ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԼԱՐԱԽԱՂԱՑԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ատրպէյճան, ածխաջրածինով հարուստ երկիր մը, զոր 2003-էն ի վեր Իլհամ Ալիեւ կը կառավարէ երկաթէ բռունցքով, միաժամանակ, կը յաջողի բարդ եւ հմտօրէն մշակուած արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել ու նաւարկել իրարու հակասող շահեր հետապնդող տէրութիւններու միջեւ։
Ան, Հայաստանի եւ Վրաստանի նման, Ռուսաստանի հետ ունի բարդ պատմական յարաբերութիւններ, զորս ժառանգած է խորհրդային շրջանէն։ 2022-ի փետրուարին Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան ստորագրեցին համագործակցութեան հռչակագիր մը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ, պաշտօնապէս ամրապնդելով իրենց կապերը։ Ուքրայնայի պատերազմի վաղորդայնին ստորագրուած այս դաշինքը չարժանացաւ արեւմտեան երկիրներէ որեւէ լուրջ հակազդեցութեան եւ ան շարունակեց նաւթի արտածումը դէպի Եւրոպա եւ Իսրայէլ։ Ուքրայնա ներխուժման հետեւանքով Արեւմուտքի՝ Ռուսաստանին պարտադրած պատիժները ամրացուցին Ատրպէյճանի դիրքերը։
Անցեալ մայիսի 9-ին, Ատրպէյճան հրաժարեցաւ մասնակցելէ նացիական Գերմանիոյ դէմ Խորհրդային Միութեան յաղթանակի 80-ամեակի՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն, որոնք Ռուսաստանի համար խիստ խորհրդանշական իրադարձութիւն էին։ Փոխարէնը՝ Ալիեւ մայիսի 16-ին մասնակցեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ վեհաժողովին, Թիրանի մէջ, Ալպանիա։ Այս մասնակցութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն է՝ նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան հրաժարած էր այս կառոյցի նախորդ նիստերուն մասնակցելէ՝ յատկապէս 2023-ի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ռազմական յարձակումէն յետոյ ստեղծուած «հակաատրպէյճանական մթնոլորտ»ին պատճառով։
Լարախաղացութեան միւս էջը կը կազմեն Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները. Ատրպէյճան կը պահպանէ լաւ յարաբերութիւններ միաժամանակ այս երկու պետութիւններուն հետ ալ՝ հակառակ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան եւ մասնաւորապէս՝ Կազզէի պատերազմի պարագային տրամագծօրէն տարբեր դիրքորոշումներ ունենալուն։
Ատրպէյճան կ՚ապահովէ Իսրայէլի նաւթի պահանջի շուրջ երկու երրորդը։ Փոխարէնը՝ Իսրայէլ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի հիմնական զէնք մատակարարողը։ Այս ռազմական համագործակցութիւնը նշանակալի դեր խաղաց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, երբ Ատրպէյճանի բանակը Իսրայէլի կողմէ արտադրուած հարուածային անօդաչու սարքեր օգտագործեց հայկական ուժերուն դէմ։ Աւելի՛ն, երկու երկիրներն ալ Իրանի դէմ ունին հակադրութիւններ։ Իսկ Իրան Իսրայէլը կը համարէ իր սահմաններուն դէմ սուր վտանգ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան շատ սերտ կապեր կը պահպանէ Թուրքիոյ հետ, որ կը սահմանուի «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» արտայայտութեամբ։ Այս դաշինքը յատկապէս ակնյայտ էր Արցախի հակամարտութիւններու ընթացքին, երբ Անգարա վճռորոշ ռազմական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերեց Պաքուին։
Սակայն, 2023-ի հոկտեմբերին Կազզէի ենթարկուած յարձակումէն ի վեր, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները վատթարացան։ Նոյեմբեր 2024-ին, նախագահ Էրտողան պաշտօնապէս խզեց Թել Աւիւի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Այսուհանդերձ, Ատրպէյճան կը շարունակէ պահպանել ջերմ բարեկամութիւն այս երկուքին հետ, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր ռազմավարական հմտութիւնը՝ դաշնակիցներու միջեւ բաց թշնամանքի ժամանակ։
Այս կարողութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ Հայաստանի դէմ թշնամական յարաբերութիւններու ձեւին տակ՝ հակառակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ Ատրպէյճանի վրայ ճնշումին՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար։ Որքա՞ն ժամանակ Պաքու պիտի կարենայ պահպանել այս դժուարին հաւասարակշռութիւնը՝ աւելի ու աւելի հակասական շահեր հետապնդող գործընկերներու միջեւ։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Անգլիա արդէն պատիժներ սահմանած է «Coral Energy Group»ին եւ անոր ղեկավարներուն դէմ, որոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի քօղի ներքոյ Ռուսաստանի նաւթի վաճառքին նպաստելու յանցանքով։ Լոնտոն կը պնդէ, թէ այս ընկերութիւնը, որ կը գործէ Ռուսաստանի համար ռազմավարական ոլորտի մէջ, անուղղակի կ՚աջակցի անոր՝ Ուքրայնայի դէմ մղած պատերազմին մէջ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի