ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ
4. Հարստութիւնն ու աղքատութիւնն ալ այսպէս է եւ երբեմն ալ դիպուած. եթէ հարստութիւնը յատուկ Աստուածային պարգեւ է մասնաւոր անձերու, ըսել է, թէ հարուստները սիրելի են, վա՜յ աղքատներուն:
Հարստութիւնն ու աղքատութիւնը յաճախ աշխատութեան եւ ծուլութեան արդիւնք են, ինչ բանի համար Սողոմոն Առակաց գիրքին մէջ մի քանի տեղ խօսած է այդ մասին. իսկ երբեմն ալ դիպուածով կ՚ըլլայ. որովհետեւ աշխարհի վրայ կան բազմաթիւ հարուստներ, որոնք հարստանալու արժանիք չունին, այլ՝ դիպուածով հարստացած են, նոյնպէս, կան բազմաթիւ հարստութեան արժանիք ունեցող աղքատներ, որոնց ձախողման դիպուածն ու պարագան արգելք եղած են, այլապէս աղքատութիւնը թշուառութիւն է, Աստուած չ՚ուզեր, որ մարդ թշուառ ըլլայ, Աստուած բարի է եւ բարիէն չար չի՛ գար:
Առ հասարակ եւ ընդհանրապէս այսպէս է, որ ազատ կամքի կը վերաբերի, իսկ Աստուածային կանխագիտութեան մէջ երբեմն կ՚ըլլան մասնաւորներ, որոնք տարբեր են. օրինակ, Դաւիթ կ՚ըսէ. «Ահա մեղաւորներն են եւ յաջողութիւն գտած են». ուրիշ տեղ մըն կը կարդաս՝ «կինդ իբրեւ վայելուչ այգի». այսինքն, տեղ մը կ՚ըսէ «գէշ մարդիկն ալ հարուստ կ՚ըլլան», որ վերը ըսուած դիպուածին կը վերաբերի, իսկ քանի մը տեղ ալ աշխարհիս վայելքը բարի մարդոց կու տայ, այս ալ ուրիշ խնդիր է. այնպէս որ, ուզէ դիպուածով ըլլայ, ուզէ աշխատութեամբ ըլլայ, ուզէ գէշ մարդոց ձեռքը գտնուի, ուզէ բարի մարդոց, աշխարհի վրայ հաստատութիւն դնողը Աստուած է, այդ պատճառով մենք առ հասարակ «Աստուած տուած է, որ հարուստ եղած է», կ՚ըսենք, որ ըսել է, թէ հարստութիւնը ըստ մասնաւորին Աստուծոյ տուրք չէ, իսկ ընդհանրականին համեմատ ալ առանց Աստուծոյ բան մը եղած չէ. գալով մասնաւորին՝ Աստուած Յոբին հարստութիւն տուաւ, անկէ ետ առաւ. դարձեալ տուաւ. այսպիսիներուն Աստուածային մասնաւոր գաղտնիք կ՚ըսուին, որ մեր խելքէն վեր է: Նոյնպէս Պօղոսին եւ միւս առաքեալներուն մասնաւոր կոչումը:
5. Դաւիթին ըսած օրհնեալ հարուստը «սկիզբէն օրհնեալ էր, որ հարուստ եղաւ» չենք կրնար ըսել, այլ՝ հարստութիւնը արդէն Աստուած աշխարհի վրայ դրած էր առ հասարակ, թէ՛ դիպուածով, թէ՛ խելքով եւ թէ աշխատութեամբ հարուստ ըլլալէն ետք կու գայ անոր անէծքն ու օրհնութիւնը, այն է Դաւիթ հարուստներու վրայ առաքինական պարտք մը կը դնէ. նոյնպէս Պօղոս հարուստներուն առաքինի ըլլալ կը պատուիրէ. նախ, կ՚ըսէ, թէ արծաթասիրութիւնը կռապաշտութիւն է (Ա. Տմ 6.10), ետքը կ՚ըսէ, թէ հարուստները առատաձեռն թող ըլլան: Ագահ հարուստին համար Յակոբն ալ վայ կը կարդայ: Քրիստոս շատ-շատ դժուար կը համարէ անոնց Արքայութիւն մտնելը: Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, թէ հարստութիւնը Աստուած ընդհանուր կերպով տուած է, իւրաքանչիւր մարդու ձեռք կրնայ անցնիլ: Հարուստ ըլլալ չփափաքիլը եկեղեցականին համար պարտք է, աշխարհականին համար՝ ծուլութիւն, գոհ չըլլալը՝ ագահութիւն: Հարստութեան արժէքը չգիտնալը որկրամոլութիւն, շռայլութիւն եւ տգիտութիւն է: Հարստութեան համեմատ առաքինութիւն չգործելը անիծեալ եւ վայերու արժանի պիղծ հարստութիւն է, որոնք ընդհանրապէս ազատ կամքի գործեր են եւ ո՛չ թէ նախասահմանի:
Մենք նախասահմանութեան վկայութիւն փնտռած ժամանակ, Աստուածային մասնաւոր գաղտինքներուն դիմելու իրաւունք չունինք: Հիւանդութիւնը մարդուս վրայ յաճախ բնութեան դէմ մեղանչելէն կու գայ, որով մեղքերու պատճառով մարդոց կեանքը նոյնիսկ կարճցաւ, երբեմն ալ բնութեան Հեղինակին դէմ մեղանչելով, որ դարձեալ մեղք ըսել է, այն է՝ հիւանդութիւնը մեծաւ մասամբ եւ առ հասարակ մեղքէն յառաջ կու գայ, որովհետեւ Աստուած մարդուն բանական կարողութիւն տուած է չարն ու բարին ճանչնալու. այդ պատճառով Քրիստոս հիւանդներուն կ՚ըսէր. «Ահա առողջացար, այլեւս մի՛ մեղանչեր», ըսել է մեղքէն յառաջ եկած է եղեր, ուրեմն ազատ կամքի գործ է:
6. Աստուած Իր կանագիտութեան մէջ կը սահմանէ մասնաւորապէս մէկու մը համար, որ բարի ըլլայ. այդ սահմանուածը նոյնիսկ ազատ կամքով սահմանին դէմ կրնայ կենալ: Օրինակ, ուրիշ մասնաւոր սահմաններ մեզմէ պահուած են. Սողոմոնին մասնաւոր եւ յայտնի սահմանը գիտենք, թէ՝ «քեզի պէս եկած չէ եւ պիտի չգայ». ահաւասիկ սահման մը. ասկէ ետք գործը ազատ կամքին կը ձգէ. «Եթէ հօրդ՝ Դաւիթին նման քալես» (տե՛ս Գ. Թգ 3.12-15): Նոյնպէս Պօղոս ընտրութեան անօթ կոչուեցաւ: Սողոմոն ազատ կամքով մեղանչեց, իսկ Պօղոս մարմինին եկած ցանկական կիրքերուն յաղթեց (տե՛ս Հռ 7.23):
Նախասահմանին դէմ խօսիլը Աստուծոյ գիտութեան դէմ մեղանչել չէ, այլ Աստուածային գաղտնիքներուն անճառելիութիւնը խոստովանիլ, մանաւանդ՝ մարդկային ցեղին մէջ դրած բանական հոգիին ուժը եւ կարողութիւնը պարզել, հետեւաբար, ըստ մասնաւորին, եթէ ոեւէ մէկը Աստուծոյ կողմէ պատժուի, պէտք չէ դժգոհի, այլ՝ պէտք է հաւատալ, թէ Աստուծմէ եկածը բարի է, մանաւանդ, որ Աստուած բարի եւ արդար է, իսկ արդարութիւնը վարձք եւ պատիժ կը պահանջէ: Այսօր կը մեղանչենք, վաղը դարձեալ կը զղջանք. ըստ արդարութեան կարիք կ՚ըլլայ, որ անմիջապէս պատժուինք, քանի որ բանական հոգին՝ մեղանչելուն գէշ ըլլալը գիտէր, ուստի պէտք էր, որ չմեղանչէր: Սակայն, այս աշխարհին վրայ Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը տիրէ Իր արդարութեան հետ, այլապէս Անոր արդարութեան առջեւ ապրելու իրաւունք ալ չունինք: Տե՛ս, թէ Անոր արդարութիւնը մեղանչող հրեշտակները չներեց, որովհետեւ անոնք հողեղէն չէին, իսկ մենք հողեղէններս Անոր ողորմութեան եւ շնորհներուն կարօտ ենք:
7. Նոյնիսկ աշխարհի վրայ ապրելու մէջ մեծ վտանգներ կան. նաւու մէջ նստիլ, ձի հեծնել, տան մէջ նստիլ, պատերազմիլ, մէկ խօսքով աշխարհը վտանգ է. փայտի մը ծայրը՝ մարդ մը կը մեռցնէ՝ եթէ Աստուած չխնամէ. ասոր համար է, որ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, ի զուր կը չարչարուին շինողները»: Այս վտանգներէն Աստուած մեզ կը պահէ պահապան հրեշտակներուն միջոցաւ. «Անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն Հօրս երեսը, որ երկինքին մէջ է». ասոր համեմատ, եթէ Աստուած մէկուն չխնայել կամ պատժել ուզէ, ո՛չ թէ մէկը ծով ձգելու կը մղէ, այլ՝ ըստ արդարութեան չողորմելով՝ պահպանութիւնը ետ կը քաշէ, որովհետեւ մարդը ինքն իրեն միշտ իյնալու հակամէտ է: Աստուած փորձութիւններուն մասնակից չէ. այս պատճառով Քրիստոս՝ «եւ մեզ փորձութեան մի՛ տանիր» աղօթել սորվեցուց:
Աստուծոյ ողորմութիւնը, արդարութիւնն ու սահմանը չի՛ փակուիր, կայ ըլլալը մեզի ծանօթ է, իսկ չափը՝ գաղտնի, սակայն, Անոր նախախնամութիւնը եւ մեր ազատ կամքը յայտնի եւ ընդհանուր, հետեւաբար, մենք ընդհանուրի կը վերաբերինք եւ ո՛չ թէ մասնաւորի, ուրեմն պէտք է չմեղանչենք երկինքին համար, հոգիով եւ մարմինով չպատժուելու համար. որովհետեւ բնութեան Հեղինակը՝ մարդուն մէջ բանական հոգի ալ դրած է, մասնաւոր վարձքն ու պատիժն ալ Աստուծոյ կամքէն կախեալ է, որ մենք չենք գիտեր:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 14
Վաղարշապատ