ԱՐՄԵՆԱԿ ՀԱՅԿՈՒՆԻ-190 - ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ՀԱՅԿՈՒՆԻԻ ՄԱՍԻՆ

Պոլսահայ գրող, ուսուցիչ, հասարակական եւ մշակութային գործիչ Արմենակ Հայկունիի (Համբարձում Յարութիւնի Ճիզմէճեան) 190-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Ծնած է Պոլիս, 1835 թուականին։ Դպրոցական շրջանը աւարտելէ ետք իբրեւ թարգման անգլիական զինուորական Քոլոնէլ Հայնիի, կը մասնակցի Խրիմի պատերազմին։ Այդ տարիներու մասին ան գրի կ՚առնէ «Էլիզիա» վէպը, որ վիպապաշտական ժանրի երկրորդ վէպն է արեւմտահայ գրականութեան մէջ («Խոսրով եւ Մաքրուհի» վէպէն յետոյ):

1846-1953 թուականներուն ուսանած է Սայրըս Համլինի աստուածաբանական քոլէճին մէջ։ 

1857-1858 թուականներուն հրատարակած է «Մուսայք Մասեաց» թատերական պարբերականը, որ նպաստած է հայ թատերագիտական մտքի զարգացման, բարձր գնահատած է բեմական արուեստի դերը ժողովուրդի լուսաւորութեան, կրթական մակարդակի բարձրացման եւ կենցաղի բարելաւման գործին մէջ։ 

1858 թուականին Հայկունի հիմնադրած է «Հայկազեան ընկերութիւնը», զոր գոյատեւած է մինչեւ 1861 թուականը։ 1861-ին ան Իզմիր կ՚ուղեւորի՝ իբրեւ Մեսրոպեան վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ։ Այնուհետեւ Գրիգոր Չիլինկիրեանի հետ կը հրատարակէ «Ծաղիկ» հանդէսը (մինչեւ 1862 թուականը)։ 1863 թուականի վերջերը կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը շարունակէ իր հրապարակագրական ու հրատարակչական գործունէութիւնը։ Շրջան մը խմբագրած է նաեւ «Մեղու» պարբերականը։ 

Հայկունի հեղինակ է գիրքերու, որոնք թէ՛ գեղարուեստական են եւ թէ պատմավաւերագրական։ 

Գրող-հրապարակախօսը կը մահանայ 1866 թուականին՝ Պոլիս։ 

Սփիւռքահայ բանաստեղծ արձակագիր Վահէ Օշական ունի վերլուծութիւն մը, որ կ՚արժեւորէ Հայկունին, իբրեւ 1860-ական թուականներուն հայ ընկերային-գրական կեանքէն ներս նշանակալի հետք ձգած մտաւորական մը։ Յապաւումներով կը ներկայացնենք յատկանշական բաժինները։

*

ԱՐՄԵՆԱԿ ՀԱՅԿՈՒՆԻ․
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՆԱԽԱՌՈՄԱՆԹԻՔՆԵՐԷՆ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ

ԺԹ. դարու յիսունական թուականները արեւմտահայոց ամենէն կենսունակ շրջաններէն մէկն է։ 1845-ի մեծ հրդեհը չէր կրցած քայքայել Իզմիրի մշակութային կեանքը, սակայն թափը կտրած էր, շունչը՝ ինկած: Յիսունական թուականներուն սակայն այս թափը կը վերագտնուի: Հակառակ որ առեւտրական շատ մը մեծ տուներ կը գաղթէին, մշակոյթի մարդիկը նոր ճիգերու կը լծուէին։ Գրական ճաշակ, արուեստի սէր, դպրոցական մակարդակ, օտար ազդեցութիւններու հանդէպ հաղորդ մտայնութիւն, մամուլ եւ առհասարակ ընկերային կեանքի որակ․ այս բոլոր կալուածներու մէջ Իզմիր կը գերազանցէ Պոլսոյ վիճակը: Ինչ որ սակայն յատկանշական իրագործումն էր Իզմիրի, այդ ալ թարգմանական գրականութեան մէջ ցոյց տուած իրենց բացառիկ ուժն ու շնորհն է։ Լեզուական հարց մը կար, պէտք էր ընտրութիւն մը ընել աշխարհաբա՞ր, թէ՞ գրաբար: Աւետարանականները արդէն շատոնց թարգմաներ էին Աւետարանը, անբոյր աշխարհաբար լեզուով մը։ Սակայն Իզմիրի մտաւորականութիւնը ոչ թէ հաւատքի զէնքի՝ այլ մշակոյթի զէնքի պէտք ունէր։ Մշակոյթը հաղորդակցութիւն է, գաղափարի փոխանակութիւն, ազդեցութիւններու ընկալչութիւն, յստակ մտածում, մարդկային կապ ու նոր իմաստներու վայելք: Այս բոլորին համար գրաբարը անբաւարար էր: Յետոյ՝ Իզմիրի շուկան Պոլիսն էր, հոն էր որ պիտի ծախուէին գիրքերը: Ու հոն կար ռամկօրէնը, շուկայի ու խոհանոցի լեզուն: Տէտէեան եղբայրները, առաջինն ըլլալով, ընտրութիւնը կատարեցին: Ու իրենց հետ ամբողջ փաղանգը զմիւռնահայ մտաւորականութեան - Նուպարեանը, Չիլինկիրեանները, Հայկունին, Կոստանդեանը, Ստեփան Ոսկանը, Մամուրեանը եւ այլն: Արդէն 1840-էն ի վեր աննշան մոլեռանդ մը, Ղուկաս Պալթազարեան, աշխարհաբարով թերթ կը հրատարակէր: 1853-ին հիմնուած Տէտէեան հրատարակչական տունը իր 40 տարուայ կեանքի ընթացքին 200 հատորէ աւելի գիրք հրատարակած է, սահուն, յստակ ու ճոխ լեզու մը մշակելով։ Արեւմտահայ գրականութեան զարգացման վրայ իր ազդեցութեան տեսակէտով Իզմիրի այս խմբակին կարեւորութիւնը միայն Մխիթարեաններուն բաղդատմամբ կրնայ տժգունիլ:

Պոլսեցիները երբեք այս ընտրութեան գիտակցութիւնը չունեցան, որովհետեւ առաջին օրէն հոն մշակոյթը օգտաշատ ու բարոյական նկարագիր մը յայտնաբերեց։ Գրական ճաշակով, արուեստի ըմբռնողութեամբ առնուազն 25 տարի ետ են Իզմիրէն: Հայատառ թրքերէն, գրաբար, աշխարհաբար, հայեվարի -այս բոլորը կը գործածուէին նոյն ատեն։ Պոլսոյ համար ընկերային հարցերը աւելի կարեւոր էին, քան գրական ու մշակութային խնդիրները: 50-ական թուականներուն սկիզբը ամէն ուղղութեամբ պայքար կար Պոլսոյ մէջ․ եկեղեցականութիւն եւ ամիրայութիւն ընդդէմ` միսիոնարական թափանցումին մէկ կողմէն, ու երիտասարդ, համալսարանական սերունդի փառասիրութեան՝ միւս կողմէն։ Երիտասարդները վստահած են նոր պուրժուազին ու հաւանաբար՝ Ազատ Որմնադիրներուն։ Այս բոլորը մէկ կը ձգտէին իշխանութեան։ Ահա այս պայքարներուն էր որ լծուեցաւ գրականութիւնը, լեզուական հարցը ու օտար ազդեցութիւններու հանդէպ բռնուելիք կեցուածքին ճշդումը։ Ֆրանսան եւ անգլիան «վնասակար» ազդեցութեանց աղբիւր էին, քանի որ միսիոնարական շարժումին ծագում տուած էին... Թուրքիոյ հետ մշակութային կապ գրեթէ չկար: Իտալիան՝ նոյնպէս կասկածելի։ Դեռ չկայ նոյնիսկ թրքահայութեան մը գիտակցութիւնը, ոչ իսկ պոլսահայութեան: Թաղային գիտակցութիւնը, առ առաւելն: 18-րդ ու 19-րդ դարերու մտաւորականութիւնը, Պաղտասար Դպիրէն ու Ղուկաս Վանանդեցիէն մինչեւ Մատթէոս Պալատեցի ու Տէրոյենց, մօտաւորապէս երեսունէն քառասուն մարդիկ՝ Պոլսոյ շուրջ կը դառնան՝ առանց սակայն անկէ առնելու իր իմացական սնունդը։ Այդ էր պատճառը որ արեւմտահայոց վերածնունդը Իզմիրէն սկսաւ եւ ոչ թէ Պոլսէն, որովհետեւ ոչ ոք կապուած էր Պոլսոյ այնպէս, ինչպէս կառչած էին Իզմիրի։ Ու պէտք է սպասել մինչեւ Արփիարեան, այսինքն 80-ական թուականները, որպէսզի հանդիպինք Պոլսոյ առաջին մտաւորական-գրագէտին, իզմիրցի Մամուրեանէն 25 տարի ետք... Հակառակ տարածուած կարծիքին, 50-ական թուականներու Պոլիսը մշակութային իմաստով ամենէն ամուլ վայրն է ու նոյնիսկ երբ Վարդան Փաշա ու Հիսարեան 1851-ին հոն կը հրատարակեն թրքահայոց առաջին վէպերը, նուազագոյն գաղափարն իսկ չունին թէ ի՛նչ է վէպ կոչուածը, ի՛նչ է արուեստը ու արուեստագէտը։ Եթէ կայ այդ թուականներուն արուեստի զգայնութիւնը, սէրը ունեցող անձ մը, մէկը, որուն համար գրականութիւնը վարժապետի անկեանք խրատներէն աւելի բան մըն է՝ այդ անձը Արմենակ Հայկունին է։ Թրքահայ գրականութեան պատմութեան համար, Հայկունի շատ աւելի կարեւոր դեր խաղացած է քան՝ Պէշիկթաշլեան մը, Ծերենց մը։ Թէ ինչու այսօր անծանօթ է գրեթէ անոր անունը՝ պատճառներէն հիմնականը այն է, որ իր ժամանակի բոլոր իշխանութիւններու հետ կռուած է․ աշխարհական, թէ կրօնական:

Վարդան Փաշա ու Հիսարեան՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով ներշնչուեր էր եւրոպական յուզական վէպի մակերեսային ըմբռնումէն։ Գրեթէ անգիտակցաբար ու ազգային խառնուածքի մղումին հնազանդ՝ թրքահայ նախառոմանթիք այս վէպը կրցած էր իր կեդրոնական հերոսի տիպարը ստեղծել՝ անմեղ, միամիտ բայց ճակատագրական սիրահարը, ինչպէս կը տեսնուի Մաքրուհիի ու Ագապիի կերպարներուն մէջ: Վարդան Փաշայի իրապաշտութիւնը անձնական է, մինչ Հիսարեանի կրօնաբարոյական էսթէթիքը ներածուած է Եւրոպայէն: 1845-ին ռոմանթիզմը արդէն սպառած է Եւրոպայի մէջ, բայց թրքահայերու համար դեռ 1800-ական նախառոմանթիզմի տիրապետութիւնն է: Արեւմտեան գրականութեան մեծերէն միայն Շաթօպրիան, Լամարթին ու Կէօթէ ծանօթ են լայն հասարակութեան, մինչ Հիւկօ, Ժ. Սանտ, Պալզաք, Սթանտալ, Ֆլոպէր, Տիւմա ու միւսները 15 տարի վերջ միայն պիտի ժողովրդականանան, գլխաւորաբար շնորհիւ Տէտէեան եղբայրներու թարգմանական մատենաշարին: 1860-ին հայ հասարակութիւնը չի ճանչնար վէպը ու պատմուածքի մասին Սվաճեանի ու Հայկունիի գործէն զատ ուրիշ բան չէ կարդացած: Այս է կացութիւնը դարու կիսուն՝ մէկ կողմէ Պոլիսը, քաղաքական ու բարոյական պայքարի մը քաոսային կրկէսը, բիրտ ու մոլեռանդ, օժտուած մշակոյթի ամբողջ սարքուածքով, սակայն զրկուած արուեստի ճաշակէն ու իմացական արժէքներու հասկացողութենէն, ենթագիտակցական ու անգութ ուժերու մղումին տակ դանդաղօրէն կազմաւորուող, միւս կողմէն՝ Իզմիրը, բարգաւաճ եւ ազնուական, միաձոյլ եւ արեւմտացած, սպառումի մը հեւքը արդէն կախուած շրթունքէն՝ ճաշակի նրբութիւններու ցանցին մէջ ինկած եւ ամլացած: Հայկունի այս երկու հակոտնեայ մշակոյթներու, հոգեբանութիւններու արտադրութիւնն է, անոնց համադրումը ձեւով մը։

Թշուառ մանկութիւն մը Պոլիս, կիսատ կրթութիւն մը, հիւանդ, ջղային, «սէր սէր» աղաղակող երիտասարդ մը՝ զուրկ կեանքն ու արուեստը իմաստաւորող որեւէ գաղափարէ, զգացական ծայրայեղ դիրքերու բնակիչ՝ այս է տարտամ պատկերը, որ իր գրութիւնները կը նետեն մեր աչքին։ Մէկ նպատակ կը հետապնդէ, բոլոր արտակարգ մարդոց նման՝ բարոյական դաստիարակութիւնը հայ ժողովուրդին։ Ու միակ միջոցը՝ թատրոն հիմնել, մինակը՝ 22 տարեկանին, առանց դրամի ու փորձառութեան։ Անշուշտ, չի յաջողիր ու կը դիմէ թատերական թարգմանութեան եւ ատոր համար ալ պարբերաթերթ կը հանէ՝ «Մուսայք Մասեաց»…

Վէպի անցնելէ առաջ Հայկունի գրիչը կը մարզէ Սվաճեանի «Մեղու»ին մէջ, 1856-էն սկսեալ։ Ինք ու խմբագիրը այդ թերթին մէջ հիմը կը դնեն արեւմտահայ պատմուածքին։ Սվաճեան անշուշտ, իրմէ աւելի վարժ է, զարգացած ու կարող։ Աշակերտն է Պարտիզպանեանի՝ Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ, ու ֆրանսական գրականութեան մտերմութեան մէջ մեծցած ու շատ աւելի մօտ ընկերային իրականութեան, քան՝ Հայկունին։ 

Հայկունիի պատմուածքները արուեստի հետ շատ տարտամ աղերս մը ունին անշուշտ-գրել չի գիտեր, կը խեղդուի յուզումի հեղեղին տակ, կը չափազանցէ, կը տարտղնուի ու կտրուած կեանքի բուն իրականութենէն, կը կորսուի կամ մանկութեան զգայութիւններու լորձունքին մէջ, կամ ալ՝ անզուսպ, անեզր, սրտաճմլիկ երեւակայութեան բոցերուն տակ։ Սակայն, ունի ներքին, թաքուն յարակցութիւն մը, որ կը պակսի Սվաճեանին։ Տիպարներու ոճաւորում, արագ, բայց արուեստական գործողութիւն, յուզումնահեղձ մթնոլորտ մը՝ արդէն կ՚ուրուագծուի գրագէտը։ Իր վաստակը կը պարունակէ ոտանաւորներ, պատմուածքներ, թատրերգութիւններ, երեք վէպ, որոնցմէ մէկը միայն աւարտած, թարգմանութիւններ, յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ ու ընկերային բարոյականութեան նուիրուած գործեր։ Ու այս բոլորը, դրուած կեանքն ու գրականութիւնը ըմբռնելու կեդրոնական մէկ անփոփոխ հրամայականի տակ՝ մաքուր, իտէալ սէրը իր երեք երեսներով, որդիական, հայրենիքի ու կնկայ։ Իրականութեան մէջ գերագրգիռ յուզականութեամբ ու տենդագին երեւակայութեամբ օժտուած, կամ՝ անիծուած գրագէտ-բարոյախօս մըն է։ Ու շեշտ մը կայ, յաճախ խակ ու ջղայնացնող, սակայն վաւերական, զոր գրած է իր բոլոր գործերուն մէջ՝ ոտանաւորներուն՝ յուսահատ սիրահարներու արցունքով ողողուն կամ կարօտի ճիչերով ոլորուն, թատերական երկերուն՝ ուր հայրենիքի կամ ընտանեկան առաքինութեանց սիրոյն հերոսներ կը զոհուին, յօդուածներուն, ուր կոչ կ՚ուղղէ իր հայրենակիցներուն՝ միանալ, զիրար սիրել, պայքարիլ միսիոնարներուն դէմ կամ խուսափիլ սեռային կեանքի վտանգներէն…

…1859-ին «Մեղու»ի մէջ Հայկունի կը սկսի հրատարակել իր առաջին վէպը, որ կը կոչուի «Աննիձա» եւ որ մնացած է անաւարտ։ Նիւթը խեղճ է, անշահեկան։ Նաւաբեկութիւն, սէր ու լաց, բարեկամութիւն, հրեշտակային գեղեցկութիւն եւ երազային պալատներ։ Մնացեալը կարելի է երեւակայել։ Մնացեալը, սակայն, տիպարի կառուցումին հետ կապ ունի։ Լալկան մայրը ու դաժան ամուսինը չկան, տեղի տուած են զգայուն աղջկան, որ կը տառապի սիրոյ ցաւէն։ Նախառոմանթիք հերոսուհիին վրայ այս բիւրեղացումը վճռական ազդեցութիւն ունեցաւ տիպարի զարգացման մէջ։ Յետոյ ոճը՝ սահուն, մաքուր աշխարհաբար մը ունի Հայկունի, որ Խ․ Միսաքեանինը կը յիշեցնէ։ Նոյնքան կարեւոր յատկանիշ՝ իրապաշտական առաջին նշանները։ Հայկունիի մօտ բնութեան, փոթորիկներու, անձերու եւ անոնց զգացումներու նկարագրութիւնները շատ աւելի բծախնդիր, ճշգրիտ ու հետեւողական են, քան իրմէ առաջ գրող բոլոր մարդոցը, մէջն առեալ Վարդան Փաշան։ Կան նաեւ պոլսական տեսարաններու ու տիպարներու հետաքրքրական նկարագրութիւններ, որոնք հաւանաբար Սվաճեանի հետեւողութեամբ եղած են։ Իրապաշտ այս տարտամ գիծը երկրորդական մակարդակ ունի երկին մէջ, որ իր յղացումով, տիպարներու հոգեբանութեամբ, զգացական մթնոլորտով ու գաղափարներու աշխարհով՝ ամբողջութեամբ եւրոպական զգացական վէպի հոսանքին մէջն է։ Սակայն Հայկունի կոյր հետեւող մը չէ։ Ինքն իր խառնուածքը, էսթէթիքը ունի որոշ չափով ու կարելի է ըսել թէ ո՛չ Ռուսօ, ո՛չ Սթըրն, ո՛չ ալ Պէրնանտէն տը Սէն Բիէռ զգացական անկեղծութեան մէջ այնքան ուժգին, ցնցիչ տեսարաններ ունին, որքան Հայկունիի մէկ աննշան պատմուածքը («Որդեսէր մօր մ՚անակնալ վարձը Քրիստոս», 1850 «Մեղու», թիւ 110, անստորագիր), ուր մայրական սիրոյ ներկայացումը կը հասնի գրականութեան մէջ աննախընթաց ու անկրկնելի գագաթի։ 

1861-ին Հակունի Իզմիր կը դառնայ որպէս անգլերէնի ուսուցիչ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Տէտէեան-Չիլինկիրեան-Նուպարեան խմբակին թարգմանական գործունէութիւնը թափը առած է ու հրապարակը ողողած օտար գրական երկերով։ Երկու ձրի ազգային դպրոց, երկու թերթ, երեք տպարան, բազմաթիւ օտար կրթական հաստատութիւններ, մշակութային տաք կեանք ու քոզմոբոլիթ մթնոլորտ՝ Հայկունիի համար իտէալ վայրն է։ 1861-ին լոյս կը տեսնէ իր երկրորդ վէպը՝ «Էլիզա»։ Նիւթը անշուշտ սէրն է։

…Սիրոյ ուրիշ մէկ փոփոխակը հայրենիքի սէրն է։ Հայկունիի մօտ կատաղի նկարագիր մը ունի հայրենասիրութիւնը։ Մարդուս մեծագոյն փառքն ու երջանկութիւնը հայրենիքին համար աշխատելուն մէջ կը կայանան, ըստ Հայկունիի։ Յաճախ կը յորդորէ հայերուն՝ կռուիլ քիւրտերուն դէմ, չվախնալ պայքարէն, մանաւանդ չլքել հողը ու չգաղթել։ Այս առթիւ Հայկունի բոցավառ գովեստը կ՚ընէ Իտալիոյ, որու 1850-ական թուականներու ազատագրական պայքարին մէջ կը տեսնէ հայրենասիրութեան ազնուագոյն օրինակը։ Սէրը սակայն իր բարձրագոյն անկեղծութեան, ուժգնութեան կը հասնի մօր մը սրտին մէջ, ուրկէ ան կը յորդի գրեթէ ամէն էջի։ Հայկունի ճանչցած է որբութիւնը ու մայրական գուրգուրանքի պակասը եւ ատկէ կու գայ իր տողերուն վաւերականութիւնը մեծ մասով։ Այս թեման իրն է ամբողջութեամբ եւ ատոր համար է այն հզօր ազդեցութիւնը, զոր կրած է 18-րդ դարու անգլիացի բանաստեղծ Էտուարտ Եանկէն։ Կարելի է վստահօրէն ըսել, թէ Հայկունիով է որ տեղի ունեցաւ անգլիական գրականութեան ազդեցութեան առաջին լուրջ մուտքը մեր գրականութեան մէջ։ Իրմէ առաջ Թաղիադեան եւ Աւետումեանց ալ կրած էին անգլիական ազդեցութիւն, սակայն այդ մարդիկ գրականութեան մէջ ամաթէօրի կերպարանք կը ստանան, երբ բաղդատուին Հայկունիին։

1863-ին Հայկունի Պոլիս կ՚անցնի ու կը միանայ Սվաճեանին, որ «Մեղու»ն կը հրատարակէր։ Շատ բեղուն շրջան մը եղած է իրեն համար։ Ուսումնասիրութիւններ միսիոնարական շարժումին վրայ, քերթուած, պատմուածք, երգիծական գործեր, կրթութեան վրայ կարճ յօդուածներ կը խճողեն այդ փուլը իր կեանքին։ Կ՚աշխատակցի «Մասիս»ին, «Պեգասեան թռչնիկ»ին, Տէրոյենցի «Հայաստան»ին եւ կը հրատարակէ իր անձնական հանդէսը՝ «Ձայն ընկերասիրութեան», կը յայտարարէ, թէ յօժար է ձրիաբար դասախօսել ուզողին՝ գրեթէ ամէն նիւթի շուրջ՝ գիտութիւններ, արուեստներ, մանկավարժութիւն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներ։ Պատանիներու սեռային առողջապահութեան շուրջ գիրքեր կը պատրաստէ ու կը հրատարակէ, գիջութեան մասին գրքոյկ մըն ալ… Կը յարձակի բոլոր այն մարդոց եւ երեւոյթներու դէմ, որոնք, ըստ իրեն, կ՚արգիլեն մտքի ու զգացումներու անկաշկանդ եւ առողջ ծաղկումը։ Յանդուգն գաղափարներ հրապարակ կը նետէ։ 

Անխուսափելիօրէն, ամէն իշխանութիւն իր դէմ կ՚ելլէ։ Կը հալածուի մամուլէն, կը բանադրուի եկեղեցիներու խորաններէն որպէս հերետիկոս, գիրքերը կը հաւաքուին հրապարակէն, կ՚իյնայ չքաւորութեան մէջ։ 1865-ին հրդեհ մը կը փճացնէ իր տպարանը ու բոլոր ձեռագիրները։ Յուսալքուած ու բզկտուած, գինովութեան կու տայ ինքզինքը ու 1866-ին, յետին աղքատութեան մէջ կ՚անհետանայ։ Ու դրամ չեն գտներ, որ թաղեն… 

Հայկունին շատ ուժեղ ժամանակակիցներ ունեցաւ՝ Միսաքեան, Սվաճեան, Իւթիւճեան, Տէրոյենց, Վարդան Փաշա եւ այլն, բոլորն ալ՝ յանդուգն մարդիկ։ 

Սակայն, այդ հմուտ, հզօր մարդոց մէջ չկայ մէկը, որ աւելի եռանդ ու տաքութիւն ցոյց տուած ըլլայ հանրային ու մշակութային մարզերուն մէջ, որքան՝ Հայկունին, ու հակառակ որ իր գործերուն մեծ մասը կիսաւարտ է (յաճախ անստորագիր են իր գրութիւնները եւ ոճային ու թեքնիկ յատկանիշներու մանրակրկիտ վերլուծումով միայն կարելի է այդ գրութիւնները ետ իրեն վերագրել), իր գրական վաստակը ամենէն տարածունն ու այլազանն է։ Մանաւանդ չկայ մէկը, որ իր ժամանակին համար աւելի արդիական, յառաջդիմական ու յանդուգն գաղափարներ ջատագոված ըլլայ։ Ու հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն ու ծայրայեղութիւններուն, իր ժամանակակիցներուն մէջ ամենէն շեշտուած, վաւերական գրական խառնուածքը ունի, գրագէտ է, գրեթէ։ 

Դժբախտաբար, արեւելահայ բանասիրութիւնը անոր հետքը կորսնցուցած է Սվաճեանի չափազանցուած շուքին տակ, Մխիթարեանները ահարկու քէն մը պահած են իրեն հանդէպ, մինչ արտասահման տակաւին իր իմացական ուժերը չէ կրցած համադրել նման ձեռնարկի մը համար։ 

Ամէն պարագայի, ան, որ բարեխղճութեամբ ու հմտութեամբ պիտի ուսումնասիրէ արեւմտահայոց զարթօնքը, չի կրնար անտեսել այս տարաբախտ գրողին ներկայութիւնը։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025