ԳՈՀԱՐԸ
1924-ի դեկտեմբերին, Գահիրէ բնակող Խաչատուրեաններու ընտանիքին մէջ անակնկալ իրադարձութիւն մը պատահած էր. Միքայէլ Խաչատուրեանին կինը աղջիկ մը ծնած էր, բայց՝ եօթամսական։ Այդ տարիներու բժշկութիւնը դեռեւս բաւարար չէր անհաս երեխաները փրկելու. «Չ՚ապրիր…», ըսած էին բոլորը, «երեխան շատ թոյլ է եւ փոքրիկ…», բայց նորածինին մեծ մայրը՝ Ալեզարդ տատիկը հակառակը պնդած էր. «Տեսէք ի՜նչ լոյս կը ծագի մատիկներէն։ Կ՚ապրի՛ եւ բոլորիս հպարտութիւնը կը դառնայ…»։
Կանխագուշակութի՞ւն էր, թէ՞ այդ պահուն մտահոգ ծնողները սփոփելու փորձ մը։ Ո՞վ գիտէ։
Ապրեցաւ այդ մանուկը եւ իսկապէս լեգենդ դարձաւ ու հպարտութիւն ո՛չ միայն իր ընտանիքին, այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան։ Աստուածընծայ իր բիւրեղեայ ձայնով, եզակիներուն եզակին, վարպետ Իսահակեանի արտայայտութեամբ՝ «Հայաստանի սոխակը», Գոհար Գասպարեանը։
Չափազանցած պիտի չըլլանք, բարեկամներ, եթէ ըսենք, որ 20-րդ դարու հայ մշակոյթի գործիչներու համաստեղութեան մէջ թերեւս չկայ մէկը, որ իր կեանքի օրօք արժանացած ըլլայ այնքան փառքի ու մեծարման, ինչպէս Գոհար Գասպարեանը։ Յիրաւի, բաւարար էր, որ Մոսկուայի Մեծ թատրոնի, Փարիզի Կրանտ Օփերայի կամ Միլանոյի Լա Սքալայի ազդագիրերուն վրայ տեղեկացուէր անոր սպասուող հիւրախաղերուն մասին եւ տոմսերը վայրկենապէս կը սպառէին, քանզի օփերային արուեստի բազմազգ բանակի վկայութեամբ՝ «Գէթ մէկ անգամ Գոհար Գասպարեանը չտեսնողն ու չլսողը, երբե՛ք չի կրնար դատել կատարելութեան մասին…»։
Դէպի սկիզբ…
Բարեբախտաբար, Գոհարի ծննդավայր Գահիրէն, անոր ընձեռնեց բոլոր յարմար առիթները իր տաղանդը դրսեւորելու եւ երաժշտական պատշաճ կրթութիւն մը ստանալու։ Գահիրէի Քոնսերուաթուարին մէջ, անոր ձայնի մշակմամբ զբաղեցան օտար անուանի փրոֆեսէօրներ, որոնց բախտ վիճակուած էր երգարուեստի մանկավարժութեան բնագաւառին մէջ աշխատիլ հազուագիւտ ձայնածաւալի մը հետ։ Եւ կարելի՞ է արդեօք Գոհար Գասպարեանի ձայնը շփոթել ուրի՜շ ձայնի մը հետ։
Ամենափափուկ օպերթոներով ու ամենափայլուն երանգներով Լիրիքա-քոլորաթուրային սոփրանօ էր Գոհար Գասպարեան։ Աշխարհի այն եզակիներէն մէկը, որ երրորդ օքթաւի «լա»ն կ՚երգէր, առանց որեւէ արհեստական դժուարութեան։ Ի տարբերութիւն շատ մը երգչուհիներու, որոնց ձայնը աւելի լաւ հնչեցնող կէտեր ունէին բեմին վրայ, ապա Գոհարը, ուր որ ըլլար բեմին վրայ, կանգնած, նստած, ծռած կամ որեւէ դիրքի վրայ՝ կարծես պարզապէս կը խօսէր, կը ծիծաղէր, կը խաղար եւ ձայնը կրնար հասցնել դահլիճի որեւէ անկիւնը նստած հանդիսատեսին…
Դեռ Գահիրէի Քոնսերուաթուարին մէջ ուսանած տարիներուն, շուտով դարձաւ եգիպտական ռատիոյի առաջին մեներգչուհին եւ
ինչքան հետաքրքրական է, որ ռատիոյի ղեկավարութիւնը Գոհարին համար խախտեց այդ օրերու ռատիոյի կանոնագրութիւնը, ըստ որուն մեներգիչները բացառապէս մահմետական պէտք է ըլլային…
Ամէն ինչ կարծես կ՚ընթանար յօգուտ Գոհարին, երբ եկաւ 1948 թուականի հայրենադարձութիւնը. բաւարար էր միայն ցանկալ եւ երգերուն մէջի հոգեթով ու յուզառատ հայրենիքը արդէն իրականութիւն կրնար ըլլալ։ Խաչատուրեաններու ընտանիքը, շատերուն պէս, պատրաստ էր հայրենադարձութեան, սակայն ահա՛, Եգիպտոսի կառավարութիւնը թոյլ չտուաւ Խաչատուրեան Միքայէլին հեռանալ Եգիպտոսէն, երկրի դիւանագիտական ասպարէզին մէջ իր ունեցած հանգամանալից պաշտօնին համար եւ ոչինչ մնաց ընելիք քան հայրենադարձութեան ծրագիրը յետաձգել։
Ի զարմանս ընտանիքի անդամներուն, Գոհարը չուզեց համբերել ու վճռեց հայրենիք երթալ։ Անոր լուրջ վճռականութիւնը ծնողներուն ստիպեց համաձայնիլ, բայց անոնք ալ իրե՛նց անվիճելի պայմանները յայտնեցին Գոհարին. միայնգամայն անթոյլատրելի էր ծնողներուն համար, որ 24-ամեայ աղջնակը երթար ու միայնակ բնակէր թերեւս ոչ այնքան խորթ ու օտար, բայց եւ այնպէս՝ անծանօթ երկրի մը մէջ…
Կար լուծում մը.
Գոհարին ծնողները առաջարկեցին զինք ամուսնացնել եւ ամուսնոյն հետ ուղարկել Հայաստան։
Գոհարը համաձայնեցաւ։
Մարդուս սրտին մէջ պահուած տարերքին սիրոյն, իր որոշած «այո»ներով ու «ոչ»երով չէ՞, որ կ՚ուրուագծուի գալիքը, հոգւոյն մէջ՝ թրթռուն, մտքին մէջ՝ անյայտ…
Այսպէս, Խաչատուրեան Գոհարը ամուսնացաւ իր ձեռքն ու սիրտը խնդրող, Լոնտոնի համալսարանի շրջանաւարտ՝ Հայկ Գասպարեանին հետ, որ անկասկած տիրացաւ անոր ձեռքին, բայց սրտի՞ն…
Ժամանակը պիտի փաստէր՝ ոչ։
Անձնական երջանկութիւն չպարգեւեց այս ամուսնութիւնը Գոհարին, քանի որ անոր մէջ կը պակսէր հիմնականը՝ սէրը։
Տարիներ յետոյ, անոր կեանքը պիտի մտնէր այլ տղամարդ մը՝ Տիգրան Լեւոնեան, որուն հանդէպ զգացած սիրով առաջնորդուած, Գոհարը պիտի բաժնուէր Հայկէն եւ ամուսնանար Լեւոնեանի հետ։
Ի՛նչ խօսք որ այս քայլը առիթ տուաւ զանազան կշտամբանքներու, որոնք այդպէս ալ չդադրեցան մինչեւ մեծ երգչուհիին վախճանը։ Չարախօսները յամառօրէն պնդեցին, որ այդ յարաբերութիւնը զուրկ էր որեւէ տեսակի զգացումէ, որ Տիգրանը մեծ երգչուհիին հետ ամուսնացած էր, աշխատանքի բնագաւառին մէջ իր առջեւ նոր դռներ բանալու համար. փառքի մէջ լողացող Գոհարը, որ Տիգրանի երգեցողութեան ուսուցչուհին էր ու տարիքով անկէ բաւական մեծ, շա՜տ մը աստղերու յատուկ կենսակերպը որդեգրելով, շուտով այդ երիտասարդը ուրիշով մը պիտի փոխարինէր…
Չվերջացող այս բամբասանքները, ոչի՛նչ եւ ո՛չ ոք կրցաւ խանգարել զոյգը, պահպանելու իրենց յարաբերութեան հոգեւոր այն կապը, որուն անդաւաճան մնացին երկուքն ալ մինչեւ վերջ…
Եւ ի՜նչը աւելի զարմանալի կրնայ ըլլալ այն ճակատագրէն, որ Հայաստան եկած եւ հոնկէ դէպի աշխարհ բացուած աղջնակը իր առաջին, չսիրած ամսունոյն մականունով նուաճեց անմահութիւնը որպէս՝ Գոհար Գասպարեան։
Ահա այսպիսի բան մըն է կեանքը։
Պիտի չմոռցուի, որ նորայայտ երգչուհի՝ Գասպարեան Գոհարը
Լաքմէյի դերով առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ։ Մամուլը շուտով ողողուեցաւ այնպիսի արտայայտութիւններով, որոնք նոյն հիացական եզրակացութեան կը յանգէին. հայ օփերային բեմը այսպիսի հրաշք չէր ունեցած։
40-ական թուականներու աւարտին, դասական երգի հայ վարպետներու հոյլ մը կը փայլէր Խորհրդային Միութեան օփերային բեմերուն վրայ. Պավել Լիսիցեան, Զարա Տոլուխանեան, Տաթեւիկ Սազանդարեան, Շարա Տալեան, Հայկանուշ Դանիէլեան, Աւագ Պետրոսեան եւ այնպիսի արժանաւորներ, որոնց հետ համեմատութիւնը նորեկ Գոհարին համար պատիւ էր, բայց բոլոր այդ վարպետները, անմիջապէս ու միահամո՛ւռ գնահատեցին անոր բացառիկ տաղանդն ու ճանչցան անոր անվիճելի առաջնութիւնը։
Ժամանակի ընթացքին Գոհար Գասպարեանի խաղացանկը ընդգրկեց աւելի քան 23 դերերգ արեւմտեան, ռուսական եւ հայկական օփերաներէն, որոնց մէջէն, անձնապէս, չեմ կրնար չառանձնացնել «Անուշ»ը… քանի՜ փայլուն «Անուշ»ներ լսելու ալ ըլլամ, ըլլանք, կը կրկնուի՞ արդեօք անոր անզուգական մեկնաբանութիւնը։
Գիտէ՞ք ինչ ըսած է Արմէն Տիգրանեան, երբ իմացած է, որ իր «Անուշ»ը երգող աղջիկը Եգիպտոսէն եկած է. «Ո՜ւր է Նեղոսը, ո՜ւր է Դեբեդը… ան այնպէս կ՚երգէր, որ ես կարծես Դեբեդի ջուրերուն ձայնը կ՚առնէի։ Հրաշք է, հրա՜շք…»։
Գոհար Գասպարեանը մի՛շտ հաւատարիմ մնաց իր երկրին, Արարատին քով փռուած ի՛ր քաղաքին եւ ի՛ր հարազատ օփերային թատրոնին։ Ո՛չ արտասահմանի անդադրում հրաւէրները, ո՛չ ալ Մոսկուայի առաջարկութիւնները, ստիպեցին զինք նոյնիսկ մտածել Երեւանը ձգելու մասին, քանի որ ան հո՛ն գտած էր մանկութեան իր հեքիաթը, որուն համար միշտ ալ բաժնուած մնաց իր ծննդավայրէն…
2007-ին մահացաւ Գոհար Գասպարեան։
Բախտաւոր եմ ես, որ ուսանած տարիներուս անոր հանդիպելու առիթը ունեցած եմ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ներքին աստիճաններուն վրայ։ Այդ տարիներու ուսանողները գիտեն, որ իր դանդաղ բարձրանալուն պատճառով չորսյարկանի աստիճանին վրայ կը քարանայինք բոլորս։ Անցէ՜ք, կ՚ըսէր ան բոլորին, բայց ոչ ոք, ո՜չ ոք կը շարժէր։ Բոլորս հիացմունքով կը դիտէինք այդ փոքրիկ հսկան, մեր աչքերուն առջեւ, որեւէ օգնութիւն մերժելով գաւազանով աստիճան բարձրաձող, սենեակ մը մտնող, դաս տուող, սխալ ուղղող, բացատրող եւ դեռ անթի՜ւ երգիչներ հասցնող իրական այդ նուիրեալը։
Այսօրուան աշխարհին չգրուած ոսկէ կանոնին համաձայն, երաժշտական ու ընկերային բոլոր հարթակներուն վրայ ամօթալիօրէն քիչ են Գոհար Գասպարեանին ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնող ձայնագրութիւններն ու տեսագրութիւնները։ Պիլի Այլիշին միլիոնաւոր վիուներուն չմօտեցող, Փաւարոթթիին ու Մարիա Քալլասին վիուներն ալ չունին, ցաւօք, Գոհար Գասպարեանին վիտէոները։ Թերեւս համեմատութիւնը տեղին ու արդարացի չէ, կը հասկնամ, բայց կը դժուարանամ ընդունիլ, որ մեր պետութիւնը ամէնամեայ եուրովիժընին, շատ յաճախ կայացող մրցումներուն ու փառատօներուն եւ շողշողո՜ւն բացումներուն յատկացուած գումարներուն չնչին տոկոսով կարելի է զանոնք բարելաւել ու աշխարհին նորովի հրամցնել ազգային տիպար այս լեգենդը…
Ձէնով Օհանին ձայնին եւ Զահրատին խոշոր ականջի մը վերածուած երկինքին պէտք ունիմ մէջիններս լսելի դարձնելու համար…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ