ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Գրիգոր Զօհրապ երբ հայ համայնքին կողմէ կ՚ընտրուի, որպէսզի Օսմանեան խորհրդարանին երեսփոխան դառնայ, Բերայի Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հանդիպելով ժողովուրդին, իր խօսքը կ՚ուղղէ անոնց: Օրին, թերթս՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այդ խօսքը ամբողջութեամբ հրատարակած է, զայն վերնագրելով՝ «Ի՞նչ կը պահանջէ հայը Օսմանեան խորհրդարանէն»: Այստեղ, այդ խօսքէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.

* Տիկիններ, պարոննե՛ր,

Դիտելով այս խուռն բազմութիւնը որ հոս հաւաքուած է, կը մտածեմ իսկոյն որ իմ խօսքիս հրապոյրը չէ որ զինքը հաւաքած է:

Ոչ իսկ Պոլսոյ հայ համայնքին Օսմանեան խորհրդարանին մէջ ղրկելիք երեսփոխանին դէմքը տեսնելու, ո՛վ ըլլալը, գոնէ ըստ երեւոյթին ի՛նչ տեսակ մէկը լինելը ստուգելու բնական հետաքրքրութիւնը:

Շատերը ձենէ կը ճանչնան զիս, որովհետեւ իրենց քաղաքացին եմ, իսկ անոնք որ իրօք առաջին անգամ կը տեսնեն երեսս, հարկաւ քիչ մը յուախաբութիւն ունեցան:

Աղեբեկ, կայտառ, խրոխտ երիտասարդ մը կ՚երեւակայէին զիս գուցէ ու ալեւորած մարդ մը գտան դէմերնին. մարդ մը, որ իր անձին վրայ վերադառնալուն՝ բանաստեղծին խօսքը կը յիշէ, մեր նոր սերունդին անծանօթ բանաստեղծի մը խօսքը.

«Իմ հարքս անկան եւ ես ահա ծերացայ»:

Կը հաւատամ, պարոննե՛ր, որ ատանկ ռամիկ հետաքրքրութիւն մը չէ զձեզ հոս գումարողը: Շատ աւելի կարեւոր նպատակով մը եկաք հոս, քաղաքացիական պարտաւորութիւն մը կատարելու, աւելի ուղիղ կ՚ըլլար ըսել՝ քաղաքացիական իրաւունք մը ի գործ դնելու համար մօտս եկաք:

Օսմանեան խորհրդարանին մէջ ձեր կողմէ ղրկուելիք ներկայացուցիչին գաղափարերը, դիտաւորութիւնները, առաջադրութիւնները իր բերնէն լսել կ՚ուզէք եւ շատ իրաւունք ունիք պահանջող ըլլալու այս էական կէտին վրայ:

Օսմանեան պետութեան մէջ գերիշխանութիւնը Օսմանեան ազգին վերադարձուած է. ո՛չ Պէշիկթաշի բարձունքին վրայ է այդ գերիշխանութիւնը եւ ոչ Սուզուգ չէշմէի հինաւուրց պաշտօնատան մէջը. այդ գերիշխանութիւնը խորհրդարանին մէջ հաստատուած պիտի մնայ այսուհետեւ. եւ ձեր ամէն մէկուն ճակատագիրը եւ այն համայնքներուն բախտը այդ խորհրդարանին մէջ տրուելիք որոշումներուն կապուած է: Շատ բնական է, ուրեմն, որ գաղափար մը կազմէք այն ուղղութեան մասին, որուն ձեր ներկայացուցիչը պիտի հետապնդի եւ այն պահանջներու մասին զորս պիտի ներկայացնէ ու պաշտպանէ այդտեղ:

Ինծի համար ոչինչ կայ աւելի հաճելի քան թէ գոհացում տալ ձեր արդար բաղձանքին, մանաւանդ որ ձեզի հետ շօշափման մէջ մտնելով, պահելով այս մերձեցումը, խնամութիւնը, զոր անհրաժեշտ կը նկատեմ իմ պաշտօնիս մէջ, աւելի արիացած կը զգամ ինքզինքս: Խորհրդարանին մէջ ինծի յանձնուած իրաւունքներուն ու բաղձանքներու վրայ խօսած պահուս իրենց ինծի յայտնած համամտութեամբը կը զօրանամ:

Յետոյ կ՚ուզեմ, ինչո՞ւ պահեմ մեղքս, անմեղ փառասիրութեան մեղք, որ օրինակ ըլլամ միւս երեսփոխաններուն ալ. պարտաւոր եմ զիրենք ալ իրենց ընտրողներուն հետ հաղորդակցելու այս կերպ միթինկներով ու հոն պարզելու այն հայեացքները, զորս խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացնեն:

Այս խորհրդակցութիւններով ազգին կամքը շարունակ հարցուելու կանոնը կը հաստատուի տակաւ ու երեսփոխանները իրենց չորս տարուան պաշտօնին մինչեւ լրացումը մէյմէկ ինքնիշխան անձնաւորութիւններ ըլլալու վտանգէն զերծ՝ իրենց ընտրելիներուն ճշմարիտ ներկայացուցիչը կը մնան:

Տիկիններ, պարոննե՛ր.

Օսմանեան խորհրդարանին մէջ իմ հետեւելիք ուղղութիւնս քաղաքական ծրագրով մը սահմանուած է: Այդ ծրագիրը հրատարակուած է արդէն: Ատոր տրամադրութիւնները ծանօթ են ձեզի. բայց բացատրութիւնները լսելու իրաւունք ունիք:

Նախ սա պէտք է ըսեմ ձեզի, որ ինծի նշանաբան կը սեպեմ այն բոլոր տարրերուն հետ եւ ի մասնաւորի թուրք տարրին հետ անկեղծ ու պարկեշտ գործակցութեամբ ու համերաշխութեամբ կապուիլ: Մեր ներքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ այս պետութիւնը այսուհետեւ ներքին քաղաքականութիւն մը պիտի ունենայ, ըստ իս, շատ աւելի կարեւոր եւ շատ աւելի շինիչ, քան արտաքինը, ամէն ազգութիւններու հետ միշտ ուղղութեամբ վարուիլը եւ ո՛չ մէկուն իրաւունքին դէմ չզինուիլը. այդ նպատակով ըլլալիք ամէն շահադիտական առաջարկութիւնները բացարձակապէս մերժելը իմ անխախտ կանոնս պիտի ըլլայ:

Մեր ուժը, մեր նպատակին մեծութիւնը եւ մեր միջոցներուն ազնուութիւնը ասոր մէջ պիտի կայանայ գլխաւորապէս:

Իմ խորին համոզումս ձեր համոզումն է, բոլո՛ր հայութեան համոզումն է, թոյլ տուէք աւելցնեմ, պատիւն է այս:

Կը տեսնէք, պարոններ, որ կարծուածին չափ հեշտ գործ մը չէ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ կատարուելիք պաշտօնը: Եգիտպտոսի բուրգերուն պէս հեռուէն անկարեւոր կոյտ, մօտենալուդ հետզհետէ կը բարձրանայ, վերելքին համար մինչեւ այդ բարձունքը մեծ տոկունութեան ու անխոնջ նկարագրի պէտք կայ:

Մինչեւ ո՛ր աստիճան պիտի յաջողիմ իրագործել մեր ծրագիրը, ի՛նչ աջակցութիւններ պիտի գտնեմ կամ պիտի ստեղծեմ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ չեմ կրնար ճշդիւ զրուցել, բայց գիտէք հռչակաւոր խօսքը.

«Սահման քաջաց՝ զէնք իւրեանց». մեր զէնքերը մեր ծրագիրն է, մեր ուղղամտութիւնը եւ քիչ մըն ալ մեր ցոյց տալիք տաղանդն է: Իսկ քաջութեան գալով՝ զիս ճանչցողները գիտեն որ եթէ Օսմանեան երեսփոխանէ մը պահանջուած շատ մը ձիրքեր կը պակսին ինծի, գոնէ արիութիւնը չի պակսիր:

Բայց չեմ ըսեր, որ դժուարութեանց չի պիտի հանդիպիմ եւ թերեւս օր մը խոնջէնք ալ զգամ: Թոյլ տուէք, որ յիշեցնեմ ձեզի հայոց պատմութեան խիստ գեղեցիկ, խիստ սրտայոյզ, մեր ցեղային յատկութեանց մասին խիստ նշանակալից դրուագ մը: Գիտնականները ստոյգ կը նկատեն զայն թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց բոլոր զգացումներս կ՚արգիլեն ինծի, որ ես տարակուսիմ այդ մասին:

Կը պատմեն, որ Արշակ Բ. պարսից Շապուհ թագաւորէն գերի բռնուած էր եւ Անոյշ բերդին մէջ փակուած էր: Յոգնած, լքուած կը թուէր այնչափ որ ամէն դիմադրութեան ուժէ բոլորովին զուրկ նկատուելով Շապուհ զայն արձակելու որոշում տուած էր: Բայց առաջարկեցին Շապուհին, որ փորձ մը ընէ: Յատկապէս Հայաստանէն բերուած բաւականաչափ հող տարին բանտին մէկ մասին մէջ առանց բանտարկեալին գիտութեան ու յետոյ զինքը պտոյտի բերին այդ տեղին վրայ:

Ի՜նչ գերբնային ուժ կար հայրենի հողին մէջ, որ նա իսկոյն առջի խրոխտ ու խիզախ Արշակը դարձաւ, առջի ուժեղ ու ահաւոր ախոյեանը պարսից գահին: Նոյնիսկ անգիտակցաբար հայերնի հողին հետ հաղորդակցուիլը՝ նոր ուժով մը կազդուրած էր զինքը: Շապուհ ազատութիւն չշնորհեց անոր եւ բանտին մէջ մեռաւ Արշակ:

Անոր պէս եթէ երբեք վարանումի պէս, պարտասումը մօտ բան մը զգամ, իսկոյն ձեր մօտ, ձեր մէջը պիտի գամ, այս գումարումը ապահով եմ որ նոյն կազդուրիչ ու բարերար ներգործութիւնը պիտի ընէ, ի՛նչ որ ափ մը հայրենի հող ըրած էր շուարած Արշակին վրայ, եւ հաւաստի եմ որ այսպէս կազդուրուած նոր թափով, նոր եռանդով յառաջ պիտի վարեմ սկսած գործը որ մէկ բառով այս պետութեան փրկութիւնն է եւ ատով՝ մեր հայութեանն ալ փրկութիւնն («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 14, հոկտ. 30-12 նոյեմ. 1908, էջ 1):

Իզմիրլեանի պատրիարք ընտրուելու առիթով, Տիգրան Արփիարեան իր՝ «Հայոց պատրիարքը ո՞ւր պիտի բնակի» գրութեամբ, կու գայ համայանքայիններուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այս հարցին շուրջ: Ան կը գրէ.

* Քսանըչորս ժամեր կը բաժնեն զմեզ այն հանդիսաւոր վայրկեանէն ուր Թուրքիոյ Հայոց ազգընտիր Պատրիարք Ամեն. Իզմիրլեան Հայրիկ պիտի առաջնորդուի գալ բազմելու այն Աթոռին վրայ, որ իրն էր արդէն ու իրեն կը սպասէր տասներկու դժնդակ տարիներէ ի վեր: Եւ սակայն պէ՛տք է մտածենք, որ վաղուան արարողութիւններէն ետք, երբ երեսփոխանութիւն, եկեղեցականութիւն եւ ժողովուրդ՝ իրենց որդիական յարգանքն ու շնորհաւորութիւնները մատուցանելով Ն. Ամենապատուութեան, իրիկնամուտին մեկնին Գում-գաբուէ, Պատրիարք Սրբազանը պիտի մեկուսանայ կա՛մ Պատրիարքարան եւ կա՛մ Երուսաղեմատուն գիշերելու, այսուհետեւ դժուար ըլլալով Իրեն մինչեւ Սկիւտարի բարձունքը երթեւեկել ամէն օր:

Ազգին պարտականութիւնն է՝ իր պաշտելի Պատրաիրքին արժանավայել բնակարան մը վարձել իսկոյն Բերա՝ Թագսիմի կողմերը կամ Բանկալթիի օդասուն պողոտային վրայ ու պատշաճապէս կահաւորելով՝ խնդրել Ն. Ամենապատուութենէն, որ հաճի հոն հաստատել իր բնակութիւնը, այդ կեդրոն արուարձանին մէջ, որ հաղորդակցութեան ու երթեւեկի ամէն դիւրութիւն կ՚ընծայէ: Պէտք չէ՛ թողունք, որ 12 տարիներ Երուսաղէմի վանքին նկուղաձեւ ու քարուկիր խցիկներուն մէջ փակուած Իզմիրլեան Սրբազանը հիմա ալ Գում-գաբուի հեռաւոր ու մենաւոր թաղին մէջ անցունէ իր գիշերային հանգիստի ժամերը, օրուան ծանրածանր խոնջէնքներէն ետքը: Իր առաջին պատրիարքութեան օրով՝ Գում-գաբուի մէջ բնակարան մը տրուեցաւ Ն. Սրբազնութեան տրամադրութեան ներքեւ, օրուան Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Այս անգամ, միեւնոյն հիւրընկալութիւնը պէտք է ընծայուի ազգընտիր պատրիարքին՝ Բերայի մէջ:

Այս կենսական հարցին վրայ կը հրաւիրեմ Ազգային երեսփոխանութեան եւ մանաւանդ Քաղաքական ժողովին անմիջական ուշադրութիւնը, այն վստահութեամբ թէ Պոլսոյ հայութեան բաղձանքին համապատասխան առաջարկ մըն է, զոր կը ներկայացնեմ Ժամանակի միջոցաւ:

Բերա, 30 հոկտ. 1908

(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 14, հոկտ. 30-12 նոյեմ. 1908, էջ 2):

Նոյն թիւին մէջ, «Զանազան լուրեր»ու բաժինին մէջ, կը կարդանք.

* ՀԱՅ ԾԵԾՈՂՆԵՐՈՒՆ ՎԱՐՁՔԸ

Երէկ, Բերայի պատժական Ա. դատարանէն տասնական օր բանտարկութեան դատապարտուեցան՝ Օրթաքէօյ բնակող Արապ Թապուրի Գայմագամ Շէրիֆ պէյ ու որդին Մուհարրէմ էֆ., որոնք անցեալ շաբթու գիշերանց Թաշվէրտիվէն Աչի Չէշմէ բնակող Վարդան աղային տան նախ պատուհանները քարկոծած եւ ապա դուռը կոտրելով ներս մտած ու տնեցիքը ծեծած ու խոշտանգած էին, պատրուակելով թէ անոնք կ՚երգեն, կը զուարճանան եւ անհանգիստ կ՚ընեն իրենց պէս ազդեցիկ եւ ազնուական դրացիները («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 14, հոկտ. 30-12 նոյեմ. 1908, էջ 3):

Նոյն թիւին մէջ կը կարդանք.

* ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐԻ ՄԸ ԿՈՉԸ

Ո՛վ դուք սրտի եւ հանճարի մարդիկ, խաղաղութեան մեծանուն պաշտպաններ, ո՛վ դուք, Թոլսթոյներ, Անադոլ Ֆրանսներ, Ժօռէներ, Բասիներ, վեհանձն պաշտպաններդ արդարութեան, շնո՛րհք, մեր պաշտպաններն ալ եղէք: Բարձրացուցէք ձեր հեղինակաւոր ձայները ի նպաստ Օսմանցի ժողովրդեան, որ հազիւ ազատած ստրկութեան շղթաներէն, անխիղճ ժողովուրդներու կողմէ պիտի լափուի: Յանուն մարդկութեան՝ բողոքեցէք հզօրներու անյագ ախրոժակին եւ փոքրերու մոլեգին փառասիրութեանց դէմ: Փրկեցէք ազատութիւնը վերստացած ժողովուրդ մը, պահպանեցէք զայն զինքը կուլ տալ ուզող Մողոքներու դէմ: Դուք, որոնց երազն է միայն խաղաղութիւնը եւ տիպար սէրը, մտածեցէք այս ժողովրդեան վրայ, որ իր ակռաները կը սեղմէ պատերազմի մը առիթ չտալու համար եւ որ խուլ կը մնայ իր բարկութեան եւ իր քաջութեան պոռթկումին հանդէպ, որպէսզի արեան մէջ չխեղդուի իր վերախլած թանկագին ազատութիւնը: Դո՛ւք, գերագոյն հոգիներ, կեանքի աղջամուղջին ջահակիրները, դուք, որոնց ազնիւ գործն է անիրաւութիւնները բառնալ եւ անարդարութիւնները դարմանել, քաղաքակրթութեան այս դարուն մէջ, դադրեցնել տուէք զօրաւոր ազգերուն տկար ազգերը գիշատելով կուլ տալուն ամօթալից եւ տխրառիթ երեւոյթը: Բարձրագոյն իմացականութեան եւ արդարութեան այս շրջանին մի՛ թոյլատրէք, որ ազատութեան մէջ դեռ նոր ծնած ժողովուրդ մը մահանայ պատերազմի սուգերէն եւ ցաւերէն, եւ վերստին գահավիժի բռնակալութեան եւ հալածանքի մէջ: Պոռացէ՛ք, թէ անարդարութիւն կայ: Պոռացէ՛ք, թէ մարդկութեան դէմ իրական ոճիր մըն է այս: Պոռացէ՛ք: Ձեր մարգարէական ձայնը պիտի հնչէ բոլոր մարդկային եւ արդարասէր խղճերու մէջ: Ապօրէն յաւակնութիւնները, գձուձ ըղձանքները լռեցուցէ՛ք, բարձրացնելով բովանդակ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ բողոքի բուռն աղաղակ մը, որ պիտի կանգուն պահէ եւ զօրացնէ բովանդակ ժողովուրդ մը, որ տակաւին դողդոչ քայլերով կը յառաջդիմէ ազատութեան վեհապանծ ուղիին վրայ: Մի՛ թոյլատրէք բնաւ, որ Ի. դարու պատմութիւնը, -պատմութիւնը, գիտութեան, յառաջդիմութեան եւ արդարութեան յաղթանակին ընդդէմ բիրտ Ուժին եւ Անիրաւութեան.- արձանագրէ իր էջերուն մէջ ոճրապարտ անիրաւութեան բարբարիկ արարք մը: Ով դուք Թոլսթոյ, Անադոլ Ֆրանս, Ժօռէս, Բասի, գեղեցիկ եւ բարձր իմացականութիւններ, որ անդադար կը մարտնչիք խաղաղութեան եւ ազատութեան համար, հիմայ ալ մարտնչեցէք Օսմանեան ժողովուրդին դատին համար:

(Իսթանպուլ)

(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 14, հոկտ. 30-12 նոյեմ. 1908, էջ 3):

Հայու մը՝ զինուորական տուրք չվճարելուն պատճառով ձերբակալուելու մասին, կը կարդանք.

* ՁԵՌՆԱԿԱՊՈՎ ԲԱՆՏ ՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ՄԸ, ՏՈՒՐՔԻ ՀԱՄԱՐ

Երէկ խումբ մը Խասգեղցի հայ կիներ ներկայանալով Պատրիարքարան, արտասուագին աչքերով յայտնեցին թէ բնիկ Կայվէցի Յակոբ Փափազեան անուն ազգայինը, որ դեղին հարմաններուն մէջ կ՚աշխատէր, երկուշաբթի օրը ձերբակալուելով՝ ձեռնակապերով Կալաթա-Սէրայ տարուեր է, ուր բանտարկուած կը մնայ չորս օրէ ի վեր, զինուորական տուրքը վճարած չըլլալուն համար: Պատրիարքարանէն հարկ եղած դիմումը եղաւ իսկոյն Ոստիկանական նախարարութեան մօտ՝ բանտարկեալին ազատ արձակմանը համար:

Բռնապետութեան ամենէն ծայրայեղ շրջաններուն մէջ իսկ տուրքի համար ձեռնակապով հայ մը բանտ տարուած ըլլալը չենք յիշեր Պոլսոյ մէջ: Կ՚երեւայ թէ հարկահաւաքները Սահմանդրութիւն ըսելով բռնակալութիւն կը հասկնան: Ի՞նչ ըսել է սա: Կառավարութեան բարենորոգիչ տրամադրութիւնները ո՞ւր, երկրորդական պաշտօնեաներու այս խժդժութիւնները ո՞ւր: Ներքին գործոց նախարարը անշուշտ կորովի դաս մը պիտի տայ այս ինքնակոչ բռնապետներուն, որոնք իշխանութեան մէջ նոր իշխանութիւն մը հաստատել կ՚ուզեն եւ չեն ձգեր, որ Սահմանդրութեան լոյսովը ազատ շունչ առնող ժողովուրդը քիչ մը խնդայ տեսած օրերուն վրայ: Մենք ամէն կողմ կ՚աւետենք, թէ ռէաքսիոնէրները բոլորովին ոչնչացած են եւ սահմանադրական վարչութիւնը խոր արմատ ձգած է երկրին մէջ, մինչդեռ երկրորդական, երրորդական պաշտօնեաներ իրենց հակասահմանադրական արարքներովը կարծես կ՚ուզեն հերքել մեր լաւատեսութիւնները («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 15, հոկտ. 31-13 նոյեմ. 1908, էջ 2):

Նոյն թիւի «Երիտասարդական» վերնագիրին տակ կը կարդանք.

* ՈՒԺ ՈՒ ԿՈՐՈՎ

Երիտասարդական ուժ ու կորով ստանալու եւ մարմնոյն առողջութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ջիղերը զօրացնել, արիւնը մաքրել եւ ուժովցնել: Բժշկական մասնախումբ մը, որ տարիներէ ի վեր ասանկ դեղ մը գտնելու կը հետամտէր, երկար փորձերէ ետք վերջապէս յաջողեցաւ պատրաստել «ՆԷՕԺԷՆ» անուն դեղը, որ ջիղերը կը զօրացնէ, արիւնը կը մաքրէ եւ երիտասարդական ուժ ու կորով կը պարգեւէ ամենէն տկարակազմներուն, ուժաթափներուն, անկարողներուն եւ իրենց առողջութենէն ու կորովէն յուսահատածներուն: Անոնք, որոնք կը փափաքին յարատեւ առողջութիւն մը վայելել եւ մանաւանդ անոնք, որոնք կը տառապին ամէն կարգի ջղային հիւանդութիւններէ, անարիւնութենէ, տժգունութենէ եւ ուժաթափութենէ, պէտք է անմիջապէս առնեն հանրահռչակ «ՆԷՕԺԷՆ»էն, որուն կեդրոնատեղին է Պահչէ-գաբու, Աւստրիական նամակատան կից Յ. Մինասեան դեղարանը («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 15, հոկտ. 31-13 նոյեմ. 1908, էջ 4):

Նոյն էջին վրայ կը կարդանք.

* ՏՈՔԹ. Ա. ՈՒՆՃԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԳԷՏ 
ՔԻԹԻ, ԱԿԱՆՋԻ ՈՒ ԿՈԿՈՐԴԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ

Փարիզի մէջ իր մասնագիտութիւնը կատարելագործած ըլլալով՝ ելեկտրականութեան ու ցարդ Պոլսոյ մէջ չգործածուած տաքի օդի, տկաֆանօսքօբիի, պռօնքօսքօբիի, էօզօֆակօսքօբիի ու ամենէն նորահնար մեթոտներով մեծ յաջողութեամբ կը դարմանէ՝ խուլութիւնը, գլխու պտոյտը ու հինցած ցաւերը, ականջի խժալը ու ականջի, քիթի, բերնի, կոկորդի ու խռչակի ամէն տեսակ հիւանդութիւնները:

Նամանաւանդ երեսի ու քիթի վրայ եղած տձեւութիւնները, որոնք ցարդ անբուժելի նկատուած էին, առանց գործողութեան, կատարելապէս կը շտկէ նորահնար գործիքով մը, որուն շնորհիւ բազում այդ կարգի հիւանդներու Եւրոպայի մէջ բժշկուած ըլլալը կ՚ապացուցանէ:

Վիզի ու գլխու վրայ ամէն տեսակ գործողութիւն կը կատարէ եւ տղոց կոկորդի նշիկները (պատէմճիք) կը հանէ, առանց արիւնահոսութեան, իր մասնաւոր գործիքովը:

Հիւանդ կ՚ընդունի մինչեւ կէս օր, Պահչէ-գաբու, Համիտիյէ սէպիլի դէմ, Աբիկ Իւթիւճեան դեղարանը, իսկ կէս օրէ վերջ, իր տունը, Բերա, Շիտակ ճամբայ, Թագսիմ, Ֆրանս. հիւանդանոցին դէմ, թիւ 41:

Հինգշաբթի օրերը կէս օրէ վերջ իր տունը դիմող ամէն հիւանդները, իսկ վկայեալ աղքատները ամէն օր ձրիաբար դարմանելու պատրաստ է («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 15, հոկտ. 31-13 նոյեմ. 1908, էջ 4):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2025