Ալէն Սիմոնեանի Գումգաբու այցելութեան լոյսին տակ… (1)

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի շաբաթավերջին Գումգաբու տուած այցելութիւնը զուտ քաղաքավարական կամ արարողակարգային բնոյթ չունէր։ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքին կողմէ իր հիւրընկալման արձագանգները կը շարունակուին։ Սիմոնեան Պոլիս եկած էր՝ Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Պատրիարքարան ալ այցելեց։ Առ երեւոյթ թէեւ ամէն ինչ այսքան պարզ էր, սակայն, կային նաեւ այլ ծալքեր՝ մանաւանդ, որ խորհրդարանի նախագահը նախընտրեց պոլսահայ մամուլին համար ասուլիսն ալ սարքել նոյնպէս Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Անոնք, որոնք ուշագրաւ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, այս այցը կրնան մեկնաբանել զանազան երեսակներով ու մատնանշումներով։ Հարկ է նշել է, որ Գումգաբուէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը ուշագրաւ էր ինքնին, իսկ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ ասուլիսի ժամանակ օգտագործուած նրբանկատ բանաձեւումներն ալ եկան բանալիներ մատուցել պաշտօնական հրապարակումներու երանգաւորման տեսակէտէ։ Թէ ի՞նչ ծալքերով կրնայ դիտարկուիլ այս համայնապատկերը…

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ 2025 թուականի ամառէն ի վեր կը տիրէր պղտորութիւն մը։ Երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ ժամանակ եկած էր Պոլիս, հոգեւորականաց դասը մերժած էր զինք հիւրընկալել։ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքը թէեւ քաղաքէն կը բացակայէր, սակայն, այդ ընթացքը որդեգրուած էր իր հաւանութեամբ։ Դէպքը երկար զբաղեցուցած էր՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։

Շուրջ տարի մը անց, Ալէն Սիմոնեանի այցով քարերը ինկան իրենց տեղը։ Պատրիարքական Աթոռը զգալի դարձուց, որ նպատակ չունէր եւ չունի իր կողմէ կամ իր մասով հրահրել՝ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը։ Պարզապէս հաշուի պէտք է առնել բաղդատութիւն մը։ Ըստ երեւոյթին, ժամանակագրական հանգամանք մը էական դեր խաղացած է երկու այցելութիւններու համեմատութեան պարագային։ Վարչապետ Փաշինեան Պոլիս այցէն անմիջապէս առաջ «պոռնկաբարոյ» որակած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Անձնական վիրաւորանքէ անդին՝ Վեհափառ Հայրապետին դէմ հայհոյախառն արտայայտութիւնները ծնունդ տուած էին մեծ պոռթկումի մը, որ պայմանաւորած էր հոգեւորականաց դասուն հակազդեցութիւնը։

Ալէն Սիմոնեան տեղին ձեւով նախընտրեց Պոլսոյ մէջ ըլլալ աւելի հաւասարակշռուած։ Թէեւ ան Հայաստանի իշխանական վերնախաւի այն դէմքերու շարքին է, որ արմատական ընթացքի կը հետեւի եկեղեցւոյ դէմ, սակայն, ի պատիւ իրեն՝ այդ խօսոյթը չտեղափոխեց Պոլիս, ինչ որ յարիր էր պետական գործիչի։ Իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապին անդրադառնալով՝ խորհրդարանի նախագահը յստակ պարզեց իր միտքերը՝ առանց անուններ տալու։ Սա ստեղծեց դրական վիճակ։ Արդարեւ, եթէ Սիմոնեան այդպէս չվարուէր, ապա Վեհափառ Հայրապետին մասին պիտի խօսէր՝ աւազանի անունը տալով, ինչ որ պիտի ըլլար անարգական եւ ընդվզեցուցիչ, նաեւ դժուար կացութեան պիտի մատնէր Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքը, որու դիրքորոշումն ալ միանշանակ չընկալուիր՝ տարեսկիզբին Սանկտ Փոլթենի մէջ կազմակերպուած եպիսկոպոսաց հաւաքէն ի վեր։ Այսպէսով, Սիմոնեան յաջողեցաւ խնդիրը մատուցել սկզբունքային հարթութեան վրայ՝ առանց իր կողմէ շեղումի կամ զիջումի, իսկ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքը յաջողեցաւ Վեհափառ Հայրապետին դէմ անարգանքի հաւանականութիւն մը կանխել՝ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։ 

Պատրիարքի եւ խորհրդարանի նախագահի այս յաջողութիւնները զիրար կը լրացնեն այլ էական կէտի մը վրայ։ Արդարեւ, Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ են պնդումներ, ըստ որոնց՝ իշխանութիւնները հակաեկեղեցական արշաւ կը ծաւալեն Թուրքիոյ պահանջով։ Թրքահայ կեանքէն ներս ալ շրջանառութեան մէջ դրուած են պնդումներ, ըստ որոնց՝ Թուրքիա կը ձգտի գահընկեց ընել Վեհափառ Հայրապետը եւ տեղը բերել Մաշալեան Պատրիարքը, որ կը մնայ իր վերահսկողութեան տակ։ Այս բոլորը թէ՛ միջպետական յարաբերութիւններու տրամաբանութեան տեսակէտէ կասկածելի է եւ թէ տուեալ պահու քաղաքական իրադրութեան առումով բաւական վիճելի։

Ուստի, Ալէն Սիմոնեան եւ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքը նպատակայարմար հունի մը մէջ դնել յաջողեցան՝ իշխանութիւն-եկեղեցի ճգնաժամի Պոլսոյ մէջ քննարկումը, ինչ որ չափազանց ենթակայական, նոյնիսկ դաւադրական տեսութիւններու մօտեցումներու ծանրութենէն մասամբ փրկած է խնդիրը, որ առանց այդ ալ արդէն բաւական բարդ է։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026