ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ 140-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ի. դարու հայ քնարերգութեան ու արձակի մեծագոյն անուններէն մէկն է Կոստան Զարեան, որու ծննդեան 140-ամեակը այս շրջանին կը նշուի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տարբեր ձեռնարկներով։ Կոստան Զարեանի 140-ամեակին առթիւ բանախօսութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ՝ օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյ գահակալ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի։ Այսպէս, «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի սրահին մէջ «Անսովոր անցորդը՝ Կոստան Զարեան» խորագրով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին գրողի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սաղիմահայ գրասէր հասարակութեան ներկայացուց տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանի հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ տքթ. Սեւան Կսրկ. Տէյիրմենճեան։

Երանաշնորհ Եղիշէ Արք. Դուրեան Պատրիարքի յոբելեանին առթիւ կառուցուած հոյաշէն մատենադարանի սրահը փութացած էին Ս. Աթոռի Տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալէքեան, Ձեռագրատան տեսուչ Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գաւազանակիր Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորաց ու Ս. Թարգմանչաց վարժարաններէ ուսուցիչներ ու աշակերտներ, սաղիմահայ գրասէրներ։

Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց Մատենադարանի տեսուչ եւ «Սիոն» հանդէսի խմբագիր Տ. Ներսեհ Վրդ. Ալոյեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ամպիոնի մօտ հրաւիրեց օրուան բանախօսը։ Սեւան Կսրկ. Տէյիրմենճեան նախ անդրադարձաւ Զարեանի Շամախիէն ծնունդ առած կեանքի ուղիին, որ բազում հանգրուաններու կարգին ատեն-ատեն կանգ առած էր նաեւ Պոլսոյ, Պէյրութի, Փարիզի, Վենետիկի, Երեւանի մէջ։ Բազմաթիւ օտար լեզուներ գիտնալով ու անոնց հետ ստեղծագործել կարենալով հանդերձ, Զարեան նախընտրած էր իր մայրենին, քանի որ ըստ իրեն լեզուն արիւնի պէս էր եւ ինչպէս կարելի չէ փոխել երակներու մէջ հոսող արիւնը, այնպէս ալ մարդ չի կրնար իր լեզուն փոխել։ Բանախօսը խօսեցաւ նաեւ «Նաւը լեռան վրայ», «Անցորդը եւ իր ճամբան», «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» վէպերուն, «Գիրք դիւցազներգութեանց» հատորին, ինչպէս նաեւ Կ. Զարեան-Լ. Տարըլ կապին մասին։ Հետաքրքրաշարժ բանախօսութեան աւարտին ներկաները առիթն ալ ունեցան հարցումներ ուղղելու բանախօսին։

Ձեռնարկի հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, որ կարեւոր նկատեց հայ մշակոյթի ու գրականութեան արժէքները ծանօթացնելու ուղղութեամբ առնուած քայլերը։ Ան գնահատեց երեկոյթին կազմակերպիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ միասնաբար արտասանուած «Հայր մեր»ով։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025