ՄԻՋՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ քննարկեցին միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի զանազան երեսակներ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տանտիրութեամբ, Ապու Տապիի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ հինգ ժամ։ Երկու ղեկավարները բանակցութիւններ վարեցին թէ՛ իրենց ընկերակիցներու մասնակցութեամբ եւ թէ որոշ պահերու մէջ առանձնազրոյցի ձեւաչափով։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկումներուն տրուած է նաեւ կարճ դադար մը։ Սա եղաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ առաջին հանդիպումը՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցումէն վերջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն լուսաբանեցին այս գագաթնային շփումը՝ շեշտելով, որ Երեւան եւ Պաքու քիչ մը եւս մօտեցած են խաղաղութեան՝ առանց Մոսկուայի, ինչ որ կը նշանակէ այս վերջնոյն ազդեցութեան սահմանափակումը։
Երէկուան հանդիպումէն վերջ կողմերը հրապարակեցին նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններ, ուր որեւէ յստակ համաձայնութեան մասին չէ նշուած։ Հակառակ հանդիպման նախորդած սպասումներուն՝ հրապարակումներուն մէջ պաշտօնապէս միայն սահմանազատման հարցին առանձնապէս անդրադարձ կատարուեցաւ։ Թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու տեղեկացուցին, որ ամենաարդիւնաւէտ ձեւաչափը կը համարեն երկկողմանի բանակցութիւնները եւ համաձայնած են երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ մատնանշած են սահմանազատման գործընթացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացը եւ համապատասխան յանձնաժողովներուն յանձնարարած են շարունակել գործնական աշխատանքը։ «Կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են շարունակելու համար իրարու հետ բանակցութիւնները եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցները», ընդգծուած է հրապարակումներուն մէջ։
Բանակցութիւններու աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն առաջ, հայկական աղբիւրները լռութիւն պահեցին, իսկ ատրպէյճանական աղբիւրները յայտնեցին, թէ լուրջ ու բովանդակային քննարկումներ տեղի ունեցած են խաղաղութեան օրակարգի հիմնական երեսակներուն շուրջ՝ ներառեալ սահմանազատումը, «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումն ու զարգացումը, խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ այլն։
Ապու Տապիի Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւնները անմիջապէս արձագանգ գտան Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի կողմէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Թեմի Պրիւս յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը խթանելու ուղղեալ ջանքերուն։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ան յիշեցուց 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները։ Բացի Կալուզինէն, Քրեմլինի բանբերը Տիմիթրի Փեսքովն ալ դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ երկխօսութիւնը։
ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան երէկ յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերը կը շարունակեն քննարկման առարկայ մնալ։ Ան յայտնեց, որ այս համատեսքէն ներս՝ սկզբունքներու պահպանման պարագային հայկական կողմը դէմ չէ գործառոյթներու արտապատուիրակման միջազգային որեւէ վկայեալ ընկերութեան, եթէ գործընթացը իրականացուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ։ Սաֆարեանի յայտարարութիւններու ստեղծած արձագանգի լոյսին տակ՝ աւելի ուշ նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան դիտել տուաւ, որ որոշ լրատուամիջոցներ խեղաթիւրած են փոխ-նախարարի արտայայտութիւնները։