ՅԻՇԵԼՈՎ ՅԱՒԷՏ ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
Տարի մըն է անցեր արդէն։ Հոգելոյս Վարդան Օզինեան տարի մը առաջ ճիշդ այս օրերուն լքած էր մեզ։ Իր անվերադարձ մեկնումով արիւնած մեր սրտի վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Եւ ահա եկած է վրայ հասնիլ մահուան տարելիցը։
«Տարիները կ՚անցին կ՚երթան, Արա, չեք ալ զգար աշխատանքի հեւքին մէջ։ Միջոց մը վերջ միայն հետզհետէ կ՚անդրադառնաք, որ կը դանդաղիք...»։
Իրմէ մնացած, մեր սրտին մէջ պահուած աւանդի յատկանշական արտայայտութիւններէն մին է այս մէկը։ Թէ ինչո՞ւ... Արդարեւ, իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը կ՚ենթադրէր կատարելապաշտութիւն ամէն ինչի մէջ։ Շարունակ կը քննէր ինքզինքը, ինքնաքննադատութեան հետամուտ էր։ Կատարելապաշտութիւնով հանդերձ, հաշտ էր իրականութեան հետ։ Դանդաղելու պարագան կը նկատէր, բայց չէր ընդվզեր անոր դէմ։ Սա իրեն համար լոկ տուեալ մըն էր՝ իր ժամանակը դասաւորելու եւ գործերը հասցնելու ճանապարհին ժամկէտները ճիշդ հաշուարկելու համար։
Կեդրոնականի հպարտ սան, սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորական Վարդան Օզինեան կը մարմնաւորէր անկրկնելի կերպար մը։ Գիտնական, դիւանագէտ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ... Կարելի է թուարկել շա՛տ երկար։ Իր ապրած ինն տասնամեակը արժեւորած էր լի ու լի։ Բազում մասնագիտութիւններ, զբաղումներ եւ տակաւին արտադրանք, ձեռքբերումներ խտացուցած էր անոր մէջ։
Իր իսկ բանաձեւումով՝ «համալսարանէ համալսարան» աճապարելու ընթացք մը եղած էր կեանքը։ «Համալսարանէ համալսարան» կենցաղ մը, «համալսարանէ համալսարան» մտածելակերպ մը եւ ի վերջոյ «համալսարանէ համալսարան» որոնում մը։ Աւելի՛ն, «համալսարանէ համալսարան» հասնելու վերանորոգ եռանդը միշտ կը պարփակէր Կեդրոնականի նկատմամբ հերթական երախտագիտութեան խնկարկումը։ Տարիներու բեռին տակ որքան որ ալ ակամայ դանդաղած ըլլար, երբեք իր մէջ չէր շիջած «համալսարանէ համալսարան» մաքառելու ոգին, երբեք չէր յոգնած «համալսարանէ համալսարան» պաշտպանած կեանքի դատը սիրելէ։ Ու տակաւին ո՛վ չի գիտեր, որ ինք կենդանի համալսարան մըն էր՝ իր ծով պաշարով, մարդկութեան նկատմամբ յարգանքով, արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ եւ պայքարներու նկատմամբ հաւատքով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր բիւր խոնարհումով կ՚ոգեկոչէ Վարդան Օզինեանը, որ ամէն ինչով եղաւ այս թերթին հարազատը։ Իր վաստակն ու նուիրումը անփոխարինելի են, միանշանակ։ Այդ բոլորէն անդին, սակայն, իր ցուցմունքներով, դիտարկումներով ու խորհուրդներով այս թերթին առջեւ նոր հորիզոններու բացուիլը խթանած էր՝ մանաւանդ անոր արդի տարեգրութեանց մէջ։ Մեր երախտագիտութիւնը անսահման է իրեն նկատմամբ։
Իր դիւրահաղորդ նկարագրով հանդերձ, Վարդան Օզինեան շուքը ծանր անձ մըն էր։ Գիրքերու մէջ կ՚ապրէր։ Փարիզի իր բնակած երկու յարկաբաժինները գործնականօրէն գրադարաններ էին։ Գիշերները մութ սենեակի մէջ, լապտերի տակ նստած, խոշորացոյցը ձեռքին կը կարդար ժամերով։ Այդ լապտերի լոյսին շուքը յաճախ կը ցոլանար Վերսայի պողոտայի եւ «Շարտոն Լակաշ» փողոցի խաչմերուկին, որու վրայ բացուած էին բնակարանին պատուհանները։ Իմաստուն էր եւ իր մարմնաւորած կերպարը միշտ կ՚արդարացնէր հեռատեսութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ լրջութեամբ։
Թէեւ տարիներու ընթացքին դանդաղած էր, սակայն, իր թափը միշտ բաւարար էր մարդիկ մագնիսացնելու համար՝ իրեն բնորոշ առաքինութիւններով եւ իւրայատկութիւններով։ Իր յիշատակը ո՛չ միայն քաղցր է մարդկայնօրէն, այլեւ՝ իր թողած հետքով, սահմանած մտաւորական խորութեամբ կարծես ժամանակներ կ՚ածանցէ եւ հեռուներէն կը փոխանցէ պատգամ մը։
Արտասովոր անհատականութիւն մըն էր Վարդան Օզինեան, որ եկաւ ու անցաւ այս աշխարհէն։ Զինքը ճանչցած՝ մանաւանդ զինքը սիրածներու պարագային նուիրականութեան համազօր է իր յիշատակը։ Անկարելի է մոռնալ զինքը ու շատ դժուար հաշտուիլ իր մեկնումին հետ։ Տարիները կարծես կը հրահրեն կարօտի կրակը եւ անոր ընդմէջէն կը փայլի Վարդան Օզինեանի դէմքը՝ ջինջ ժպիտով, բարի հայեացքով։
Փարիզի արուարձաններէն Պանիոյի գերեզմանատան մէջ է շիրիմը։ Երբ այցելեցի գերեզմանաքարին վրայ անունն անգամ չէր փորագրուած։ Ո՞վ գիտէ՝ մինչ օրս մէկը տեսա՞ծ է այդ գործը։ Ինչ որ է... Այդ գերեզմանէն անդին այժմ արդէն կայ նոր խորհուրդ մը, ուրիշ Վարդան Օզինեան մը, որու յաւերժութիւնը նորովի կը թարմացնէ իրեն վերաբերեալ ամէն ինչ։ Մահէն վերջ չխնայուած, թալանուած իր հարուստ գրադարանի մոխիրներէն կը ծնի անոր յաւերժութիւնը։ Տարելիցները միայն առիթ են՝ խնամելու, սնուցանելու համար իրեն նկատմամբ երախտագիտութեան ու կարօտի մշտադալար ծառը։ Մենք ալ, որքան որ ալ դանդաղինք՝ պիտի չդադրինք զինքը կարօտնալէ եւ վերյիշելէ։
Անխառն յարգանք Վարդան Օզինեանի վառ յիշատակին...
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ