ՇԱՀԵՐ ԵՒ ՊԱՏՐՈՒԱԿՆԵՐ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ատրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ մը:
Նախ արձանագրենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան: Սակայն, յենուիլ այս իրականութեան վրայ՝ արդարացնելու համար Փրակի մէջ Երեւանի կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի տարածք նկատելու յայտարարութիւնը, քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր:
Ճիշդ է, որ Փրակի մէջ շեշտուեցաւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Սակայն, Փրակը ունէր այլ երկու հիմնական բաժիններ, որոնք, ըստ էութեան, հարուածեցին հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը. աւելի ճիշդ, ինքնահարուած հասցուցին:
Վաւերացուած փաստաթուղթի 10-րդ կէտին մէջ նշուած է.
«Համաձայնագիրի 13-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը «բաց է Խորհրդային Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն առջեւ» բառէն ետք լրացնել «այդ կարգին Խորհրդային Միութեան նախկին ինքնավար կազմաւորումներուն համար, որոնք Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի «Խորհրդային Միութեան գոյութեան դադրեցման մասին» հռչակագիրի ընդունումէն առաջ կայացուցած են անկախութիւն հռչակելու վերաբերեալ համաժողովրդական հանրաքուէ եւ անոր հիման վրայ ինքնավար կազմաւորման իշխանութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինը դիմած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան՝ անոր կազմին մէջ ընդունուելու խնդրանքով» բառերով»: Ի դէպ, 10 դեկտեմբեր 1991-ին կայացած համահանրապետական հանրաքուէով հռչակուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Այս կարեւոր կէտը շրջանցելով եւ յստակ թուանշաններով տարածքային ամբողջականութիւնը սահմանելով, առաւել ընդունելով Արցախը մաս Ատրպէյճանին՝ Երեւան բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծեց հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ: Աւելի ճիշդը, Արցախի հակամարտութիւնը ընդհանրապէս դուրս բերաւ միջազգային օրակարգէն:
Տեղին էր Երեւանը ներկայացնող դիւանագէտին յիշեցումը, թէ ռուսական միջնորդութիւնը Պաքուն մերժած էր՝ մինչ հայկական կողմը արագօրէն ընդառաջած էր: Սակայն, Փրակի յայտարարութենէն ետք, ըստ էութեան, Ռուսաստանի միջնորդելու հարցը, ընդհանրապէս, դուրս կու գար օրակարգէն:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսաստանի թիւ մէկ դիւանագէտը յիշեցուց, որ Արցախի առաջին պատերազմի ընթացքին, երբ հայկական կողմը իր վերահսկողութեան տակ կ՚առնէր եօթը շրջանները, կ՚օգտագործէր ռուսական զէնք: Այս յիշեցումը պատասխանն էր այն առարկութեան, թէ Ատրպէյճանը ռուսական զէնքի գործադրումով հայաթափեց Արցախը:
Դիւանագիտական միջնորդութիւնը ձախողած էր. գործի դրուած էր ռազմական միջնորդութիւնը՝ այս պարագային կողմերը զինելու տեսքով: Ինչ-որ իրադարձութիւններու այս կամ այն կողմի ներգրաւուածութիւնը՝ միջնորդութեան կամ կողմնորոշման մասին քաղաքականօրէն տրամաբանական բացատրութիւն ունի: Առընչակից պետութիւնները կ՚առաջնորդուին իրենց շահերով:
Խնդիրը այս պարագային բանակցող կողմին կատարած յայտարարութիւններուն կամ առած քայլերուն պատրուակումն է եւ առիթաւորումը՝ սեփական շահերը յառաջ քշելու, ինչ որ տեղի ունեցաւ Փրակի մէջ, երբ Երեւան ճանչցաւ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային մաս:
Ռուսական կողմը այս յիշեցումները կատարեց դիւանագիտական լեզուով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի