ՊԵՏՐՈՍ ՊԱԼԹԱԶԱՐ. 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ 63 ՏԱՐՈՒԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ԲԵՄԻՆ

Մէկ տարիէն կը լրանայ 160-ամեակը հայ բեմի անմահ անուններէն մէկուն՝ պոլսահայ դերասան, բեմի մեծ վարպետ Պետրոս Պալթազարին։ Դերասանը, որ իր կենդանութեան օրօք արժանացած է փառքի, արժանի է նաեւ յետմահու յոբելեաններու եւ յառաջիկայ 160-ամեակն ալ առիթ մըն է՝ ոգեկոչելու արուեստագէտ մը, որ կեանքը նուիրած է պոլսահայ թատրոնին, բեմին ընդհանրապէս։

Իր բեմին ծառայութեան 63-ամեակը 1952 թուականին Պոլսոյ մէջ «Ոսկի յոբելեան» խորագրով տօնուած է մեծ շուքով՝ հակառակ անոր, որ ինք հիւանդ էր եւ կը խնամուէր Ազգային հիւանդանոցի մէջ, սակայն, սայլակին նստած ներկայ եղած եւ ընդունած է պատուելի հիւրերը, որոնք բեմի իր հայ եւ թուրք ընկերներներէն զատ նաեւ ազգայիններ էին, լրագրողներ, արուեստագէտներ...

Պէյօղլուի «Սէս» թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է արարողութիւնը, որմէ առաջ եւ ետք ալ Իսթանպուլի հայկական մամուլը, մանաւանդ՝ երկու հայերէն օրաթերթերը անդրադարձած են Պալթազարի գործունէութեան՝ բազմաթիւ կենսագրական, վերլուծական եւ յուշագրական նիւթեր տպելով անոր մասին։ Թրքական թերթերը նոյնպէս գնահատած են անոր վաստակը։

«Ոսկի յոբելեան» արարողութենէն մէկ տարի յետոյ՝ 1953 թուականին, Պետրոս Պալթազար, 87 տարեկանին կը հեռանայ կեանքէն՝ ձգելով անուրանալի վաստակ, երեւելի անուն եւ համբաւ։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ պոլսահայ այն թերթերէն է, որ միշտ անդրադարձած է Պետրոս Պալթազարին։ 1950-ականներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թղթակից Արայ Մ. Աբրահամեան թղթակցութեան համար կ՚այցելէր Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպումներ կ՚ունենար այն արուեստագէտներուն հետ, որոնք կը խնամուէին Գթութեան յարկին տակ. ինչպէս՝ Վարդիթեր Ֆէլէկեան, Պետրոս Պալթազար եւ իր գրութիւնները կը տպագրէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ։

ԺԱՄԱՆԱԿ 1953 թուականի յունուարի 13-ի թիւին մէջ մանրամասներ կը նշէ նաեւ հայ բեմի ծերունազարդ դերասանի՝ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան եւ թաղման կարգերուն մասին՝ հաղորդելով, որ անհանգստութեան պատճառով Պալթազարի յուղարկաւորութեան կարգին ակամայ չէ կրցած նախագահել Պոլսոյ հայոց պատրիարքը, որուն ցաւակցագիրը կարդացած է Տ. Գարեգին Վրդ․ Գազանճեան, որն ալ իր կարգին խօսած է գեղեցիկ դամբանական մը։ Բացի ընտանեկան պարագաներէն, յուղարկաւորութեան ներկայ եղած են Պալթազարի բեմընկերները, հայ եւ թուրք արուեստակիցներ, լրագրողներ, համակիրներ։ Պալթազար յուղարկաւորուած է Շիշլիի Ազգային գերեզմանատանը։ ԺԱՄԱՆԱԿ նաեւ կը գրէ, որ նոյն առտուան թուրք մամուլը նոյնպէս արձագանգ կ՚ըլլայ Պալթազարի յուղարկաւորութեան՝ շեշտելով, որ յանձին ողբացեալ արուեստագէտին կ՚անհետանայ Մնակեան թատերախումբին վերապրող միակ դերասանը։ 

Իր մահէն առաջ Պալթազար թողած էր յետմահու գործադրելի կտակ մը, որուն համաձայն, ի նշան երախտագիտութեան, 1000 ոսկի կը նուիրէր Ազգային հիւանդանոցին, ուր մինչեւ իր մահը վայելած էր կատարեալ խնամք եւ ասպնջականութիւն։ Դրամը յանձնուած էր յուղարկաւորութեան յաջորդ օրն իսկ՝ ձեռամբ Պալթազարի եղբօրորդւոյն՝ Գրիգոր Պալթազարի։ Եւ այդ դրամն ալ տրամադրուած է այն հասոյթէն, որ գոյացած է մահէն առաջ իրեն ի նպաստ կազմակերպուած յոբելեանին։ 

Պոլսահայ օրաթերթերու անդրադարձները՝ Պալթազարին, բազմաթիւ են, բայց յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ «Քուլիս» ը, որ թատերական, գրական-գեղարուեստական ուղղուածութեամբ հանդէս մըն էր, ամենաշատը անդրադարձած է Պետրոս Պալթազարի գործունէութեան։ Թէեւ հանդէսը արուեստական նիւթերով լոյս կը տեսնէր, սակայն «Քուլիս»ի հիմնադիր խմբագիրը՝ հայ դերասան, բեմագիր, բեմադրիչ Յակոբ Այվազ, իբրեւ թատրոնի մարդ, իր խորհրդատուներէն կը նկատէր Պետրոս Պալթազարը, նաեւ շատ երախտապարտ կը զգար նման բեմընկեր ունեցած ըլլալու համար։ Յակոբ Այվազի՝ բեմի ընկերներուն նուիրուած գրութիւններէն մէկն ալ նուիրած է Պալթազարին, որ ընդգրկուած է «Բեմի ընկերներս․ Դէմքեր մեր թատրոնի պատմութենէն» գիրքին մէջ, լոյս տեսած «Արաս» հրատարակչատունէն, 2020 թուականին։ Կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը, ուր նաեւ մանրամասնութիւններ կան դերասանի կեանքէն, յոբելենական ձեռնարկէն եւ այլն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սեղանին են նաեւ Պետրոս Պալթազարին նուիրուած այլ նիւթեր՝ տրամադրուած ընտանեկան պարագաներու կողմէ, որոնց նոյնպէս յառաջիկային, 160-ամեակին ընդառաջ, անդրադառնալու առիթներ կ՚ըլլան։

ՊԵՏՐՈՍ ՊԱԼԹԱԶԱՐ (1866-1953)
ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ, ԷՖԵՆՏԻ ԴԵՐԱՍԱՆԸ

Ես զինքը ճանչցայ եւ իսկական հօր մը պէս սիրեցի 1929-ին, երբ մուտք գործեցի Լիւսի-Գրիգոր Յակոբեաններու (Ճանտաշ) Արեւելեան թատերախումբը: Տարիներ ամբողջ իր բարի խրատներովը ճամբայ ցոյց տուաւ եւ միշտ խրախուսեց զիս: Ան ուզեց հեռացնել զիս իմ շատ սիրած բեմէս, որուն ապագան յայտնի չէր: Հպարտ եմ, որ իրեն պէս բեմընկեր մը ունեցած եմ: 

Պետրոս Պալթազար ծնած է Պալաթու Սալմաթոմրուք թաղը, 1866 թուի մարտի 10-ին: Հայրը՝ Գարակիւմրիւկի աւագերէց Տ. Վրթանէս Աւ. Քահանան, ունեցած է նաեւ ուսուցչական կեանք: Շատ անառակ եւ անհանդարտ եղած է Պալթազարի մանկութիւնը: Այդ իսկ պատճառաւ ալ չէ կրցած դպրոցին մէջ կատարելագործել իր ուսումը: Նախնական կրթութիւն միայն ստացած է թաղի վարժարանին մէջ, ուրկէ ետք ալ չէ կրցած միօրինակ գործի մը հետեւիլ եւ փոխած է բազմաթիւ զբաղումներ: Այս յաջորդական փոփոխութիւններէն շատ կը մտահոգուէր հայրը, որ այլեւս գրեթէ յուսակտուր եղած էր իր տղուն ապագայէն: Փոքրիկն Պետրոս բազմաթիւ գործերէ ետք ատեն մըն ալ հետեւած է ոսկերչութեան եւ իր եղբօրը պէս թէսվիյէճիութեան: Ներքին անյայտ մղում մը անհանդարտ կը պահէր միշտ այս տղան: Օր մը ինքն ալ յանկարծ անդրադարձաւ այդ անյայտ մնացած մղումին, հետեւեալ պարագաներուն տակ: 

1878-ին, անմահ ողբերգակ Պետրոս Ադամեան վերադարձած էր դէպի Կովկաս եւ Ռուսաստան կատարած թատերական յաղթական շրջապտոյտէն, եւ Իսթանպուլի մէջ, Պետրոս Մաղաքեանի հետ սկսաւ ներկայացնել իր խաղացանկէն՝ «Համլէթ», «Օթէլլօ», «Դերասան Քին» փիէսները: Խանդավառ ժողովուրդը կը լեցնէր թատրոնները: Օր մը այդ հանդիսատեսներուն մէջ էր հազիւ 12 տարեկան տղայ մը: Մեր Պալթազարն էր ան, որ հրապուրուած, կախարդուած էր Ադամեանի արուեստով: Երբեք առիթը չէր փախցներ այդ ներկայացումները դիտելու եւ միշտ կը ջանար միջոց մը գտնել մասնակցելու համար դերասաններու աշխատանքին:

Եւ վերջապէս այդ առիթն ալ ներկայացաւ: Օր մը, այդ թուականներուն հրատարակուած «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ կարդաց Մաղաքեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած ազդ մը, որով թատերասէր երիտասարդներ կը փնտռուէին, բեմի ծառայելու համար: Մաղաքեան, բեմական կեանքէն դուրս, իր ապրուստը հոգալու համար կը զբաղէր նաեւ կօշկակարութեամբ: Պալթազարի համար առիթը ներկայացած էր: Ուրիշներու կարգին, ինքն ալ ներկայացաւ կօշկակարի խանութը: Մաղաքեան, ակնոցին տակէն, գոհունակ ակնարկով մը զննեց ներկայացող պատանին: Խարտիշահեր, առոյգ, համարձակ եւ գեղեցիկ տղայ մըն էր ան: Բարձրաձայն կարդալու համար նախ ոտանաւոր մը ու յետոյ կօշկակարի գզրոցէն հանելով դերի տետրակ մը տուաւ Պալթազարին, որպէսզի սորվի: Ահա այդ օրէն սկսեալ, Պալթազարի կեանքին մէջ բացուեցաւ նոր անկիւնադարձ մը, որուն հետեւեցաւ ան մինչեւ կեանքին վերջը:

Մեր վաստակաշատ բեմընկերը առաջին անգամ բեմ ելած է 1889 նոյեմբերին Թէփէպաշըի թատրոնին մէջ՝ յաջողութեամբ կատարելով իրեն վստահուած Պազիլիւսի դերը «Յոբ ու կեղծաւոր» թատերախաղին մէջ: Այս առաջին ներկայացումին իսկ յանկարծ ուշագրաւ դարձաւ ան: Պետրոս Ադամեան առաջին անգամ ի՛նք տեսաւ անոր կանխահաս կարողութիւնը եւ ներկայացումը աւարտելուն պէս վազեց բեմ, ճակատէն համբուրելով այդ նորանուէր երիտասարդը, շնորհաւորեց զինքը: Պալթազար 23 տարեկան էր այդ ատեն: Եւ այդ օրէն ի վեր մինչեւ մահ չբաժնուեցաւ բեմէն, հակառակ շատ դառն օրերու եւ նիւթական անտանելի տագնապներու, որոնք շատ յաճախադէպ եղած են իր արուեստագէտի կեանքին մէջ: Պալթազար, զանազան խումբերու մաս կազմելով, շրջած է բովանդակ Անատոլուի մօտաւոր գաւառները: Արշակ Պէնլեանի եւ այլ թատերախումբերով ճամբորդած է Ֆիլիպէ, Սկիւպ, Սելանիկ եւ այլն, միշտ խղճմտօրէն կատարելով իրեն վստահուած դերերը: Իր բեմընկերները եղած են Ահմէտ Ֆեհիմ, Մարտիրոս Մնակեան, Յարութիւն Ալիքսանեան, Ֆէլէկեան քոյրեր, Քնար Սվաճեան, Պայծառ, Լիւսի Գարագաշ եւ այլն: Աւելի յետոյ մաս կազմած է նաեւ Արշակ եւ Ռոզալի Պէնլեաններու Թուրք օփերէթի խումբին եւ անոնցմէ երբեք չէ բաժնուած մինչեւ Արշակ Պէնլեանի մահը (1920): Այս խումբին մէջ է, որ Պալթազար մարմնաւորած է եւ անմահացած՝ Սուլթան Պէկ («Արշին Մալ Ալան») եւ Պոսթանճըպաշիի («Լէպլէպիճի Հօր Հօր աղա») օփերէթներուն մէջ:

Եւ մինչեւ իր մահն ալ եւ ոչ մէկ դերասան կրցած է հաւասարիլ իրեն: Այս համեստ ու կարող դերասանը շատ սիրուած տարրերէն մէկը եղած է նաեւ Իսթանպուլի երբեմնի քաղաքապետ Ռըտվան փաշայի տղուն՝ Ռեշատ Ռըտվան պէյի, որ թատերական ճաշակով եւ ձեռներէցութեամբ օժտուած՝ թատերախումբեր կազմած, կարեւոր թատերախաղեր բեմադրած է եւ միշտ դերեր վստահած է Պետրոս Պալթազարի: Ռեշատ Ռըտվան պէյ շատ կարեւոր դեր կատարած է Թուրքիոյ թատրոնի նոր կազմաւորման շրջաններուն: Հակառակ իր հօր խիստ արգելքներուն, ան նիւթապէս թէ բարոյապէս հովանաւորած է բազմաթիւ կարող դերասաններ, որոնցմէ ամենէն սիրելին էր Պալթազար: 

Թրքական բեմերու վրայ կատարած անխոնջ աշխատանքին հետ, Պալթազար յաճախ գործօն դերակատար մը եղած է հայերէն բեմերու վրայ ալ՝ սիրով ստանձնելով իրեն տրուած դերերը, ամէն անգամ երբ առիթը ներկայացած է հայերէն թատերախաղերու: Խղճամիտ, բծախնդիր եւ արժէքաւոր դերասան մը եղած է Պալթազար: Իր կարողութիւնը քանիցս գնահատուած է նոյնիսկ եւրոպացի բեմադրիչներէ ալ, որոնք պարբերաբար գործակցած են թրքական խումբերու: Բազմաթիւ ու բազմապիսի են այս մեծ արուեստագէտին ստանձնած դերերը, որոնց բոլորին մէջ կրցած է դնել իր ստեղծագործ ոգիէն կարեւոր մաս մը: Ան աչքառու մնացած է բազմաթիւ մելոտրամաթիկ դերերովը, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ «Քամելիազարդ կինը»ին Սենկոտանը, «Սիմոնէ եւ Մարի»ին Կավրիէլը, «Ֆրու Ֆրու»ին Սանթորիուսը, «Անմեղ մեղաւորներ»ուն Տուտուկինը եւ ուրիշ շատ մը կարեւոր դերեր: Պալթազար օփերէթներու մէջ ալ ունեցած է մեծ յաջողութիւններ: Ան իր ստանձնած դերերուն տուած է ինքնատիպ տիպարներու դրոշմ մը, որ իրը մնացած է ցարդ: Անմրցելի են իր անմահացուցած Պոսթանճըպաշըի դերը՝ «Լէպլէպիճի Հօր Հօր աղա»ին մէջ, հազարապետի դերը՝ «Մամզել Նիթուշ»ին մէջ, Սուլթան Պէկի դերը՝ «Արշին Մալ Ալան»ին մէջ, հարիւրապետի դերը՝ «Քլէրէթի 28 օրուան զինուորութիւնը» թատերախաղին մէջ: Պալթազար եղած է որքան կարող, նոյնքան ալ խոնարհ արուեստագէտ մը: Բնաւ չէ տարուած մեծագոյն դերեր ստանձնելու յաջողութիւններէ եւ գնահատականներէ եւ սակայն ատոր փոխարէն իր ստանձնած բոլոր դերերը կենդանացուցած եւ արժեւորած է ինքնայատուկ տաղանդովը:

Պետրոս Պալթազար տաղանդաւոր ու նուիրեալ իր արուեստագէտի արժանիքին միացուցած է բացառիկ յատկութիւն մըն ալ: Իր անկաշառ նկարագրով, աննենգ բնաւորութեամբ եւ մանաւանդ առածի կարգ անցած աննիւթականութեամբ գրեթէ բացառիկ դիրք մը կը ստանայ մեր արուեստագէտներուն մէջ: Ան մեր այս նիւթապաշտ դարուն մէջ տեսակ մը գիտակից ճգնաւորի կեանք ապրած է՝ արհամարհելով բոլոր բաղձանքներն ու հաճոյքները: Չէ ամուսնացած, երբեք չէ դժգոհած նիւթական անբաւարարութենէ՝ իրեն վիճակուած անձուկ պայմաններուն մէջ: Վայելելով արուեստագէտի երանութիւնը, իր վեհանձն, ազնիւ, անյիշաչար ու հեգնաժպիտ նկարագրով հազուագիւտ մարդ մըն էր Պալթազար: 

1952-ին, դերասան Օգսէն Շահինեանի կազմակերպութեամբ եւ իսթանպուլահայ արուեստասէրներու միացումով, Պէյօղլուի «Սէս» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իր 63-ամեայ բեմական գործունէութեան արժանավայել յոբելեանը, հայ եւ թուրք արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Յոբելենական յանձնախումբը կը բաղկանար Բագարատ Թեւեանէ, Գրիգոր Խիւտավերտեանէ, տքթ. Արշաւիր Տէօքմէճեանէ, Գեղամ Քէրթիէ, Ատրինէ Տատրեանէ, տքթ. Վահրամ Շիրինեանէ, փաստաբան Եդուարդ Սուրեանէ, Վահրամ Պալըքճեանէ, Արտաշէս Փափազեանէ եւ այս տողերը գրողէն:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քաղաքապետական թատրոնէն կարգ մը դերասան-դերասանուհիներ, Երիտասարդաց թատերախումբը, Իրմա Թօթօ Ֆէլէկեան, Շեւքիյէ Մայ, Վետաթ Քարաօքչու, Հիքմէթ Քարակէօզլիւ, Զարեհ Արշակ եւ այլն: Պալթազար, իր յոբելեանէն քանի մը օր առաջ անհանգստանալով, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան տնօրինութեամբ հիւրասիրուեցաւ ազգային տան մէջ, խնամեալ հոգածութեամբ մը՝ մարմնապէս կազդուրուելով լաւագոյն տրամադրութեամբ եւ առողջութեամբ վայելելու համար իրեն ի պատիւ սարքուած հանդիսութիւնը: Այս առթիւ յոբելենական յանձնախումբի կողմէ գրքոյկ մըն ալ հրատարակուեցաւ, որուն մէջ գնահատականներ ստորագրեցին Աշոտ Մատաթեան, Պեհզատ Պուտաք, Ռաշիտ Ռըզա, Իսմայիլ Կալիպ Արճան, Մահմուտ Մորալը, Քատրի Էօկելման, Վահրամ Պալըքճեան, Գրիգոր Խիւտավերտեան, Ատրինէ Տատրեան եւ Օգսէն Շահինեան: Իր յոբելենական հանդէսէն գոյացած դրամը, հակառակ իրեն եղած առաջարկներուն, ծախսել չուզեց Պալթազար եւ ըսաւ. «Հիւանդանոցին կը թողում զայն»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025