ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵՐԱՄԵԱՆ. ՎԱՆԻ ԿՈՅՐ ՈՒՍՈՒՑՉԱՊԵՏԸ

Վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ Համբարձում Երամեանի գործը՝ ուսուցչագործութիւնն ու սերունդներու կրթութիւնը մնաց հայոց դպրոցի եւ մանվարժութեան պատմութեան՝ հպարտանք ներշնչող էջերէն, որու մասին այսօր կը կարդանք գիրքերուն մէջ։ 

Վանի Երամեան նշանաւոր վարժարանի հիմնադիրն էր ան, որ 1882 թուականէն մինչ 1915 թուականը գործած է։ Մինչ այդ՝ 1874 թուականէն սկսեալ Համբարձում Երամեան ուսուցչութիւն ըրած է Վանի երկու վարժարաններու մէջ: 11 տարեկանին ծաղիկ հիւանդութենէն կուրցած էր Համբարձում Երամեան, իսկ 14 տարեկանին՝ որբացած։ Իր գերդաստանի՝ Երամեաններու մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ ինք՝ Համբարձում Երամեան, «Յուշարձան Վան-Վասպուրականի» գիրքին մէջ։ Յենլով իր հօր պատմածին՝ կը գրէ, որ Շահնազար անուն պարսկահայ մը, շատ ժամանակ առաջ կու գայ կը բնակի Վանայ արեւելակողմը, Արճակ գիւղը: Ապա կը փոխադրուի Այգեստանի այն թաղը, որ նոր սկսած էր շէննալ եւ այդ պատճառաւ տեղացիները իրաւամբ Նորաշէն կ՚անուանէին, իսկ հայերը՝ Ս. Յակոբ՝ թաղին եկեղեցւոյն անունով։ Այդ թաղը ահա իր եկեղեցիով ու կից գերեզմանատունով կ՚ըլլայ այդ գերդաստանի օրրանը, աւազանը եւ դամբարանը: Շահնազարի որդին էր թաղին աւագերէցը՝ Տ. Յոհաննէս, իսկ անոր միակ ժառանգ Երեմիայի անունէն կը ծագի Երեմեան կամ Երամեան տոհմանունը։ 

Երամեանները նշանաւոր ընտանիք եղած են Վանի մէջ, Համբարձում Երամեանի հայրն ալ՝ Յարութիւն Երամեան, նախորդներու օրինակին հետեւելով՝ անյագ ընթերցող մըն էր, գրասէր եւ ազգասէր մարդ մը, որ որդիին՝ Համբարձում Երամեանին պզտիկ տարիքէն ներարկած է հայ գիրի եւ գրականութեան հանդէպ սէրը։ Երբ 1847-48 թուականներուն դպրոցներ կը բացուէին գաւառներու մէջ, այդ կարգին նաեւ՝ Վանի մէջ, Համբարձում Երամեանի հայրը կ՚օժանդակէ այդ գործին՝ թէ՛ նիւթական միջոցներ տրամադրելով, թէ՛ ալ ինքը անձամբ դպրոցներ հիմնելով։ Իր հօր այդ նուիրումը՝ մանկավարժութեան, կրթական գործին, Համբարձում Երամեանի վրայ խիստ ազդած է դրական կերպով։

Համբարձում Երամեան 5-6 տարեկանին յաճախած է Սուրբ Յակոբի իր թաղի վարժարանը, ուր նախ ուսուցիչ տեսած է հայրը, ապա՝ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Փափազեանը՝ հայրը Ներսէս կամ Մաշտոց, Վրթանէս եւ Վահան Փափազեաններու։ 

1846 թուականէն կը յաճախէ Այգեստանի հիւսիս-արեւելեան կողմը՝ Յայնկոյսներ ըսուած թաղին վարժարանը։ 

Պատմելով իր ժամանակի վարժարաններուն մասին՝ Համբարձում Երամեան կը նկարագրէ, որ դպրոցները չունէին ո՛չ կրթական յայտագիր կամ վարժական ծրագիր, ո՛չ դասարանական դրութիւն եւ ոչ ժամանակացոյց, սակայն աշակերտները լաւ կ՚ըմբռնէին վարժարաններուն գծած անգիր օրէնքը, ըստ անգլիական խորհրդարանին։ Կը նշէ, որ դպրոցներուն մէջ այդ ժամանակ ազգայինէ աւելի կրօնական ոգի կը տիրէր։ Ամէն տօնի պարտաւոր էին աշակերտները ծխական եկեղեցի տանիլ։

Դպրոցական տարիներուն դպրոցին մէջ հանդիպած է իբրեւ հիւր եկած Խրիմեանին եւ այդ մէկը տպաւորած է ապագայ ուսուցիչը։

Երբ հիւանդացած է ծաղիկ հիւանդութեամբ՝ հայրը որոշած է որդին գուսան դարձնել․ քնար մը կը գտնէ եւ գուսան մը կը հրաւիրէ՝ Գողթեան երգերուն որդին վարժեցնելու համար, բայց պզտիկ Համբարձում կը զգայ, որ այդ չէ իր կոչումը եւ կը վերադառնայ դպրոց, կը ջանայ միւսներէն աւելի լաւ սորվիլ եւ այդպէս ալ կը շարունակէ իր ուսումը։ 14 տարեկանին արդէն Համբարձում Երամեանին դպրոցի մէջ դասեր կը յանձնարարուի՝ ուրիշներուն դասաւանդելու համար, իսկ 17 տարեկանին արդէն ուսուցիչի օգնական կը կարգուի քաղաքի Յիսուսեան վարժարանին մէջ։

Երամեան վարժարանին նուիրուած գիրքի մը մէջ (տպուած՝ Պոլիս, 1914-ին) կը կարդանք, որ ռուս-թրքական պատերազմի աղէտներէն յետոյ, երբ հարիւրաւոր որբ եւ աղքատ պատանիներ կը թափառէին փողոցները, 1878 թուականին Համբարձում Երամեան կը կազմէ «Խնամատար» անունով ընկերութիւն մը, աղքատ եւ որբ ուշիմ մանուկները կրթելով՝ ուսուցիչներ եւ կղերականներ պատրաստելու նպատակով: Շուտով ընկերութեան անդամներուն թիւը, ամէն դասակարգէ, 80-ը կ՚անցնի եւ շաբթական ու ամսական վճարներով Վանէն, Պոլսէն եւ արտասահմանէն ստացուած նպաստներով 25-է աւելի մանուկներ եւ պատանիներ կ՚ընդունին ընկերութեան խնամքը, յանձնուելով պարկեշտ ընտանիքներու, իսկ անոնց կրթութեան հոգը կը ստանձնեն Երամեանն ու Տիգրան Ամիրճանեանը՝ Ս. Յակոբի ծխական վարժարանին մէջ։ Ամիրճանեան նոյնպէս Վանի նշանաւոր գործիչներէն էր՝ գրող, թատերագիր, երաժիշտ։

Պատերազմը եւ 1879-ի երաշտը յառաջ կը բերեն ընդհանուր թանկութիւն, նախանշան 1880-81-ի հանրածանօթ սովին, եւ «Խնամատար»ը նախ Վանի մէջ հանգանակութիւն մը կատարելով 150 ոսկի կը հաւաքէ ի նպաստ կարօտելոց, ասկէ վերջ կը դիմուի Թիֆլիզի «Մշակ» եւ «Մեղու Հայաստանի» թերթերուն, ինչպէս նաեւ Մկրտիչ Սանասարեանցին, իսկ անոնք կը փութան առաջին օգնութիւնները հասցնել։ 1880-ին որբերը կը տեղափոխուին քաղաքի Կարմրաւոր վանքը, ուր եւ կը բացուի Վանի առաջին հայ որբանոցը՝ Երամեանի տեսչութեան ներքեւ. հոն այցելաբար դասեր կ՚աւանդէր նաեւ Ամիրճանեան։ Այս առթիւ «Խնամատար»ը կ՚արժանանայ հոգելոյս Ներսէս Պատրիարքի կոնդակին։ Երկու տարի վերջ ընկերութեան լուծարումով՝ մէջտեղ կը մնային 25 սաներ, զորս Երամեան քաղաք կը փոխադրէ՝ միայնակ ստանձնելով անոնց նիւթական եւ ուսումնական մատակարարութիւնը, ընդունելով նաեւ ցերեկօթիկ թոշակաւորներ, որով եւ դպրոցը մինչեւ 1903 թուականը կը կոչուի «Վանի հայկական որբանոցի վարժարան» իսկ այնուհետեւ 25-ամեակին առթիւ` Երամեան վարժարան։ 

Գիշերօթիկ որբերէն առաջին շրջանաւարտները վկայական կը ստանան 1886-ին եւ կը կազմեն մայր հաստատութեան ուսուցչական խումբի կորիզը եւ ամենատոկուն յենակը՝ Երամեանի տաժանելի եւ բեղմնաւոր գործունէութեան։ Միւսները յաջորդ երկամեայ շրջանին կ՚աւարտեն եւ ոմանք գործի ասպարէզ կը մտնեն: Գիշերօթիկ դրութեան վերջ կը տրուի 1888-ին, տնտեսական աննպաստ պայմաններու պատճառով։ Երամեան, իր ստանձնած ծանր բեռը պատուով կրելու համար, ստիպուած էր մէկ կողմէ ամէն անգամ մէկ ժամու չափ ճամբայ քալելով շուկայ երթալ նուէր կամ թոշակ գանձելու եւ միւս կողմէ գրաւոր դիմումներ ընել Վանէն դուրս նպաստներ ձեռք բերելու համար, իսկ դրամ պակսած ատեն իր անձնական գոյքերը կամ տունը գրաւի դնելով փոխառութիւն կ՚առնէր։ Միեւնոյն ժամանակ ուժ կու տար գրադարանի եւ գիտական թանգարանի կազմութեան եւ ոչինչ կը խնայէր ուսուցչական խումբը բնիկ եւ դրսեցի կարողագոյն ուժերով զօրացնելու համար, ինքն ալ ստանձնելով բարձրագոյն կարգերու կրօնի, հայերէնի, պատմութեան եւ մատենագրութեան դասերը։ Զանազան տեղերէ առաջարկուած հրապուրիչ պաշտօններն ալ մերժելով, ան կեանքի նպատակ կը դարձնէ իր հիմնած վարժարանին պահպանումը, ջանալով այդ հաստատութեան մէջ ամէն զոհողութիւն ներդնելով լաւագոյնը ընել։ Երամեան ազատ ժամերուն անյագ կ՚ընթերցէր՝ ջանալով ծանօթանալ նաեւ ֆրանսերէնին։

1886 թուականին Երամեան բուժուելու նպատակով կ՚ըլլայ Երեւան, Էջմիածին, Թիֆլիզ, ապա՝ Պոլիս եւ Վիեննա եւ օգտուելով այդ առիթներէն, մօտէն կը ծանօթանայ այդ տեղերու դպրոցներուն ու կրթական գործին: 

Վիեննայի մէջ ան կ՚այցելէ Մխիթարեաններուն, մօտէն կը տեսնէ անոնց գիտական եւ միւս ձեռքբերումները: Վերադառնալէ յետոյ մեծ բարեփոխումներ կը կատարէ դպրոցին մէջ, կը բանայ մասնագիտական, գիտական դասարաններ, թանգարան, մատենադարան։ 

Թէեւ թոշակաւոր աշակերտներու թիւը երթալով կ՚աճէր, բայց ծախսերն ալ անհամեմատ աւելի կը բարձրանային, 1880-ական թուականի վերջերը Երամեան կը պարտաւորուէր իր միակ հօրենական կալուածը (տունն ու պարտէզը) վաճառել՝ իր սիրելի վարժարանի կեանքը շարունակելու համար: 80-ական թուականի վերջերէն սկսեալ դպրոցը մերթ ընդ մերթ կ՚ենթարկուի նաեւ քաղաքական հալածանքներու (յաճախակի քմահաճ խուզարկութիւնները, հիմնադիր-տնօրէնի խիստ հարցաքննութիւններու ենթարկուիլը եւ հսկողութեան տակ առնուիլը, ազգային եւ եկեղեցական պատմութեան, ինչպէս նաեւ մարմնամարզի դասերուն դէմ յարուցուած ապարդիւն դժուարութիւնները եւ այլն)։ Սակայն կը յաղթահարուի նաեւ այս դժուարութիւնը եւ Երամեանի դպրոցը իր կարգապահութեամբ, խիստ օրէնքներու առկայութեամբ եւ խստապահանջութեամբ օրինակ կը դառնայ Վանի դպրոցներու համար։ Փաստօրէն, վարժարանը իր գոյութեան տարիներու ընթացքին որբանոցէն դարձած է նախակրթարան, ապա՝ լիսէ եւ այդ ընթացքին զարգացում ապրած են դպրոցի կրթական ծրագիրները, դասագիրքերը, ուսուցիչները․․․ Տակաւին 1882 թուականին վարժարանին մէջ ստեղծուած էր նաեւ երգչախումբ, որ դպրոցին նիւթական աջակցութիւն բերելու նպատակով արեւգալի շարականներ կ՚երգէր եկեղեցիներու մէջ: 1908 թուականին Կոմիտասի աշակերտ Խոսրով Փախչանեան այնտեղ կը ստեղծէ քառաձայն երգչախումբ։

Վանի յառաջադէմ հասարակութիւնը 1903-ին կը պատրաստուէր մեծ հանդիսութեամբ տօնելու Երամեան վարժարանի հիմնադրման 25-ամեակը։ 

Վարժարանի 25-ամեայ յոբելեանի առթիւ վանեցիք դպրոցին կը նուիրեն շէնք մը, իսկ Խրիմեան Հայրիկ եւ Օրմանեան Սրբազան Համբարձում Երամեանին կ՚ընծայեն «ուսուցչապետ» տիտղոսը:

1913-ին դպրոցը արդէն ունէր 19 ուսուցիչ։ Կը դասաւանդուէին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, հայոց պատմութիւն, քաղաքական տնտեսութիւն, օրէնսգիտութիւն եւ այլ առարկաներ, բարձրագոյն կարգերուն կը տրուէին նաեւ բանախօսութիւններ: Արեւմտահայոց դպրոցներուն մէջ առաջիններէն էր, ուր օտար լեզուներու մէջ տեղ գտած էր ռուսերէնը։ 

Շրջանաւարտները կրնային իրենց ուսումը շարունակել եւրոպական համալսարաններու մէջ, քանի Երամեան վարժարանը ինք կը գործէր եւրոպական դպրոցներու եւ լիսէներու կրթական ծրագիրներով: Իր 36-ամեայ գոյութեան շրջանին վարժարանը տուած է 3000 շրջանաւարտ, որոնցմէ շատեր ընդունուած են Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը, Էջմիածնի Գէորգեան եւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանները, իսկ անոնցմէ շուրջ 100 հոգի ալ մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են եւրոպական համալսարաններու եւ մասնագիտական կրթական կեդրոններու մէջ։ Վարժարանը իր արժանաւոր տեղը ունեցած է հայ դպրոցի պատմութեան մէջ եւ եղած է այն դպրոցներէն, որոնք ազգային ոգի ներարկած են աշակերտներուն եւ բարձր պահած են ինքնութեան հարցերը։ Միաժամանակ այնտեղ մեծ տեղ կը յատկացուէին արհեստներուն, աշակերտներուն կը սորվեցնէին դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, ատաղձագործութիւն, կը ջանային պահելու տեղի արհեստները, կը կատարէին հաւաքչական եւ այլ աշխատանքներ։

1913-ի վերջին Երամեան կրկին Կովկաս կ՚այցելէ, դասախօսութիւններ եւ հանդիպումներ կ՚ունենայ, կը ներկայացնէ Վանի կրթական վիճակը, կը խօսի իր ծրագիրներուն մասին, մամուլը լայնօրէն կը լուսաբանէ այդ այցելութիւնը։ Յաջող համարելով կովկասեան իր շրջագայութիւնը՝ Երամեան Պոլիս կը մեկնի, ուր երկար կը մնայ, մօտ վեց ամիս, այդ ընթացքին կը բնակի Բերա թաղամասը՝ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Ճելալեանի տանը: Երամեան մօտէն կը շփուի Պոլսոյ հոգեւոր իշխանութիւններուն, Արմենակ Շահմուրատեանին, Կոմիտասին եւ այլոց հետ, ամէնուր կապեր եւ միջոցներ կը փնտռէ՝ դպրոցին հետ կապուած իր ծրագիրները կատարելագործելու համար։

Ըստ արեւմտահայ մամուլի, 1914 թուականի մարտի 22-ին Երամեան դպրոցի պոլսաբնակ շրջանաւարտներու նախաձեռնութեամբ Բերայի մէջ կը կազմակերպուի Համբարձում Երամեանի մանկավարժական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն կը մասնակցին Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն Սրբազանը, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ուսուցիչներ, պոլսաբնակ վանեցիներ։ Հանդիսութեան կազմակերպիչն ու նախագահը Վահան Փափազեանն էր: Ելոյթ ունեցողներուն մէջ էր նաեւ Գրիգոր Զօհրապը, որ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսքեր կ՚ուղղէ իր կեանքը դպրոցին նուիրած Երամեանին՝ ըսելով․ «Ամէնքն ալ այս ծերունին կը յարգեն իբր մտքի, կրթութեան վեթերան մը, իսկ ես, Պրն. Երամեան, Ձեր մէջ կը տեսնեմ եւ կ՚ողջունեմ վիպասան մը։ Դուք ոչ թէ վէպ գրած էք, այլ Ձեր կեանքը վէպ մը եղած է, ամենէն առասպելականը չգրեցիք Դուք, այլ ապրեցաք անոր մէջ… Լոյսէ զուրկ, լոյս տարածեցիք»։ Յուզուած Զօհրապի այս գնահատականէն՝ Երամեան նոյնպէս ելոյթ կ՚ունենայ եւ կ՚ըսէ․ «Ես պարտքս միայն կատարած եմ, թէ 11 տարեկանէս լուսազուրկ կեանքիս հաճոյքը փնտռած եմ ուսանելու եւ ուսուցանելու մէջ, իբրեւ կեանքի կանոն առնելով ամենեւին գործը չզոհել հաճոյքին եւ նշանաբան ընտրելով ընել լաւը եւ եթէ կարելի է լաւագոյնը»։

Երամեան այդ շրջանին կը մեկնի նաեւ Զմիւռնիա, լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ, սակայն առաքելութիւնը չի յաջողիր, քանի որ պատերազմական դէպքերը կը յաջորդեն իրարու եւ Երամեան շոգենաւով կը մեկնի Աղեքսանդրիա, ուրկէ ալ չի վերադառնար։ Երամեան վարժարանի յաջորդ էջը կը վերաբերի արդէն անոր գոցուելուն՝ 1915-ին վերջ կը դրուի փառապանծ դպրոցի ընթացքին։ 

Երամեան կը վերապրի Եգիպտոսի մէջ, կրթական գործեր կը կատարէ, Աղեքսանդրիոյ հայկական դպրոցի տեսուչը կ՚ըլլայ մինչեւ իր մահը՝ 1929 թուականը, որ վրայ կը հասնի Աղեքսանդրիոյ մէջ։ 

Հոն ալ գրած եւ հրատարակած է «Յուշարձան Վան-Վասպուրականի» երկհատոր պատմագրական գործը, որ լաւագոյն վկայութիւններէն է Վան-Վասպուրականի պատմութեան․ աչազուրկ ուսուցիչը, կրթական գործի նուիրեալը ամենայն մանրամասնութեամբ շարադրած է բնօրրանի յիշատակները. բնօրրրան, որու կարօտը սիրտին մէջ մահացաւ օտար ափերուն․․․ 

Երամեան վարժարանի ուսուցիչներէն վանեցի գրող Լեռ Կամսար (Արամ Թովմաղեան) այսպէս կ՚արտայայտուի իր պաշտօնակցին մասին. «Վանին մէջ ամենաառաջին միջնակարգ դպրոցի տնօրէնը երկու աչքով կոյր մարդ մըն էր՝ Համբարձում Երամեան անունով: Զարմանալի է չէ՞, որ կոյր մարդ մը լոյս կու տայ ամբողջ քաղաքին ան ժամանակ, երբ լոյս աչք ունեցող մարդիկ մութ կը տարածեն իրենց շուրջը»: 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025