ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ. «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԻՍԽ»

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ սկսած է «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը, որ կազմակերպուած է Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ։ Այս ուխտագնացութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ստացած է՝ քանի կը զուգադիպի ՀԵՀԵՄ-ի հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանին։ Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլէն ալ խումբ մը երիտասարդներ կը մասնակցին այս ուխտագնացութեան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ ՀԵՀԵՄ-ը կը գլխաւորէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իսկ կեդրոնական գրասենեակի տեսուչն է՝ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան։ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն հոծ թիւով երիտասարդներ կը մասնակցին այս ուխտագնացութեան, որ պիտի եզրափակուի յառաջիկայ երկուշաբթի։ ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդութեան համար առիթ կ՚ընձեռեն համախմբուելու Հայաստանի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ եւ գօտեպնդուելու հոգեմտաւոր արժէքներով։

Վեհափառ Հայրապետը ուխտագնացութեան մեկնարկին երէկ իր օրհնութիւնը բաշխեց երիտասարդներուն։ Նորին Սրբութեան տեսակէտէ սա չափազանց կարեւոր առիթ մըն է, որովհետեւ ՀԵՀԵՄ-ը հիմնուած է իր իսկ նախաձեռնութեամբ։ Ուխտագնացութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին իր կողքին էին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Բոլորը ուշադրութեամբ հետեւեցան ՀԵՀԵՄ-ի 25-ամեակին առթիւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ պատրաստուած տեսանիւթին։

Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ նախ փոխանցեց իր օրհնութիւնները աշխարհի տարբեր կողմերէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ համախմբուած երիտասարդ հայորդիներուն։ Ան շեշտեց, որ սա լաւագոյն առիթն է՝ զօրացնելու համար հաւատքն առ Աստուած եւ նուիրումը առ Հայաստան, վերանորոգելու սէրն ու նախանձախնդրութիւնը՝ եկեղեցւոյ, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ։ Ան գնահատեց երիտասարդներու ազգային-եկեղեցական կեանքին ներգրաւուածութիւնը բարձրացնելու ուղղեալ ջանքերը։

«Սիրասուն զաւակներ մեր, ուր որ ալ ըլլայ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ, միայն հոգեւոր ու ազգային արժեհամակարգի պահպանման ու անոր նկատմամբ հաւատարմութեամբ հնարաւոր է հայ ըլլալ, մնալ առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ազգի արժանաւոր զաւակը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց խնդիրներուն, Հայաստանէ ներս հասարակութեան ներքին ծայրայեղ պառակտման, ինչպէս նաեւ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած քաղաքական արշաւին, որու շրջանակներէն ներս բանտարկուած են Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան։

«Առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց հրամայական է միասնական ըլլալ եւ նախանձախնդիր՝ օրինականութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ, թոյլ չտալ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հեղինակազրկման եւ նսեմացման։ Մեր բարդ ժամանակներուն անհրաժեշտ է ամուր պահել հաւատքը, ազգանուիրումն ու եկեղեցանուիրումը։ Ջանք պիտի գործադրենք, որպէսզի մեր կեանքին մէջ, հայրենական անդաստանէն ներս յաղթանակեն սէրը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, կամայականութիւններու եւ ապօրինութիւններու դէմ գերակայեն օրէնքն ու իրաւունքը եւ մեր ժողովուրդը ապրի անխռով ու միաբան», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ երիտասարդներուն հոգեւոր խնամատարութիւնը մեր եկեղեցւոյ կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մին է՝ նոր սերունդը առաջնորդելու աւետարանական պատուիրաններով, ամրապնդելու ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը եւ հաստատուն պահելու բարեպաշտութեան ուղիներուն վրայ։ «Մեր ժամանակներուն երիտասարդութիւնը կանգնած է բազում հոգեւոր-բարոյական մարտահրաւէրներու, աշխարհայնացման ու աշխարհիկացման երեւոյթներու առջեւ, երբ յաճախ միտումնաւոր տարատեսակ գրաւչութիւններ կը հրամցուին երիտասարդներուն՝ հեռացնելու համար զանոնք ազգային աւանդութիւններէ եւ նախնեաց ժառանգութենէ ու նուիրական արժէքներէ։ Իբրեւ եկեղեցւոյ հովանիի ներքեւ հասակ առած, ազգասիրութեամբ սնուած հայորդիներ՝ պաշտպանը եղէք մեր սրբութիւններուն, գործօն մասնակցութիւն բերէք ձեր թեմական եւ համայնքային կեանքին, լծուեցէք ազգային ու եկեղեցական անդաստանի շինութեան ու յառաջընթացի գործին», յորդորեց Նորին Սրբութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025