ՆԵՐԵԼԸ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ ՉՈՒՆԻ
Ներելը այսօրուան մարդուն հայեցողութեամբ տկարութեան եւ թուլութեան նշան է: Զօրաւոր մարդը ներելու կարիք չունի, յաջողակ մարդը ներելու կարիք չունի, որոշ բարձրութեան մը կամ դիրքի մը հասած մարդը ներելու կարիք չունի, որովհետեւ այդ արարքը տուեալ մարդուն տկարութիւնը, թուլութիւնը ցոյց կու տայ:
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, սակայն, ներելը զօրութեան նշան է: Ըսուած է, թէ «զօրաւորներն են միայն, որ կրնան ներել», կամ՝ «ներելը յատուկ է զօրաւոր կամք ունեցողներուն»: Տէր Յիսուս Տէրունական աղօթքը սորվեցուցած ատեն, ներումի մասին ալ սորվեցուց մեզի, ըսելով. «Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են» (Մտ 6.12): Տէր Յիսուս ներումը չի՛ սահմանափակեր, այլ՝ կ՚ընդհանրացնէ, որով մարդ պարտաւոր է բոլորին ներելու, առանց խտրութեան:
Էմմանուէլ Քհնյ. Նազարեան գլխաւոր հինգ կէտեր կը թուարկէ ներելու մասին, ուր մանրամասն կը բացատրէ, թէ մարդ միշտ եւ բոլոր պարագաներուն պէտք է ներէ.
«Բայց մեզի՝ վշտացողներուս, մեր սիրտը խոցողներուն ներելու համար պէտք չէ մոռնանք հինգ գլխաւոր բան.
1) Ներել առանց բացատրութեան, այսինքն՝ առանց յիշելու այն պատճառները, որոնցմէ առաջ եկած է յիշաչառութիւնդ ու ատելութիւնդ քեզ վիրաւորողին նկատմամբ։ Ատոր պատճառը այն է, որ քանի դուն տակաւին կը յիշես ատելութեանդ պատճառները, այնքան կը նորոգես ատելութիւնդ եւ փոխանակ ստացած վէրքդ ներողամտութեան ձէթով բժշկելու՝ դուն թէ՛ քու եւ թէ ալ ուրիշի սիրտին մէջ նոր-նոր վէրքեր կը բանաս։
2) Ներել միշտ։
3) Ներել առանց տեղի, ժամանակի եւ անձի պայմանի։ Ինչ որ կարելի է այստեղ ներել, այն պէտք չէ տեղափոխես մէկ ուրիշ տեղ։ Ինչ որ կարելի է այսօր ներել, պէտք է այսօր իսկ ներես։ Ինչ որ կարելի է ներել առանց վկայի, պէտք է առանձին ներես, սրտագէտ Աստուծոյ առջեւ։ Եթէ մէկ յանցանքը կը ներես, պէտք է բոլոր յանցանքները ներես, եթէ հակառակորդի մը կը ներես, պէտք է բոլորին ալ ներես։ Այսպիսի ներումը կատարեալ ներում կ՚ըլլայ։
4) Ներել մշտապէս։ Երբ դուն սրբութիւնը ընդունած ատեն միայն կը ներես, իսկ ապա դարձեալ նետերդ կը սրես՝ հակառակորդիդ սիրտը վերստին խոցոտելու համար, այդպիսով դուն ներած չես ըլլար։ Դուն պէտք է մէկանգամ ընդմիշտ ներես։
5) Ներել առանց դիրքը քննելու։ Պէտք չէ ըսես՝ մեծը, հարուստը, գիտունը ես եմ, ա՛ն պէտք է ինձմէ ներում խնդրէ, պէտք չէ ըսես՝ այսինչ գործին մէջ յանցաւորը ես չէի, ա՛ն էր, հետեւաբար ա՛ն պէտք է ներում խնդրէ»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ