ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Մայրերու օր է։
Հոս հոն ձեռնարկ-միջոցառումներ կ՚ըլլան այսօր. շատեր իրենց մայրերուն հետ կ՚երթան, կ՚ուտեն, կը խմեն, կ՚ուրախանան, մայրերուն մասին գեղեցիկ խօսք ու բանաստեղծութիւններ կը լսեն, գլուխ կը շարժեն, թափանցիկ թուղթերու մէջ փաթթուած կարմիր վարդեր կամ մեխակներ կ՚առնեն եւ տուն կը վերադառնան…
Աս խմբակին չեմ պատկանիր ես։
Չե՛մ կրնար պատկանիլ։
Գիտեմ՝ մեծցանք, ո՛չ մէկուն զաւակն ենք, ոչ ալ թոռը, ինչպէս կ՚ըսէ բոլորիս Թումանեանը, բայց կը յոգնինք. ճիշդ է՝ կը քալենք, կը նստինք, երրորդ յարկ կ՚ելլենք, կ՚իջնենք, ետ կ՚ելլենք, ետ կ՚իջնենք, դասարանին մէջ խանդավառութեամբ պատին վրայ կը գրենք, զբօսանքին պզտիկներուն պատմածները կը լսենք, հարցում, հարցում, հարցումներու կը պատասխանենք, կը սխալինք, կը սրբագրենք, կը կարդանք, կը գրենք… այս բոլորը կ՚ընենք եւ աւելի՛ն, բայց անբացատրելի յոգնութեամբ. ոսկորի, մկանի, աչք ու շունչի յոգնութիւն չէ ասիկա՝ զգացողը գիտէ, բայց կախարդական դեղ մը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրը անշօշափելի այս յոգնութիւնը դարմանելու…
Մայրերու օր է։
Մօրս դուռը պիտի թակեմ ես։ Շատո՜նց պէտք ունիմ անունս ի՛ր ձայնով լսելու։ Դեռ դուռը չբացուած իր սրտի խորերէ՜ն հնչած «աղջիկս»ը պիտի լսեմ, ուսերս պիտի շտկուին, դուռը մէյ մը բացուի՝ ներսը դրախտ…
Պատ, առաստաղ, տուն ու տանիք չէ՛ հոնտեղը, այլ՝ օճախ։ Մայրս զիս պիտի գրկէ, բոլո՜ր պարապութիւնները պիտի լեցուին, մասմաքուր, քաղցր ու ջերմ իր բուրմունքը պիտի պատէ զիս. հոս տեղ չունին աշխարհի ամենասուղ լանքոմներն ու շանէլները։
Քիչ մը փաթթուած մնա՞նք, պիտի հարցնեմ ես. չգրկուող մը գիտէ, որ ուրի՜շ կեանք մըն է այդ անհաշիւ ու անգին «քիչ»ը, որուն մէջ աշխարհի բոլոր ցաւերը կը սփոփուին, «ինչո՞ւ»ները կը բացատրուին, զրկանքները կը վերանան եւ «չ»երը կը ջնջուին…
Անհամբեր է մայրս, պիտի չկրնայ երկար սպասել, գիտեմ ես, պիտի քաշէ ձեռքերէս եւ զիս ա՛յնքան մօտիկ նստեցնէ, որպէսզի կարենայ մազերէս մինչե՜ւ վիզ՝ բոլոր կէտերէն համբուրել. առաջ կը զարմանայի, հիմա՝ կը հասկնամ, քանի որ նո՛յնը տղուս կ՚ընեմ, որ նոյնպէս կը զարմանայ եւ շղթան կը շարունակուի…
Շատ բան պիտի պատմենք մենք իրարու, վստահ եմ, ո՞վ կը սկսի՝ չեմ գիտեր։ Մօրս չվերջանալիք հարցումները հաւանաբար չսպասեմ ու սկսիմ պատմել…
Առանձնութեանս մասին պիտի խօսիմ ես իրեն, պիտի ըսեմ, որ տասնհինգ տարիէ «մամա՜» չեմ կանչած ես, տասներկու տարեկան տղաս օր մը «մամայիս քով ձգելով» ազատ ու հանգիստ տեղ մը չեմ գացած ես, 6-րդ դասարան աս մանչուն բերնէն «մեծ մամա՜» բառը չեմ լսած ու զինք դպրոց ճամբած պահուս՝ «այսօր օթօքարով մեծ մամային տունը կ՚իջնես» չեմ ըսած ես…
Ըստ ձեզի անարժէ՞ք մանրուքներ են. զրկուողը գիտէ։
Հիւանդութիւններուս մասին պիտի պատմեմ մամայիս. Ի՛նչ հեշտ է մարդոց «ասա՛նկ ըրէ», «անանկ մի՛ ըներ», «ասի՛նչը կեր», «տաք բաներ խմէ՛» եւ այլ խորհուրդները լսել… խօսիլը դիւրին է, առանձնութիւնը՝ դժուար։
Շատ պիտի յուզուի, բայց պիտի ըսեմ, որ ամենատաք ջերմութիւններուս ալ ես դեռ կը պաղիմ, տղաս՝ անճար ու անզօր զիս կը գրկէ՝ սիրտս կը լեցուի, ցաւերս կը սաստկանան, դեղ կը բերեն, չե՛մ հաւատար ես այդ դեղին զօրութեան, «մամա՜» կանչեմ, յայտնուի, կը լաւանամ՝ ես գիտեմ, բայց կը լռեմ եւ ոսկի չէ՛, երբե՛ք, այդ լռութիւնը ցաւոտ։
Լռութեան ակօսները սպիներով կը լեցուին։ Սպիներով ապրողները իրենց ցաւերով կը գեղեցկանան, բարութեամբ կը զօրանան, մարդկութեամբ կը հսկայանան, անոնց աչքերը կը բացուին, սրտերը կը թափանցեն եւ ուրիշներուն վէրքերն ա՛լ կը տեսնեն, լռողները կը նոյնանան եւ տեղ մը, պահ մը՝ աշխարհը կը գեղեցկանայ։
Հազիւ հանդիպած ենք եւ այսքան յուզմո՜ւնք…
Շատ է, բայց կրնամ փարատել. մօրս կրնամ իմ հիւսքերով նկարներս ցոյց տալ, պիտի հասկնայ ան շուտով, որ մազերս իր օրինակով կը հիւսեմ, խնձորը իրեն պէս կը կեղուեմ, ձայնս իրեն կը նմանի, ֆիլմ մը դիտած պահուս, իրեն պէս՝ հերոսներուն հետ կը խօսիմ, իր ձեռագործ աշխատանքները գանձի պէս պահած եմ, ուր երթամ՝ հետս կը տանիմ, այդ պայուսակին մէջ օճառ կը դնեմ, շրջան առ շրջան կը բանամ, որպէսզի օդ առնեն… օճառին այդ հոտը մօրս հոտին կը խառնուի. հո՛ն, այդ ձեռագործներուն մէջտեղ կը նստիմ… կեանքը կը կենայ, ամէ՛ն ինչ կը կենայ։
Նորէն արցունք։
Շատոնց առանց լալու չեմ ուրախանար ես։ Առանձին ալ ըլլամ, խմած սուրճիս գաւաթը կը դարձնեմ, չորնալը կը սպասեմ, կը շրջեմ ու իրարանցած այդ գիծ ու կլորները ուշադրութեամբ կը դիտեմ, ես ինծի գիրեր, թիւեր, կենդանիներ ու ըլլալիքներ կը գուշակեմ, հաւաքուած սուրճը «սրտի նեղութիւն» կը համարեմ, մօրս ներկայութիւնը էապէս կը զգամ ու կը ժպտիմ։ Տղուս բարձին տակ իր աղօթարանը, իմ բարձիս տակ իր վա՛րդարանը կը դնեմ, կարեւոր հանդիպումներուս ի՛ր անուշահոտը կը փչեմ, կիրակի օրերը տան մէջ խունկ կը ծխեմ, աս տարիքիս, ո՛ւր որ օրօրոց տեսնեմ, չեմ ամչնար՝ կ՚երթամ կ՚օրօուիմ եւ աման լուացած պահուս բա՜րձր ձայնով կ՚երգեմ, աղո՜ւոր կ՚երգեմ։
Մէկ Մայրերու տօն պիտի բաւէ՞ իմ ըսելիքներուս…
Հապա մեր միասին ընելիքները՞։
Միասին նորէն սուրճ չխմե՞նք։ Միասին չքալե՞նք, պատշգամը երկինքին նայելով չօրօրուի՞նք, միասին չերգե՞նք, տղուս հետ գոնէ մէ՛կ անգամ «մեծ մամային տունը չմնա՞նք…»։
Մայրերու օր է, բարեկամներ։
Մայրերու օր է եւ այս գրածներէս բան մը, բա՛ն մը չեմ կրնար ընել ես։
Եթէ՜ առիթը ունիք ասոնցմէ մէկը, գէ՛թ մէկը ընելու, մի՛ սպասէք։
Մայրերու տօնին, մայր ու զաւակ գրկախառնուեցէ՜ք ու ձեր՝ միմեա՛նց ունենալու տօնը նշեցէք։
Երանելի էք դուք…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ