ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐ ԵՒ ԽՕՍՈՅԹՆԵՐ

Հայաստանի համար շատերուն տեսակէտէ ներկայ տարին պիտի ըլլար ընտրութիւններու տարի։ Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ երկրի ներքին քաղաքական կեանքը, անշուշտ, յայտնի չէ։ Ինչպէ՞ս կրնան ըլլալ այն զարգացումները, որոնք տեղ մը նոր եռանդ պիտի բերեն քաղաքական խորապատկերին։

Տխուր է, անշուշտ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ քաղաքական կեանքը այնպիսի մեծ ցնցումներէ անցաւ, որ տեղի ունեցան տարերային բեւեռացումներ։ Իւրաքանչիւր կողմ խաղին մասնակից դարձաւ՝ ունենալով մէկ ու միակ հիմնարար ընտրանք մը, որ էականօրէն առընչուեցաւ ու կապուեցաւ միայն ու միայն միւս կողմը արմատախիլ ընելու եւ ոչնչացնելու գաղափարին հետ։ Նոյն այդ ուժերը, ընդդիմութիւնը եւ իշխանութիւնը մոռցան երկու կարեւոր բան. առաջին՝ այս փուլը ներքին խաղեր տալու փուլ մը չէ, զիրար հարուածելու կամ ոչնչացնելու փուլ մը չէ, այլ միայն ու միայն ներքին համաձայնութեան մը կապուած է Հայաստանի կայուն, բայց, ծանր վիճակը։ Երկրորդ՝ անոնք մոռցան, որ բոլորովին անհնար է՝ կողմերէն մէկուն ամբողջապէս ոչնչացումը միւսին կողմը։ Այս բոլորը ապրուեցաւ 2018 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն զուգահեռ, երբ նախկին իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը դարձաւ մեծ հարուածներու թիրախ, սակայն, ոչ ոք յաջողեցաւ այդ ուժը ոչնչացնել։ Այսօր ալ, հակառակ տկար համարուելուն, այն կը շարունակէ ներկայութիւն մնալ ներքին քաղաքական երանգապնակին ու կեանքին մէջ։

Այս բոլորը արձանագրելով՝ նաեւ ապահով պէտք է ըլլալ, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները նոյնպէս ունին ընդունակութիւնն ու ներուժը դիմանալու հաւանական փորձութիւններու, եթէ յանկարծ տեղի ունենայ իշխանափոխութիւն մը։ Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ այսօրուան դրութեամբ երկրի իշխանութիւնը առաջուան ներուժը չունի։ Սա բնական ընթացք մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուժ, որ իշխանութեան կը հասնի, ժամանակի ընթացքին կը գործէ սխալներ, կ՚ունենայ բացթողումներ ու հետզհետէ ընթացք կ՚առնէ անոր նահանջի ժամանակը։ Հետեւաբար, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կանգնած են լուրջ խնդիրներու առջեւ՝ հակառակ անոր, որ երկրի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թոյլ ընդդիմութիւնը կերպով մը կը զօրացնէ իրենց դիրքերը եւ տեղ մըն ալ կ՚ապահովէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու իշխանակարգի հանգիստ վերարտադրումը։ Բաց աստի, երկրին մէջ առկայ է այնպիսի իրականութիւն մը, որուն մասին Հայաստանի «հպարտ» քաղաքացիներուն կարեւոր մէկ տոկոսը կը յայտնէ, թէ իշխանութիւնները բախտաւոր են, որովհետեւ կայ թոյլ ընդդիմութիւն մը, անոնք կերպով մը կը համալրեն զիրար, կը գործակցին իրարու հետ։ Սա շատ յայտնի ընկալում մըն է, որ առաւելաբար տարածուած է աւելի լուսանցքային դարձած ուժերուն կողմէ։ Անոնք տեղ մը իրենց ճարահատութիւնը կը փորձեն բեռնել թէ՛ իշխանութեան եւ թէ արմատական դիրքերէ ներկայացող ընդդիմութեան ուսերուն։

Այս բոլորին հետեւանքն է այսօր Հայաստանի մէջ տիրող «զգայազուրկ» եւ անտարբեր վիճակը, որուն պատճառով երկրին մէջ կը բացակայի քաղաքական առողջ կեանքը։ Ի վերջոյ, քաղաքականութիւնը կարելիի հնարաւորութիւնն ու արուեստն է եւ Հայաստանի պարագային վերածուած է թանձր եւ սպասողական ձանձրոյթի մը, որուն հետ ալ կը հոսին անտարբերութիւնն ու անվստահութիւնը։ Այս բոլորը երկրին ի վնաս են, որովհետեւ «փոխադարձ հասկացութիւն» ըսուած բանը դադրած է գոյութիւն ունենալէ եւ դուրս եկած է շրջանառութենէ։ Այս բոլորը «բարի վարուց» վիճակի մը, բարութեան մը կամ աւելի թանձր հայրենասիրութեան մը մասին չեն, անշուշտ, այլ պահն ու պահու լրջութիւնը ճիշդ դիտարկելու կենսականութեան մասին կը խօսին. բան մը, առանց որուն ալ շատ աւելի դժուար կրնան ըլլալ ապագայ ժամանակները։ Ամէն պարագայի Հայաստանին այսօր առաջին հերթին պէտք են փոխվստահութիւն, անկեղծութիւն, ստեղծուած դրութիւնը ճիշդ դատելու քաջութիւն՝ առանց որոնց անկարելի է տեսնել դրական շարժ մը դէպի աւելի յստակ եւ կանխատեսելի ապագայ։

Այս բոլորի առընթեր կան մի քանի բանալի բառեր, որոնցմէ մին ընտրութիւններու երթալու ընտրանքն է, որ, սակայն, խորքային լուծումներ չ՚երաշխաւորեր։ Վերլուծաբաններ ալ յաճախ կ՚անդրադառնան հաւանական կանխահաս ընտրութեան մը հեռանկարին։ Այսպէս, այդ հաւանական ընտրութեան էութիւնը հետեւեալն է. պայքարիլ իշխանութեա՞ն, թէ ընդդիմութեան համար։ Առաջին պարագային՝ այդ այլ հոգեվիճակով, ընդգծուած վճռականութեամբ, սեփականհնարաւորութիւնները իրական գնահատելով ընտրութեան երթալն է, միւսը՝ ընդդիմադիր հանգիստի համար պայքարը, որու մղումը բացառապէս անձնական է։

Այժմու իշխանութիւնը բնականաբար ունի իր հաշուարկները եւ իրեն համար ձեռնտու է 2021-ի մրցակցային պատկերը։ Իշխանութիւնը, բնականաբար, կը հասկնայ, որ չունի նախկին ձայները, բայց, կը հասկնայ նաեւ, որ միւսներն ալ չունին իրենց նախկին ցուցանիշները։ Համաչափ կամ նոյնիսկ անհամաչափ կորուստներով նոյն մրցակցային դաշտը հնարաւորութիւն պիտի տայ իշխանութեան վերարտադրուելուն։

Քաղաքական մեկնաբաններու համոզմամբ՝ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններով երկրի մէջ խորքային սկիզբ մը ունենալու համար անհրաժեշտ են նո՛ր ուժեր, նոր միաւորներ, նոր դաշինքներ, նոր գաղափարներ։ Այստեղ սիրել-չսիրելու հարց չկայ։ Սա ներկայ-նախկին հարցն ալ չէ։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք եւ յաջողութեան հաւանականութիւն ունին նաեւ 2021-ի դերակատարները։ Այլ հարց է, որ սա պէտք է ըլլայ ճիշդ ձեւաչափերով եւ ճիշդ ըսելիքով։ Սա հնարաւոր է ընել, եթէ ըլլան նոր միաւորներ. նո՛ր, թէկուզ այս պահուն անհաւանական թուացեալ դաշինքներ, նոր խօսոյթներ՝ գոնէ այն պարզ պատճառով, որ այսօրուան եւ 2021-ի իրականութիւնները լրիւ տարբեր են։

Եթէ կարելի ըլլայ ձեւաւորել հաւաքական ուժ մը կամ ուժեր, Հայաստանին նոր բան առաջարկելու համար, ապա երկիրը պիտի ունենայ յաջողութիւն։ Իսկ եթէ խնդիրը ըլլայ հերթական անգամ ընդդիմութեան մէջ մնալը, ապա սա մասնաւոր շահու սպասարկում է եւ ընդդիմադիր ուժերու ճարտարապետներն ու մասնակիցները այս բանը պէտք է սկիզբէն ազնուօրէն ընդունին։

Հայ ընտրողը պատրաստ է դուրս գալու տունէն եւ երթալու ընտրատեղամաս, եթէ տեսնէ, որ իսկական հնարաւորութիւն մը ունի։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025