ԴԱՒԱՆԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉ
Սուրիահայութեան ապագան եւ Հայաստանի դերը միշտ ուշադրութեան առարկայ կը մնան։ Հայկական համընդհանուր օրակարգի հիմնական նիւթերէն մին է սա։ Պեշար Էսատի անկումէն վերջ Սուրիան դանդաղ թելերով կը մանուի՝ տեղի տալով բաւական հանգամանալից հարցադրումներու։ Ի՞նչ վերապահուած է Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Քեսապի, բայց, մանաւանդ՝ Հալէպի հայութեան։ Նոր իրավիճակ ստեղծուած է երկրի մը մէջ, որ անցնող յիսուն տարիներուն կառավարուած էր ընտանիքի մը կողմէ, որ ի հեճուկս ոչ-այնքան արդար ըլլալուն՝ պահած ու պահպանած էր փայլուն կապեր հայկական բոլոր համայնքներուն հետ։ Եզրակացնելու համար եւ հեշտացնելու նպատակով այսօրուայ գործը՝ Էսատ ընտանիքի անցած ճանապարհը պէտք է մէկդի դնել ու նայիլ հայութեան դիմագրաւած հիմնահարցերուն։ Այլ խօսքով, վատ կամ լաւ, Էսատներու իշխանութեան ժամանակաշրջանը պէտք է յանձնուի պատմաբաններու եւ պատմագէտներու դատին. անոնք իրական գնահատականը կու տան՝ աւելի քան կէս դար տեւած հայր եւ որդի Էսատներու իշխանակարգի գործունէութեան։
Ի դէպ, Էսատի կամ Էսատներու մասին խօսիլը բաւական բարդ հարց է՝ յատկապէս հալէպահայերու պարագային, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու բերումով ագուցուած են այդ ընտանիքի առաջին դէմքերու կենսագործունէութեան հետ։ Ու շատ աւելի ծանր մեղադրանքի եւ քննադատութեան թիրախ դարձան անոնք, որոնք Սուրիոյ պատերազմի հրդեհուած օրերուն քաջութիւնը ունեցան բաց կերպով քննադատելու Էսատն ու անոր փտած իշխանակարգը։ Հայութիւնը առաւելապէս (ինչպէս միւս քրիստոնեայ համայնքները՝ յոյն ուղղափառները, կաթոլիկները կամ ասորիները եւ, անշուշտ, ալեւիները) դարձաւ Էսատի պաշտպան փաստաբանը։ Հայութեան մեծ մասն ալ հաւատացած էր, թէ առանց Պեշար Էսատի չկայ փրկութիւն, չկայ Հալէպ եւ չկայ Սուրիա։ Այս բոլորը ըսելով, անշուշտ, պէտք չէ հասկնալ, որ այստեղ նպատակ մը կայ իշխանութեան հասած խմբաւորումները, որոնց գլխաւորը՝ «Հայյաթ թահրիր ալ Շամ»ն է, վարդերով դիմաւորելու կամ անվերապահ վստահութեան առարկայ դարձնելու ճիգ մը կայ, բայց եւ այնպէս, Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով արդէն աւելի քան յստակ է, որ Սուրիա մտած է բոլորովին նոր ժամանակաշրջան մը, որ բոլորէն կը պահանջէ ըլլալ զգօն եւ շրջահայեաց։ Զգօն հայ հայրենակիցներու անվտանգութիւնը աւելիով ուժեղացնելու եւ շրջահայեաց՝ դէպքերը մեծ պրիսմակի մը մէջէն դիտարկելու տեսակէտէ։ Ի վերջոյ, գաղտնիք պէտք չէ համարուի, որ այսօրուայ նոր իշխանութիւնները ճամբայ ելած են յստակ նեցուկով ու յստակ ծրագրով եւ այդ առումով ալ հայութիւնը պարտի նախ հասկնալ նոր իրականութիւնները, որոնցմէ ետք ալ պէտք է տրուին ու հնչեցուին ճիշդ գնահատականներ։
Ամէն պարագայի տակ յստակ է, անշուշտ, որ այս խնդրին առընթեր Հայաստանի իշխանութիւնները (եթէ փափաքին) պէտք է ցուցաբերեն աչալուրջ մօտեցումներ ու իրենց բոլոր լծակները ծառայեցնեն յանուն մէկ եւ միակ նպատակի մը, որն է սուրիահայութեան անվտանգութիւնը։ Այս բոլորին զուգահեռ ու ակնարկելով Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սուրիահայութեան հանդէպ ցուցաբերուած կամ ցուցաբերուելիք նեցուկին՝ կասկածէ վեր պէտք է դասել, որ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններու պարունակին մէջ բաւականին էական գործօններէն մէկը Վատիկան-Անգարա կապն է:
Սուրիոյ հայութեան կեանքի եւ անվտանգութեան խնդիրները կը պահանջեն լայն եւ ընդգրկուն աշխատանք։ Ընդ որում, աշխատանք ո՛չ միայն բացառապէս տարհանման տրամաբանութեամբ, այլ թերեւս նաեւ Սուրիոյ մէջ նոր իրավիճակի պարունակին մէջ անոր կենսագործունէութեան ապահովման հաւանական հեռանկարին ուղղութեամբ: Կը թուի, թէ Սուրիոյ մէջ Էսատի անկումէն եւ, ըստ էութեան, թրքական ազդեցութեան մեծացումէն վերջ, անպատկերացնելի է հայութեան մշտական կեցութիւնը այնտեղ: Այդուհանդերձ, ամենեւին պատահական չէ յիշատակուած Վատիկանի հանգամանքը: Բանն այն է, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքներու շրջանակը չի սահմանափակուիր միայն հայութեամբ: Ընդհուպ գոյութիւն ունի նաեւ գործօնը կաթոլիկ արաբներու, որոնք, անկասկած, անհամեմատ աւելի մեծ թիւ կը կազմեն: Հետեւաբար, կասկածէ վեր է, թէ այդ պարունակին մէջ կը քննարկուի թերեւս ո՛չ թէ անոնց տարհանման, այլ նոր պայմաններու մէջ կենսագործունէութեան կազմակերպման հարցը: Սա ընդհանուր խնդիր մըն է եւ, ընդհանրապէս, համաշխարհային քաղաքականութեան դաւանաքաղաքական առանցքային բաղադրիչի իմաստով: Ըստ այդմ, Հայաստանն ալ թերեւս սուրիահայութեան հարցը պէտք է քննարկէ՝ հաշուի առնելով այն նուրբ շերտերը, որոնք այսօր՝ ըլլալով իսկապէս անվտանգութեան առաջնահերթ խնդիր, լայն իմաստով Հայաստանի համար ի հարկէ կրնան ըլլալ նաեւ պարզապէս աշխարհաքաղաքականութեան համեստ միջոց: Առաւել եւս, Սուրիոյ մէջ մնացած փոքրաթիւ հայութիւնը, ըստ էութեան, որոշակի իմաստով բաւական խորքային ներգրաւուածութիւն ունի տարածաշրջանային ազգագրա-մշակութային կառուցուածքին մէջ: Ի հարկէ անխօս է, որ այդ միջոցի որեւէ դիտարկում պէտք է ըլլայ անվտանգութեան հարցի աներկբայ գերակայութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան