ՀՐԱՇԱԳՈ՞ՐԾ, ԹԷ ՍՈՒՏԱՍԱՆ… ԿԱԽԱ՞ՐԴ, ԹԷ ՊԱՐԻԿ…
Պզտիկ էինք…Կախարդ բառէն կը սոսկայինք։ Կախարդը գէշ եւ չար կին կամ մարդ էր, տուները կը քանդէր, սիրածները կը բաժնէր, հարս ու կեսուր իրար կը ձգէր, թուղթ ու գիր կ՚ընէր, ի՛նչ ըսես, որ չէր ըներ… Յետոյ կախարդները չար աչք ալ ունէին… Միականի սպասուհի մը ունէինք անունը Աֆիֆէ, մենք կը շփացնէինք եւ Ֆիֆի կը կանչէինք, օր մը երբ հարցուցի. «Ո՞ւր է միւս աչքդ», այսպէս պատասխանեց.
-Ես շատ անուշիկ պզտիկ մըն էի, օր մը հարսանիքի գացած էինք, կախարդութեամբ զբաղուող կին մը մօրս ըսաւ. «Աղջիկդ ես հարս պիտի առնեմ», մայրս պատասխանեց. «Աղջիկս արդէն նշանած ունի, օրօրոցէն կապած ենք, գալ տարի կ՚ամունացնենք, նախ թող կատարեալ աղջիկ ըլլայ»։ Այս կնոջ աչքերէն կրակ ելաւ կարծես. «Այս գիւղին մէջ ոչ ոք կը համարձակի մերժել զիս, եթէ ըսի ես պիտի առնեմ, ուրեմն ե՛ս պիտի առնեմ, իսկ եթէ ես չառնեմ, ուրեմն ոչ ոք կրնայ առնել»։ Նայեցաւ ինծի եւ աչքէս արիւն սկսաւ իջնել, յետոյ մէջտեղէն ճաթեցաւ…»։
-Անոր համար չամուսնացա՞ր Ֆիֆի…
Սարսափելի պատմութիւն էր, սկսայ լալ եւ փաթթուեցայ մեր դժբախտ Ֆիֆիին…
Բայց այդքանով չվերջացաւ, մտքիս մէջ կախարդին մարմին տուի, օր մը պոչ աւելցուցի, օր մը՝ կոտոշներ… Վերջաւորութեան չորս ոտքեր ունեցաւ եւ այդ սահմռկեցուցիչ կերպարը «Կախարդ» անունով երազներուս տէրը դարձաւ… Երկար ժամանակ հալածեց զիս, չէ՞, որ ես ալ անուշիկ էի, յանկարծ ատանկ կախարդ մը եթէ իր տղուն ուզէր առնել ի՞նչ պիտի ընէի… Բայց դարձեալ մայրս հասաւ օգնութեան, բացատրելով, թէ որքա՜ն բարի պարիկներ կան, օրինակ՝ «Մոխրիկը» հեքիաթին պարիկը եւ հիմա կախարդներ չկան… Յետոյ Աստուած իր հրեշտակները կը ղրկէ փոքրիկները պաշտպանելու համար, իւրաքանչիւր փոքրիկ պահապան հրեշտակ մը ունի… Մայրս իր ձեւով լուծեց կախարդին հարցը ու ես դարձայ իմ հեքիաթներուս պարիկներուն եւ վստահեցայ հրեշտակներուն…։
Մինչեւ…
Տարիներ անցան, ձմրան երկար գիշեր մը դարձեալ հաւաքուած ենք հօրաքրոջս տունը, հօրաքրոջս ընթրիքի խոշոր սինին հիւրանոցի սեղանին վրայ լեցուն դրուած է, տունը պատրաստուած կանաչ ձիթապտուղ, դարձեալ տունը պատրաստուած ճերմակ պանիր, քամած մածուն, ձուածեղ՝ անպայման, եւ… եւ… եւ… Թէյնիկը վառարանէն կ՚իջնէ, անոր տեղը հացը կը տաքցնենք եւ թանթիկ Մարին հիւսքը ձեռքը մեր խնդրանքով մեզի հետաքրքրող պատմութիւններ ունի նորէն…
-Համբերեցէք, կ՚ըսէ մայրս, պատառ մը թող ուտէ աղջիկը…
Լռութեան մէջ, սեղանին բարիքները շատ արագ առանց ծամելու կը կլլենք բոլորս։
Թանթիկ Մարին հիւսքը դարձեալ ձեռքը կ՚առնէ։
-Վլվլուկ մըն էր, որ փրթաւ վանքին մէջ։ Հրաշագործ մը պիտի գայ ըսին անունը՝ Աւագ։ Հիւանդները կը բուժէ, ձախողութիւնները յաջողութեան կը վերածէ, բաժնուած սիրածները կը միացնէ, մինչեւ իսկ հոգեվարքի մէջ եղող մարդուն կեանք կու տայ։
Եւ իսկապէս շաբաթ մը, տասն օր չանցած անուշիկ երիտասարդ մը եկաւ, մեղք չգործեմ, Յիսուսը մեր կրօնի դասագիրքերուն նկարներով գիտենք եւ այս երիտասարդը Յիսուսին նմանող արտաքինով, անմեղ , բարի դէմքով, նիհար, թեթեւ մօրուքով, երկար եւ երթալով լայնքին տուող վերարկու մը վրան, ինքը անուշ, ձայնը անուշ, խօսքը անուշ, ինչ ըսեմ… Տանիքէ տանիք կը ցատկէր, բարձր տեղերէ կը խօսէր։ Ամուսնացած-չամուսնացած, կին-աղջիկ բոլորը սիրահարուեցան…
Բայց հրաշքին ժամանակը պէտք չէր ուշանար…
Ժամանումէն շաբաթ մը առաջ Հայր Եղիշէ կը կանչէ գաղութէն վարպետ սուտասան մը եւ կ՚ըսէ.
-Այսօր բազմութեան մէջ եղած ժամանակդ կ՚իյնաս, թող քեզի շալկելով տուն տանին եւ կը տարաձայնէք, որ չես կրնար քալել։ Ես կը ղրկեմ մէկ-երկու բժիշկ, որոնք կը հաստատեն չկարողանալ քալելուդ։ Եկող շաբաթ Աւագ անունով հրաշագործ մը պիտի գայ, քեզի կը շալկեն հոս կը բերեն, Աւագը կը բուժէ քեզ եւ այս աստիճաններէն ցատկելով վար կ՚իջնես. «Ժողովուրդ հրաշք պատահեցաւ, կը քալեմկօր» պոռալով։
Այդպէս ալ կ՚ընեն։
Ալ ինչ չխօսող, չքալող, կռնակը՝ ծուռ, աչքը՝ շաշ, տունը թթու դրուած, մինչեւ իսկ կարճ մնացած աղջիկ մը ժամադրութիւն կ՚առնէ, որպէսզի Աւագը հասակը երկարէ։
Բայց այդ ծանր բուժումէն ետք Աւագը հանգիստի պէտք ունէր, առաւել ժամանակը սուղ էր, ուրիշ տեղեր զինք կը սպասէին։
-Թանթիկ Մարի ասի հրաշագործ չէր, հրաշագործները սուրբ կ՚ըլլան, սուտ չեն խօսիր, թերեւս կախարդ էր, կամ ալ բան մը չէր։
-Ինչ կ՚ուզես անոր ալ հաւատա՛, եղաւ թանթիկ Մարիին պատասխանը, գլուխը իր յատուկ ձեւով շարժելով։
Հրաշագո՞րծ էր, թէ սուտասան, կախա՞րդ էր, թէ պարիկ, Աստուծոյ ձգենք…
Բայց ես քունս դարձեալ փախցուցի, ինչ սուտ հրաշք էր ասիկա, կամ ձախողած կախարդ, այդպէս ալ չհասկցայ, բայց յիշեցի ինծի հետ կատարուած կախարդութիւն մը, որ մինչեւ այսօր չեմ կրցած հասկնալ, թէ ինչպէս կը պատահէր։
Ես շատ կը սիրէի գիշերները ծնողքիս մէջտեղը թխմրտուիլ, օր մը վախցած կ՚ըլլայի, օր մը վատ երազ տեսած կ՚ըլլայի, ուրիշ օր մը անհանգիստ կ՚ըլլայի, միշտ պատճառաբանութիւն մը ունէի… Օր մըն ալ հնարամիտ շփացածս հանճարեղ գաղափար մը ունեցայ դարձեալ ծնողքիս սենեակը երթալու եւ այս անգամ իբր իրենց մեղքնալու պատրուակով…
Արդէն թխմուեր եմ մէջտեղնին ու սրտանց կու լամ.
-Շատ կը մեղքնամկօր ձեզի։
-Ինչո՞ւ։
-Եթէ ես տգեղ ըլլայի, դուք ի՞նչ պիտի ընէիք…
-Բայց դուն շատ գեղեցիկ ես, ինչո՞ւ անանկ բաներ կը մտածես…
-Բայց կրնայի տգեղ ըլլալ չէ՞, դուք ի՞նչ պիտի ընէիք, մեղք չէ՞ք, տգեղ աղջիկ ունենայիք։
-Բայց ինչո՞ւ կը կարծես, որ տգեղ պիտի ըլլայիր…
-Հիմա անուշիկ ծներ եմ, գիտեմ, բայց եթէ տգեղ ծնէի, դուք շատ մեղք պիտի ըլլայիք, ուրեմն հոս պիտի պառկիմ, որպէսզի ձեզի չմեղքնամ…
Բայց զարմանալի բան, ամէն անգամ, որ ծնողքիս մէջտեղը պառկէի՝ առտուն անկողինիս մէջ կ՚արթննայի…
Հիմա բացատրեցէք ինծի՝ այս պատահածը կախարդութիւն չէ՞ր արդեօք, գիշերը իմ ոտքերովս երթամ փառաւորապէս ծնողքիս մէջտեղը պառկիմ, առտուն անկողինիս մէջ արթննամ…
Համբերատար, բարի ծնողքս… Ի՞նչ գործ ունէի ամէն գիշեր ձեր մէջտեղը թխմուելու…
Նաեւ յանցաւոր կը զգամ…
Թերեւս ճիշդ անոր համար է, որ քոյր մը չունեցայ…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
28 յունուար, 2025, Երուսաղէմ