թող քաջ ըլ­լայ եւ իր խօս­քը թող չդնէ ու­րի­շի բեր­նին մէջ։ Սա իս­կա­պէս ա­մօթ է, շատ ա­մօթ։ Պատ­կե­րը միա­կող­մա­նի ներ­կա­յաց­նե­լը, միայն ու միայն, ա­պա­ցոյցն է խո­ցե­լիու­թեան։

6- VADİP-ի դռնփակ ժո­ղո­վին շուրջ կայ նաեւ ուիշ ման­րա­մաս­նու­թիւն մը։ «Մար­մա­րա»ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը փոր­ձած է փակ նիս­տին ներ­թա­փան­ցել՝ ե­կե­ղե­ցիի մը թա­ղա­կա­նը ըլ­լա­լու պատրուա­կով։ Հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը հա­մո­զիչ չէ գտած այդ հան­գա­ման­քը, իսկ թա­ղա­կան-լրագ­րո­ղը պա­տաս­խա­նած է, որ ան­գամ մըն ալ իր վա­քը­ֆը չի ներ­կա­յա­նար VADİP-ի ժո­ղո­վին։ Հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դին կող­մէ ի­րեն տրուած է այն պա­տաս­խա­նը, թէ չեն պատ­րաս­տուիր տե­ղի տալ սպառ­նա­լիք­նե­րու։ Մնա­ցեա­լին մէջ, լաւ, հիմա շատ չխո­րա­նանք, ո­րով­հե­տեւ նիւ­թին հետ ուղ­ղա­կի կապ չու­նի եւ մենք մարդ­կայ­նօ­րէն մեծ ցաւ ապ­րած ենք մեր տե­սա­ծով։

Եզ­րա­կաց­նե­լով ը­սենք, թէ ներ­կայ դրու­թեամբ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը դադ­րե­ցու­ցած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին տուած ծա­նու­ցում­նե­րը։ Սա եւս ա­նի­րա­ւու­թեան, սնան­կու­թեան խոս­տո­վա­նու­թիւն մըն է։ Մա­մու­լին դէմ պատ­ժա­մի­ջոց գոր­ծադ­րե­լը միշտ ալ ինք­նաս­պա­ռու­մի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ ժո­ղո­վուր­դին մօտ։ Ար­դէն ա­ւե­լի ստեղ­ծա­գործ հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը ակն­կա­լել հնա­րա­ւոր չէ Շա­հին­կէօ­զէն։

Վեր­ջին խօսք մըն ալ Հատ­տէ­ճեա­նին... Մրցակ­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է պա­հել խաղի ըն­դու­նուած պայ­ման­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Այ­լա­պէս, փու­չիկ­նե­րը թէեւ աչ­քի հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռեն, սա­կայն գնդա­սե­ղի ծայ­րի թե­թեւ հա­րուա­ծով մը կ­՚ան­հե­տա­նան մեր տե­սա­դաշ­տէն։ Մենք ը­սենք նուա­զա­գոյ­նը եւ թող ինք հասկ­նայ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016