ԿԱՐԳԸ ՔԱՈՍԻ ՄԷՋ
Մեծ պայթիւնի առաջին վայրկեաններուն մեր տիեզերքի մէջ քաոս կը տիրէր: Գիտական գրականութեան մէջ քաոսի իմաստը տիեզերքի քաոսային վիճակն է, որ զուրկ է որեւէ ձեւէն եւ կարգէն մինչեւ այն կարգի հաստատուիլը։ Կարելի է ըսել, որ ժամանակի ընթացքին այս խառնաշփոթ միջավայրը իր տեղը զիջեց հոյակապ եւ անհասկնալի կարգի մը։ Այնուամենայնիւ, հնարաւոր չէ, որ տիեզերքը լիովին կարգաւորուի։
Նախքան մեր այս նիւթի մութ միջանցքներու մէջ խորանալը, կ՚ուզեմ անդրադառնալ «քաոսի» եւ «անկարգութեան» միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ սխալ ընկալումներուն։ Ի հարկէ, այս դասակարգումը մակերեսային է, քանի որ նախ՝ քաոսը եւ քաոսի տեսութիւնը ինքնին այլ ոլորտ են եւ երկրորդ՝ մեր նիւթը քաոսը չէ, այլ էնթրոփիան, որ կը ներկայացնէ քաոսի մէջ բարդ կարգը։
Քանի մը նախադասութեամբ հակիրճ բացատրենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քաոս եւ անկարգութիւն սահմանումները գիտական տեսանկիւնէն եւ գիտնականները ի՛նչ կ՚ուզեն ըսել այս բառերով։ Փաստօրէն, այսօր մարդիկ, որոնք քիչ առընչութիւն ունին գիտնականներու հետ, կը կարծեն, որ քաոսը կը յառաջանայ անկարգութենէն։ Այնուամենայնիւ, այն ինչ որ գիտնականները նկատի ունին քաոս բառով, կը ներկայացնէ տիեզերքի առաջին վայրկեաններու խառնաշփոթը։
Ի հարկէ, քննարկուող քաոսը չի վերաբերիր միայն տիեզերքի սկզբնական պահերուն։ Քաոսը տիեզերքն է։ Այս բարդութեան հիմքին է հսկայ եւ նուրբ կառուցուածքը։ Տիեզերքը կը զարգանայ քաոսի, այլ ոչ թէ կանխատեսելի գործողութիւններու վրայ, քանի որ գրեթէ այն ամէն ինչ, որ կու գայ մեր մտքին եւ եթէ տեղի ունենայ տիեզերքի մէջ կամ մեր շուրջը, քաոսի արդիւնքն է։
Էնթրոփիա բառը առաջին անգամ օգտագործած է գիտնական Լիւտվիկ Պոլցման։ Ըստ այդ սահմանման՝ խանգարումը կա՛մ նոյնը կը մնայ կամ կ՚աւելնայ։ Էնթրոփիան այն տուեալներու չափումն է, որ մենք չենք կրնար ստանալ համակարգի մասին՝ հաշուի առնելով մեր ունեցած չափելի մեծութիւնները: Ան անընդհատ կ՚աճի համակարգի մը մէջ, ուր կայ վիճակագրական պատահականութիւն։
Էնթրոփիան պէտք է դիտարկել նաեւ ժամանակի առանցքի վրայ: Երբ ծաղկամանը կոտրուի, կարելի չ՚ըլլար զայն վերադարձնել իր նախկին վիճակին։ Այսինքն՝ սովորական ծաղկամանը տուժած է էնթրոփիայէն եւ կորսնցուցած է իր կարգը՝ դառնալով անկարգ։
Ամէն ինչ հակուած է քանդուելու եւ փճանալու։ Որպէս օրինակ կրնանք տալ խնձորը, որ կը հաւաքուի իր ճիւղէն եւ աստիճանաբար կը սկսի փճանալ։ Եթէ նոյնիսկ այդ խնձորը չհաւաքենք իր ճիւղէն, որոշ ժամանակ անց ան կ՚իյնայ, կը խառնուի հողին եւ կը փճանայ։ Այնուամենայնիւ, պահ մը ան կատարեալ խնձոր մըն էր՝ իր ամբողջ կարգով ու գործնականութեամբ։
Մարդկային կեանքի, հասարակական յարաբերութիւններու եւ նոյնիսկ քաղաքակրթութեան անասելի վատթարացում այլեւս աչքառու է։ Պետութիւնները, համակարգերը կը փլուզուին, մարդիկ կը մահանան, օդը կ՚ապականի, ոչ մէկ բան նախկին համը կ՚ունենայ։ Այս «կարգը» միշտ կը գործէ:
Գործնականին մէջ անհնար է երջանիկ ըլլալ՝ գիտակցելով էնթրոփիայի գոյութեան մասին։ Այլ խօսքով, քաոսը միշտ կը յաղթէ կարգին եւ անհնար է, որ նոյն օրէնքը միշտ գործէ նաեւ փիլիսոփայական առումով։
Երբեք առաջին օրուան նման չէք կրնար սիրել, երբեք կեանքը մանկութեան ժամանակներու նման չէք կրնար վայելել, ձեր միտքը երբեք այնքան ուժեղ չ՚ըլլար, որքան անցեալ տարիներուն։ Որեւէ գեղեցիկ վայր յաւերժ գեղեցիկ չի մնար, որեւէ քաղաքակրթական կարգ նոյնը չի մնար, տիեզերքի մէջ ամէն ինչին կը վիճակի աւելի վատթարանալ եւ մենք ոչինչ կրնանք ընել սա կանխելու համար։ Բայց սա չի նշանակեր յանձնուիլ այս անկարգութեան եւ հրաժարիլ ապրելէ։ Կեանքը կը շարունակուի իր ամբողջ «անկարգութեամբ» եւ մարդիկ ալ այդ անկարգութեան մէկ մասնիկն են։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ