ՄԵՐ ԾԱՂԿԱՍՏԱՆԸ

Դարձեալ այցելեցի քեզի ծաղիկներով, դուն միշտ սիրած ես գոյնզգոյն ծաղիկները… Եւ գերեզմանիդ քով նստած ձայնդ ականջիս մէկ առ մէկ վերյիշեցի մեր զրոյցները, դարերու ընդմէջէն մեզի հասած հսկայ ժառանգութիւնը հայ մօր ու կնոջ… Մայր, դուն կը մնաս ամենամեծ ուսուցչուհիս, քու մէջ խտացած էին հայ կնոջ բոլոր առաքինութիւնները, բարեմասնութիւնները… Դուն չկաս այսօր, բայց ես քեզմով կապուած եմ իմ նախանախանախամայրերուս, հայոց պատմութեան թագուհիներուն, մեծ տիկիներուն, հերոսուհիներուն…

 Հակառակ փոթորկայոյզ ժամանակներու եւ հոգեցնցող պատահարներու՝ ամէն գարնան մարտէն-մայիս տարբեր տեղեր, տարբեր օրերու կը նշուի Մայրերու օրը։ Գարնան քամիներն ու անձրեւները չեն խանգարեր, որ գարունը ծաղկի եւ մնայ մի՛շտ գեղեցիկ, այդպէս ալ մայրն ու կինը արհամարհելով դժուարութիւնները, նեղութիւնները կը մնան մի՛շտ գեղեցիկ, ինչպէս գարունը։ Ստեղծողին ու ծնունդ տուողին համար մի՛շտ գարուն է… 

Եւ անդրադառնալով մեր պատմութեան ձմեռներուն՝ հայ մայրն ու կինը ինչ պայմաններու մէջ որ ալ եղած են՝ մի՛շտ կրցած են ստեղծել, ծաղկեցնել, ունենալով գիտակցութիւնը իրենց պարտականութիւններուն եւ աւելին՝ պատասխանատուութիւնը ապագային։

Ճիշդ ասոր համար է սիրելի հայուհիներ, սիրելի մայրեր եւ կանայք, մօր ու կնոջ նուիրուած այս գեղեցիկ օրը կ՚ուզեմ միասին շրջինք հայ մօր ու կնոջ ծաղկաստանէն անդրադարձ մը ընելով մեր պատմութիւնը հարստացնող մայրերուն ու կիներուն մասին: Նախ ծանօթանանք, թէ ան ինչպիսի տեղ ունեցած է հասարակութեան, ընկերութեան եւ ընտանիքին մէջ, խօսելու համար իր դերին մասին պատմութեան մէջ մեր քրիստոնէութիւն ընդունելէ առաջ եւ ետք, եւ աւելին՝ մեր դերը այսօր:

Ք.Ա. 650-ական թուականներուն Արմէնները ունէին Երկնքի մօր պաշտամունքը. աւելի վերջը հայերը այդ նոյնացուցին Անահիտ դիցուհիին հետ: Ան հայկական դիցաբանութեան մէջ գլխաւոր աստուծոյ՝ Արամազդի դուստրն էր. կը նշանակէր մաքուր, անարատ, պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան չաստուածուհի, կը կոչուէր նաեւ Հայոց տիկին, սնուցող մայր:

Հեթանոսութեան շրջանին ընտանիքը յարգուած էր հին Հայաստանի մէջ: Հայ կինը ընկերն էր իր ամուսինին եւ ոչ թէ անկէ ցած արարած մը: Ընտանիքին գլուխը հայրն էր, սակայն, զաւակներուն դաստիարակութեան մեծ գործը յանձնուած էր կնոջ. ուրեմն, կինը ունէր իր կարեւոր տեղը եւ դիրքը ընտանիքին մէջ: Ընտանիք պահել կը նշանակէ ազգը պահել. սերունդ դաստիարակել՝ կը նշանակէ ազգին գոյատեւումը պահպանել:

Դիւրին չեղաւ հայոց աշխարհի հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն դարձը: Աստուածամօր յայտնութեամբ փշրուեցան բոլոր սուտ ու կեղծ արձանները ու մեր երկիրը քրիստոնէութիւնը ընդունելէն ետք, հայ կինը իրեն տիպար ու իտէալ ունեցաւ Վեհագոյն Կինը՝ Աստուածամայրը: Աստուածամօր գովքը հիւսուեցաւ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութեան մէջ: Աստուածամայրը եղաւ հայ կնոջ եւ մայրութեան տիպարը։

Եւ մեր պատմութեան էջերը հարստացան հայ կնոջ ու մօր եւ դեռատի աղջիկներու հերոսութիւններով, խիզախութիւններով, համարձակութեամբ։

Քրիստոնէութեան համար առաջին հայ նահատակը եղաւ ընդամէնը 15-ամեայ իշխանուհի մը՝ Սանդուխտ Կոյսը, որ մերժելով իշխանուհիի մը բոլոր վայելքներն ու հաճոյքները, իր թագաւոր հօր աստուածներուն ոսկեայ շքեղ արձանները, պալատական ճոխ կեանքը՝ հետեւեցաւ այն Թագաւորին, որ սէր կը քարոզէր։

Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութենէն ետք, հայոց հզօր արքայ Տրդատը, որ առիւծներու բերան կը պատռէր, տկարացաւ անմեղութեան դիմաց եւ կենդանակերպ ինկաւ անտառները. իր քոյրը Խոսրովիդուխտն էր, որ երազ տեսնելով հաւատաց հայոց ապագայ Լուսաւորչին կենդանութեանը, փրկեց իր թագաւոր եղբայրն ու անոր հետ ամբողջ Հայաստան աշխարհը:

Շապուհ Բ. պարսիկներու անգութ թագաւորը, 4-րդ դարուն խաբեբայութեամբ բանտարկեց հայոց արքայ Արշակ թագաւորը, մորթազերծ սպաննեց հայոց սպարապետ՝ Վասակ Մամիկոնեանը եւ անցաւ Հայաստանը քայքայելու իր ճիւաղային ծրագրին: Հայ ժողովուրդը յանձինս իր քաջ թագուհիին չյուսահատեցաւ. Փառանձեմ թագուհին շարունակեց պայքարը եւ 14 ամիս Արտագերս բերդը քաշուելով հերոսաբար դիմադրեց:

Այս բոլորին յաջորդեց Հայաստանի համար ամենադժուար ու ճակատագրական շրջաններէն մէկը, Վարդանանց ճակատամարտը 451-ին։ Հայ մարտիկներ կը փութային պատերազմի վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատքի, իսկ հայոց աշխարհը կը վստահուէր «Տիկնայք փափկասունքին», ինչպէս յետոյ պիտի գրէր Եղիշէ մեծ պատմիչը. «Փափկասուն տիկինները հայոց աշխարհին որոնք առանց տրտնջալու ձգեցին պալատական կեանքն ու ճոխութիւնը, իրենց աղախիններուն հետ հաւասարուելով՝ արիութեամբ ու նուիրումով պաշտպանեցին հողն ու հայրենին»: 

Իսկ ճակատամարտի աւարտէն ետք, ընտրանի դասակարգը նահատակուած, աքսորուած, ազգը դատապարտուած կորսնցնելու հաւատք, աւանդութիւն, լեզու, նուիրական սրբութիւններ, այդ նոյն փափկասուն տիկիններն էին, հայոց աշխարհի մայրերը, որոնք չկորսնցուցին իրենց կամքն ու հաւատը, այլ իրենց օրինակելի կեանքով, բարոյական բարձր ըմբռնումներով դաստիարակեցին սերունդներ՝ վճռելով մեր ազգի գոյատեւումը:

Կարելի՞ է չյիշել Վարդան Մամիկոնեանի աղջիկը՝ Շուշանիկը: Բանտի ծանր շղթաները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան իր հաւատքին անսասանութեան վրայ:

Երբ տակաւին գոյութիւն չունէին աշխարհ կառավարող ազգերն ու պետութիւնները, հայ կինը կը գրէր բանաստեղծութիւն, կը յօրինէր երաժշտութիւն, կու տար դասախօսութիւններ: Իր եղբօր Ստեփանոս Սիւնեցիի նման համբաւաւոր էր իբրեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ՝ Սահակդուխտ Սիւնեցին, Է. դարու վերջերը, Ը. սկիզբը։ Ան Գառնի գիւղի ձորակին մէջ կազմած էր իրեն յատուկ առանձնարան մը, ուր ո՛չ միայն կը ստեղծագործէր, այլեւ կ՚ուսուցանէր: Դեռ մինչեւ այսօր Մեծ պահոց շրջանին խաղաղական ժամուն կ՚երգուին Աստուածամօր նուիրած իր շարականները կամ կցուրդները, զորս իր անուան տառերով ստեղծած է: 

Հայ կինը փայլեցաւ նաեւ իր թագաւոր ամուսնոյն կողքին: Միջնադարուն մեր պարծանքը եղած են Զապէլ եւ Կեռան թագուհիները իրենց գործերով:

Զապէլ թագուհին (1215-1252) Լեւոն Բ. թագաւորի կինը, ընդամէնը 37 տարի ապրեցաւ: Պատմութեան աղբիւրներուն մէջ կը յիշուի որպէս ողջախոհ, առաքինաջան թագուհի. հմուտ եղած է ուսումի եւ գիտութեան մէջ: 1241-ին հիմնած է հիւանդանոց: 

Կիլիկիոյ Կեռան թագուհիին պատուէրով գրուեր եւ պատկերազարդուեր է 1272-ին Սիսի մէջ Կեռան Թագուհիի Աւետարանը, որ ո՛չ միայն արժէք ունի իր նրբագեղութեան, կատարողական բարձր վարպետութեան համար, այլեւ ունի պատմական նշանակութիւն: Սոյն ձեռագիրը կը պահուի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց գանձատան մէջ:

Այսպէս եղած է հայ կինը թագուհիի հանգամանքին մէջ, երկիր պաշտպանելու կամ հայ գիր ու գրչութիւն պահելու մէջ:

19-րդ դարուն հայ կին գրողներ փայլեցան գրականութեան դաշտին վրայ, օտար հպատակութեան ներքեւ իրենց կանացի իրաւունքները պաշտպանելով… Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր), Զապէլ Եսայեան, Սրբուհի Տիւսաբ եւ դեռ շատ ուրիշներ, որոնք ստանալով օտար կրթութիւն՝ բարձր պահեցին հայ կնոջ վարկը:

Սիպիլ 16 տարեկանին մտած էր ազգային, հասարակական եւ մշակութային գործունէութեան մէջ, եղաւ նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Ազգանուէր Հայուհեաց ընկերութեան, որուն նպատակն էր գաւառներու մէջ հայ աղջիկներու ուսման եւ դաստիարակութեան օժանդակել: 

Սրբուհի Տիւսաբ իր երեք վէպերուն մէջ արծարծած է հայ կնոջ ազատագրման հարցը, ջատագովելով երկու սեռերու մէջ հաւասարութեան գաղափարը:

Զապէլ Եսայեան ստորագրեց յօդուածներ կնոջ իրաւական եւ ընկերային վիճակին մասին: Այսօր ան կը դասուի աշխարհի պատմութիւն փոխող տասն կիներու շարքին։

Չմոռնանք, որ 1870-ին, Վանի մէջ Սրուանձտեանի ջանքերով հիմնուեցաւ բարձր կարգի իգական դպրոց, որ կը կոչուէր Սանդուխտեան-Մարիամեան վարժարան: 

Նաեւ պէտք է յիշել, որ Պաղեստինի մէջ առաջին աղջկանց վարժարանը հայերը հիմնած են, զայն կոչելով Գայիանեանց վարժարան:

Ահա՛ կը տեսնենք, թէ որքան կարեւորութիւն տրուած է օտարութեան մէջ հայեցի դաստիարակութեան, իսկ այդ մէկը ո՛վ կրնար աւելի լաւ ընել, քան հայ կինն ու մայրը:

Դար մը միայն անցած է Մեծ եղեռնէն, երբ հայ տղամարդիկ պաշտպանութեամբ զբաղեցան, երբ հայ մտաւորականութիւնը մէկ գիշերուան մէջ աքսորի ճամբան բռնեց (…). հայ մայրերը չյանձնուեցան, այլ աքսորի ճամբուն վրայ հերոսաբար կրցան փրկել իրենց պատիւը եւ քաջ գիտակցելով ազգապահպանման մեծագոյն ու ամենակարեւոր գրաւականը, անապատի աւազներուն վրայ այբուբենը սորվեցուցին իրենց կմախացած զաւակներուն, որոնք կաթիլ մը ջուրի ու փշրանք մը հացի կարօտ էին… որպէսզի այդ սրբացած աւազին վրայ մնայուն կերպով փոխանցեն մեր յաւերժութիւնը մատղաշ սերունդին: Ճիշդ նոյն ժամանակ Մշեցի ծեր մայրիկին մեծագոյն մտահոգութիւնն էր փրկել ու հայրենիք հասցնել իր կքած կռնակին վրայ հայկական մագաղաթը… Սօսէ մայրիկը տղամարդու զգեստ հագած ամուսնոյն կողքին քաջաբար կռուեցաւ: 

Այսպէս եղած են մեր մայրերն ու կիները… Եւ մենք անոնց ժառանգներն ենք։

«Ինչ կայ աւելի ծանր ու խղճալի
Քան թէ կսկիծը որդեկորոյս մօր»,

կը գրէ Պարոյր Սեւակ, այդ վիշտը տեսաւ նաեւ մօր մեծագոյն տիպարը՝ Աստուածամայրը, որ աստուածային համբերութեամբ դիմացաւ իր որդւոյն խաչուելուն, որովհետեւ այդ խաչելութեամբ պիտի փրկուէր աշխարհը, իսկ մեր մայրերը հայրենիքի փրկութեան սիրոյն, հաւատալով այդ նոյն խաչին զօրութեան, իրենց զաւակներուն օրօրոցին վրայ երգեցին.

«Բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի
Դուն ալ քու ազգիդ մեռիր…

Հայ մօր հնարամտութիւնը կը հասնի հանճարեղութեան: Բոլորիս ծանօթ է 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին՝ օրերով փլատակներու տակ մնացած մայր մը իր նորածինը փրկեց իր հանճարեղ գաղափարով, որ մայրական բնազդն է, ծակեց իր մատը եւ արիւնով սնեց իր նորածինը: Կարծես արդարացնելու համար Յովհաննէս Շիրազի հետեւեալ քառեակը մօր մասին.

Աստուած չէր կարող լինել ամէն տեղ,
Տեղակալ կարգեց մօրը հանճարեղ,
Ահա թէ ինչու երբ վէրք է տեսնում
Աստըծուց առաջ մայրն է մեզ հասնում:

Այսպիսի նուիրուածութեամբ ու բծախնդրութեամբ է, որ հայ կինն ու մայրը մօտեցած են ազգի պահպանման հարցին: Ահա թէ ինչպիսի կարեւոր դեր ունեցած են անոնք մեր պատմութեան մէջ, երբ ամէն անգամ երկիրը մատնուած է դժուարութեան, երբ կարծած ենք, որ անելանելի վիճակի մէջ ենք, հայ կինը իր հնարամտութեամբ, իր նուիրուածութեամբ ելք մը գտած է, միաժամանակ պահելով իր պատիւը, ընտանեկան սրբութիւնը: (…)

Դեռ չէ չորցած արցունքը հայ մօր ու կնոջ եւ չէ փակուած արիւնոտ վէրքը՝ Արցախի պայքարին, ուր կորսնցուցինք զաւակ, ամուսին, եղբայր եւ շատ աւելին… նաեւ չի մոռցուիր արի մասնակցութիւնը մեր իգական սեռին այդ պայքարին մէջ: 

Հերոսուհիներ են նաեւ մեր այն մեծ մայրերն ու մայրերը, որոնք անցան դժուար ճամբաներէ, բարձրագոյն կրթութեան առիթը չունեցան, նոյնիսկ իրենց երազները իրականացնելու առիթ։ Լուռ հետեւեցան իրենց բաժին ինկած ճակատագիրին եւ ժամանակի պայմաններուն եւ հողէն ու հայրենիքէն հեռու հայ ընտանիք կազմեցին ու շէնցուցին իրենց տուները, նեցուկ կանգնեցան իրենց ամուսիններուն ու ապրեցան հայ կնոջ հպարտութեամբ, պահելով իրենց վայել արժանապատուութիւնը, պահեցին մեր աւանդութիւնները, Մարաշի ու Այնթապի ձեռագործները աշխատեցան, իրենց երկրին բոյրը տարածեցին ամէնուրեք, հայկական խոհանոցը հրամցուցին ու սորվեցուցին օտարներուն: Պահեցին մեր բարքերն ու սովորութիւնները։ Տարածեցին մեր մշակոյթը, հա՛յ ապրեցան… 

Այսպէս եղած է մեր պատմութիւնը, այսպէս եղած ենք մենք՝ ժառանգորդուհիները այս մեծ ժողովուրդի մեծ կիներուն: Ունեցած ենք կամք եւ ապրած հպարտ։ Պայքարած ենք եւ դիմացած այսպիսի մայրերով, կիներով, հերոսուհիներով, սակայն բաւական չէ յիշել պատմութիւնը եւ հիանալ։ Ի՞նչ է մեր գործը այսօր: Ամէն բանէ առաջ մեզի պէտք է ինքնաճանաչում, ինքնագիտակցութիւն, այս երկուքէն կը ծնի ազգային հպարտութիւնը, որ բանալին է մեր գոյատեւման, յարատեւման: Ուրեմն չկորսնցնենք հայուհիի մեր դիմագիծը։ 

Աշխարհայնացման այս դարուն մէջ մեծ է մեր պատասխանատուութիւնը եւ շատ են պարտականութիւնները։ 

Գէորգ Դ. Կաթողիկոս իր քարոզներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Այն ազգը որ բարեկիրթ մայրեր ունի՝ բարերարներ, դիւցազունք, հայրենանուէր զաւակներ ունի եւ վերջապէս՝ ամէն ինչ ունի, իսկ այն ազգը, որ բարեկիրթ մայրեր չունի, դեռ եւս բիրտ, բարբարոս եւ անկիրթ վիճակի մէջ է: Բարեկիրթ մայրերն ընկերութեանց զարդն ու գեղեցիկ եւ վեհ առաքինութեանց տիպարներ են: Դաստիարակութիւնը, մանաւանդ աղջկանց դաստիարակութիւնը, հայուն փրկութիւնն է»:

Մանուկի մը առաջին ուսուցիչը կը մնայ մայրը, առաջին դպրոցը՝ տունը: Մայրենի լեզուն իր մօր հետ խօսած լեզուն է, մեր աննման ոսկեղնիկ հայերէնը: Այսօր մեր ամենամեծ թշնամին մեր լեզուին ուրացումն է: Մեր ամենամեծ պայքարը՝ լեզուն պահելը: Մենք մեր Աստուծոյն հետ ի՛նչ լեզուով պիտի խօսինք, եթէ ոչ հայերէնով… 

Մե՛նք ենք, որ մատղաշ հոգիներուն մէջ պիտի վառենք սրբազան հուրը, սէրը դէպի ազգ, եկեղեցի, լեզու եւ մշակոյթ. ատոր համար պէտք է ամուր կառչինք մեր արմատներուն, մեր աւանդութիւններուն, ճանչնանք մեր պատմութիւնը, մեծ տեղ տանք ազգայինին: Չենք կրնար անտեսել օտարինը, գնահատենք անոնց լաւը առանց զիջելու մեր արժանիքները: Մենք հարուստ ազգ ենք, չմոռնանք մեր իսկական հերոսներն ու հերոսուհիները եւ օտարներուն մէջ փնտռենք բռնի սարքուածները, իտէալականացնելու համար զանոնք: Մի՛ մոռնաք, որ ամէն կին իր տան թագուհին է. ուրեմն թագուհիավայել կառավարենք մեր տուները, ընտանիքները. ի՛նչ ալ ըլլան կեանքի պայմանները՝ չկորսնցնենք մեր հայաշունչ, կրօնաբոյր հոգին, որուն համար պէտք են մեծ ու փոքր զոհողութիւններ:

Սիրելի մայրեր եւ տիկիններ, խնամքով պահենք մեր ծաղկաստանը եւ ըլլանք անոր մէկ բուրաւէտ ծաղիկը։ Գարնան նման գեղեցիկ թող ըլլայ մեր կեանքը եւ բազմերանգ մեր գործունէութիւնը։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025