ՃԿՈՒՆ ԵՒ ԱԶՆԻՒ

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու փուլի աւարտը հիմնական առանցք մըն է, որուն շուրջ կը դառնայ մեծ օրակարգը։ Իշխանութիւններուն համար կարեւոր ձեռքբերում մը կը համարուի այս փուլի յաջողութեամբ պսակումը։ Շատ քիչ բան կը հաղորդեն երկու կողմերը՝ համաձայնութեան հասցուած կէտերու ամբողջական բովանդակութեան եւ դրոյթներուն մասին։

Առանց չարակամ ըլլալու, յստակ է, անշուշտ, որ իւրաքանչիւր բանակցող կողմ (իր դիրքերու թոյլ եւ ուժեղ կողմերը հաշուառելով հանդերձ) պիտի ուզէ շատ քիչ բան բաժնել իր հանրութեան հետ՝ այն պարագային մանաւանդ, երբ այս համաձայնեցումը երեւելի կը դառնայ յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղութեան մը հասնելու ոչ-այնքան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այստեղ յստակ ու բացայայտ է, անշուշտ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ո՛չ միայն չի պատրաստուիր համաձայնութեան տակ իր ստորագրութիւնը դնելու, այլեւ կը պատրաստուի յաւելեալ ու բաւական նոր պայմաններ «շռայլել» Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ողջ հայ ժողովուրդին առջեւ։ Հոս, անշուշտ, գոյութիւն ունի հոգեբանական երեսակ մը, որ առաւելաբար կը մատնէ այն «ներքին ահ»ը, որմէ կը տառապի Ալիեւի վարչամեքենան։ Ու ատոր որպէս «հիմնարար» դրոյթ՝ Ալիեւ կը շարունակէ նորանոր պայմաններու լեզուով խօսիլ, տեղ մըն ալ «խաղաղութեան պայմանագիր» կոչուածը դարձնելով «անկարելի կարելիութիւն» մը։

Միւս կողմէ, այս բոլորին զուգահեռ՝ յստակօրէն կ՚երեւի, կը հասուննայ, կ՚աճի այն միջազգային կանաչ լոյսը, որ կը տրուի երկու կողմերուն՝ հաւասարապէս։ Այլ խօսքով՝ թէ՛ Արեւմտեան պլոքը (թէկուզ եւ առաջուան ներդաշնակութենէն զրկուած) եւ թէ Ռուսաստան (անոր կողքին նաեւ Թուրքիան, Արաբական ծոցի երկիրները կամ նոյնիսկ միջազգային կազմակերպութիւնները) իրարու առիթ չտալով կ՚ողջունեն երկու երկիրներու միջեւ ապահովուած այս սկզբնական համաձայնութիւնը ու ի սրտէ կը ցանկան, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան վայրկեան առաջ վերջնական խաղաղութեան մը հասնին։ Պէտք չէ, անշուշտ, աչքէ հեռու պահել միջազգային այն մթնոլորտը, որ այսօր խառնած է բոլոր մակարդակի խաղաքարտերը եւ որուն հիմնական առանցքը կը կազմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանագներ-Ռուսաստան շփման նոր ձեւաչափը, որ նաեւ օգտակար պիտի դառնայ (եթէ դրականօրէն շարունակուի) Ուքրայնայի տագնապի հանգուցալուծման։ Այս ընդհանուր եղելութեանց մէջ կարեւորագոյն դեր ունին մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութին։

Նոյն այս յարաբերակցութեան մէջ նշմարելի է, անշուշտ, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները տեղ մը փոխած են իրենց արտաքին ընկալումները եւ կերպով մըն ալ կը փորձեն համակերպիլ ստեղծուած նոր պատկերին հետ։ Դերակատարները նոյնն են, անշուշտ, ու այս ծիրին մէջ անկարելի է անտեսել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին հեռախօսազրոյցը՝ Փութինին հետ։ Այդ զրոյցէն վերջ ի լուր աշխարհի յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ մայիսին Փաշինեան պիտի համալրէ Մոսկուայի սրտին վրայ նախատեսուած «Յաղթանակի փառատօն»ին մասնակցելիք դէմքերու շարքը։ Սա, ի հարկէ, կը վերաբերի շատ կարեւոր առանցքի մը, որուն դիմաց հարկ է դիտարկել այն ձեւաչափերը, որոնք կրնան մօտիկ ապագային աւելի յստակ կերպով ուրուագծուիլ եւ հաւանաբար ալ յաջողութեան մը տանիլ (կամ նոր աստիճանի մը բարձրացնել) Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը։

Այս բոլորին առընթեր, անշուշտ, կը բացուի տասնեակ հարցադրումներու մեծ տոպրակը, որ ընթացք կ՚առնէ Հայաստանի ներքին քաղաքական ընդհանուր վիճակէն ու կրնայ յանգիլ ու հասնիլ մինչեւ ներքին ցնցումներու ալիքի մը՝ ընդհուպ մինչեւ վաղահաս ընտրութիւններու օրակարգը, որ միշտ ալ կը շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր «նեղի մատնուած» իշխանութեան դարակներուն մէջ։

Արցախի հարցը, արցախցիներու խնդիրը, վերադարձի իրաւունքը, Հայաստանի սահմանային հատուածներէն Ատրպէյճանի ուժերու հեռացումը եւ ասոր կողքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց օղակները ապագային եւս պիտի շարունակեն մնալ կիզակէտի վրայ ու այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը այն է, որ Հայաստան՝ յատկապէս այս բոլորին հասնելու համար կարիքն ունի միջազգային նեցուկի մը, որ պիտի համարուի այս գործընթացներուն տէրն ու կնքահայրը։

Ի դէպ, այս բոլորին մասին, բայց, յատկապէս՝ Հարաւային Կովկասի հաւանական փոփոխութիւններու եւ միջազգային թատերաբեմի գործընթացներուն մասին օրերս ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է յայտնի դիւանագէտ Աւետ Ադոնց, որ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն է։ «Տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու համար նպատակայարմար է վերակենդանացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ «ապասառեցնել» Հայաստանի մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին» խորագրեալ այս յօդուածին մէջ հեղինակը կ՚ըսէ. «Կասկածէ վեր է, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած է հաստատուիլ նոր աշխարհակարգը, որուն զուգահեռ՝ միջազգային քաղաքականութեան եւ յարաբերութիւններուն մէջ կը ձեւաւորուին նոր կանոններ եւ միտումներ։ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գալով՝ այս գործընթացի շարժը կտրուկ արագացած է։ Եթէ տնտեսագիտական եւ թուաբանական լեզուով ձեւակերպենք ԱՄՆ-ի նախագահի կառավարման առաջին շրջանի տրամաբանութիւնը, ապա այն կ՚ունենայ հետեւեալ տեսքը. ռիսքերու եւ ծախսերու նուազեցում՝ մեծ շահոյթի, կայուն զարգացման ու հեռանկարներու ամրապնդման համար»։

Ըստ դիւանագէտին՝ ռիսքերը հիմնականին մէջ կը վերաբերին միջազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան օրակարգին։ Այս օրակարգն է, որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ լարուածութեան մակարդակը բարձր կը պահէ, միջազգային հանրութեան առջեւ բացած է անորոշութեան, անկանխատեսելիութեան եւ երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը բռնկման իսկական հեռանկարը։ Եւ Թրամփի հնչեցուցած միտքը, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, պէտք չէ թոյլ տալ համաշխարհային պատերազմի մը՝ առանցքային էր ովալաձեւ աշխատասենեակին մէջ՝ Զելենսքիի հետ հանդիպման ժամանակ։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի քաղաքական ուղղութեան կտրուկ շրջադարձը նշանաւորուեցաւ ո՛չ միայն Թրամփի առաջին հրամանագրերով, այլեւ փոխ-նախագահ Վենսի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի դասախօսութեամբ՝ ուղղուած Եւրոպայի վերնախաւին ու տակաւին պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի՝ հեռուստատեսութեամբ խաչը ճակատին ի յայտ գալով եւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) աշխատանքի սառեցմամբ:

Բացի Ուքրայնայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն, լարուածութեան օճախ մնալ կը շարունակէ Հարաւային Կովկասը, ուր Հայաստան պարտուած է Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին եւ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ Արցախի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս ճանաչումէն ետք ալ իրավիճակը դեռ հեռու է կայուն ըլլալէ։ Արցախի մէջ էթնիք զտումներէ եւ 120 հազար հայերու արտաքսումէն ետք, Ատրպէյճան ամենաբարձր մակարդակով կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ այս անգամ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ։

Պէտք է հասկնալ նաեւ, որ Թրամփի խորքային քայլերու պայմաններուն մէջ ժամանակակից աշխարհի նոր միտումն է՝ անհատներու եւ անհատական կապերու դերի մեծացումը։

Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը հեշտ չէ, բայց, հնարաւոր է։ Սա առարկայական անհրաժեշտութիւն է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ տարածաշրջանի համար։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է յառաջ տանիլ ո՛չ միայն առեւտրատնտեսական բաղադրիչը, այլեւ պէտք է սկսիլ քաղաքական երկխօսութեան վստահութեան մթնոլորտի մէջ եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անվտանգութեան օրակարգին։ «Տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու համար նպատակայարմար է աշխուժացնել «3+3» ձեւաչափը, վերակենդանացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ «ապասառեցնել» Հայաստանի մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին», համոզուած է Աւետ Ադոնց, որու խօսքով՝ սա պէտք է ընեն բանիմաց, փորձառու եւ պատասխանատու մարդիկ, որոնք կ՚առաջնորդուին Հայաստանի, հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ բազմամիլիոն սփիւռքի շահերով, որու զգալի մէկ մասը կ՚ապրի Ռուսաստանի մէջ։ Դիւանագէտի կանխատեսումներով՝ յաջորդաբար Հայաստան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ վերականգնելու իր տեղը տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան մէջ։ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ ճկուն եւ ազնիւ», եզրափակած է հեղինակը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025