ԳՐԱՒՈՐ ԺԱՄԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը կը շարունակուի ընդլայնիլ։ Այսպէս, վերջերս հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի ARARAT քոնեաքի գործարանի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառի համատեղ նախաձեռնութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի քոնեաքի գործարանին կողմէ «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառին յանձնուեցան գործարանի տակառագործներու պատրաստած կաղնեփայտէ յատուկ սալիկներ, որոնք անհրաժեշտ են հին ձեռագրերու կազմերու պահպանման համար։ Այս համատեղ նախաձեռնութեան համաձայն՝ Երեւանի քոնեաքի գործարանը յանձնառութիւն կը ստանձնէ յետայսու աջակցիլ հին ձեռագրերու վերականգնման նման ձեւաչափով։ Կաղնեփայտէ սալիկները պատրաստուած են ARARAT-ի տակառափայտերէն, որոնք Մատենադարանի վերականգնող մասնագէտներու տրամադրած ուղեցոյցի հիման վրայ անցած են յատուկ մշակումէ։

Մինչ այդ, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի ուղեկցութեամբ Երեւանի քոնեաքի գործարանի գործադիր տնօրէն Սերկէյ Խաչատրեանին եւ հասարակութեան հետ կապերու ղեկավար Զարուհի Սարիբէկեանին ներկայացուեցան Մատենադարանի վերականգնման ենթակառուցուածքները եւ գիտաթեքնիքական ստորաբաժանումները։ Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ Արա Խզմալեան, որ ողջունելով գործընկերները՝ մասնաւորաբար ըսաւ․ «Գրաւոր ժառանգութեան պահպանման խնդիրը համահայկական պատասխանատուութեան առարկայ է։ Մատենադարանի ջանքերով կը վերականգնուին նաեւ Հայաստանի բոլոր մշակութային հաստատութիւններու գրաւոր արժէքները, աշխարհասփիւռ ձեռագրական հաւաքածուները։ Աւելին՝ Մատենադարանը տարուէ տարի կ՚ամրապնդէ միջազգային գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման իր յանձնառութիւնը։ Ուստի, պետական աջակցութեան զուգահեռ՝ մեծապէս կը կարեւորենք մասնաւոր անհատներու եւ կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը այս առաքելութեան»։

Իր կարգին, Սերկէյ Խաչատրեանն ալ ըսաւ. «Մեզի համար պատիւ է համագործակցիլ հին ձեռագրերու պահոց Մատենադարանի հետ, որ յիրաւի կարելի է համարել իւրաքանչիւր հայու ծննդեան հաւաքական վկայականը։ Շատ ուրախ ենք, որ մեր գործընկերներու հետ աշխոյժ շփումները մշտապէս կը բացայայտեն համագործակցութեան նոր ուղիներ։ Համագործակցութեան այս դրուագը ունի այլաբանական գեղեցիկ իմաստաւորում։ ARARAT-ը իր էութեամբ նախ եւ առաջ ժառանգութեան մասին է, ուստի, շատ խորհրդանշական է, որ ARARAT-ի մէկ մասնիկը կը ծառայէ մեր բացառիկ ժառանգութեան պահպանութեան գործին»։ 

Բաց աստի, տեղի ունեցաւ յուշանուէրի յանձնում։

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025