ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆ, ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԸ ԵՒ ՀԵՔԻԱԹԱՅԻՆ ՊԱՀԵՐ…

Յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի երէկ երեկոյեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ՝ իր անկրկնելի վարպետութեամբ հերթական անգամ հեքիաթային պահեր պարգեւելով ունկնդիրներուն։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր չէր նուագած քաղաքիս մէջ, ուստի, մանաւանդ պոլսահայ երաժշտասէրներու տեսակէտէ այս նուագահանդէսը դարձաւ իրեն հետ կարօտ յագեցնելու եզակի հնարաւորութիւն մը։

Երեկոյթը տեղի ունեցաւ Հարպիյէի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի պատմական, շքեղ դահլիճին մէջ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու օրհնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս նախաձեռնութիւնը։ Ծրագիրը հովանաւորուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ. ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը՝ Լետա Շիրինօղլուն ալ փութացած էին ողջունել մեծանուն արուեստագէտը։ Շահան Արծրունիի փափաքին ընդառաջ՝ այս համերգի կազմակերպումը յառաջ տարուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան կողմէ՝ մինչ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան համակարգեց աշխատանքները։ Մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, վաստակաւոր դեսպան Էօզտեմ Սանպերկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, հիւրընկալ վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Թունա Զենկինէլ-Սաիքալի, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ երաժշտասէրներ, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը։

Երեկոյթի տեւողութեան Շահան Արծրունի ներկայացուց իր նշանաւոր «Կանանց կողմէ» յայտագիրը, որ վերջին շրջանին շատ լայն հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ։ Ան իգական սեռէ հայ յօրինողներու դաշնամուրային գործերէն փունջ մը ներկայացուց՝ իւրաքանչիւր գործէն առաջ մանրամասնօրէն անդրադառնալով հեղինակին ու տուեալ ստեղծագործութեան ոդիսականին։ Այսպէս, Գայանէ Չեպոթարեան, Ալիսիա Թերզեան, Գոհարիկ Ղազարոսեան, Մարի Գույումճեան, Լիւսի Հազարապետեան, Սիրվարդ Գազանճեան, Գեղուհի Չիթճեան եւ Սիրվարդ Գարամանուկ բեմին վրայ վերակենդանացան՝ Շահան Արծրունիի դաշնամուրի ստեղնաշարին վարպետ յղումներով։ Անշուշտ, խորապէս զգացական պահ մըն էր երբ ան կը նուագէր իր հարազատ մօրաքրոջ՝ Սիրվարդ Գարամանուկի գործերէն մին՝ մանաւանդ, որ համերգը նախատեսուած էր ի ոգեկոչումն Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ բարեյիշատակ ամոլի։ Հուսկ, որպէս պիս՝ Շահան Արծրունի նուագեց Քլոտ տը Պիւսիի գործերէն մին՝ արժեւորելով համերգի ֆրանսական կրթական հաստատութեան մը համալիրէն ներս կազմակերպուած ըլլալու հանգամանքը։ Եզրափակիչ փուլին յանձնուեցան հիւրընկալ եւ հովանաւոր հաստատութիւններուն համար նախատեսուած յուշանուէրները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ Թունա Զենկինէլ-Սաիքալին եւ վաստակաւոր դեսպան Էօզտեմ Սանպերկի ձեռամբ ալ Պետրոս Շիրինօղլուին յանձնուեցան այդ յիշատակները։

Բոլոր ներկաները արձակուելէ առաջ ջերմօրէն շրջապատեցին Շահան Արծրունին՝ կրկնելով իրեն նկատմամբ իրենց համակրանքն ու գնահատանքը։

  

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025