ՆԱԽԱՆՁ՝ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄՈԼՈՒԹԻ՛ՒՆ

Պատուիրանը կը պահանջէ «նախանձ»ը արտաքսել մարդկային սրտէն։ Նախանձը՝ չար զգացում մըն է, որ մարդ կ՚ունենայ՝ տեսնելով ուրիշի յաջողութիւնը կամ բախտաւորութիւնը, որոնցմէ ինք զուրկ է. մախանք, չարակնութիւն է ան։ Սիրող մարդու սրտնեղութիւն է նախանձը, զայրոյթ մըն է ան, երբ ան կը նկատէ, որ իր սիրած անձը ուրիշին նախընտրութիւն կու տայ։

Երբ Նաթան մարգարէն ուզեց Դաւիթ թագաւորը զղջումի դրդել, պատմեց անոր պատմութիւնը աղքատի մը, որ միայն ունէր գառնուկ մը, որուն հետ իր աղջիկ զաւակին պէս կը վարուէր, ապա այն հարուստին, որ հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ հօտերուն, այս աղքատ մարդուն վրայ կը նախանձէր. մինչեւ որ վերջապէս գողցաւ մարդուն գառնուկը. (Բ ՍԱՂ. ԺԲ 1-4)։ Նախանձը կրնայ տանիլ յոռեգոյն չարագործութիւններուն. (ԾՆՆԴ. Դ 3-8), (Ա ԹԱԳ. ԻԱ 1-29)։ Եւ վերջապէս, Սատանային՝ Նեռին նախանձով է որ մահը մտաւ աշխարհ. (ԻՄԱՍՏ. Բ 24)։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է, որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ։ Եթէ մենք բոլորս այսպէս շարունակենք խախտել մարմինը Քրիստոսի, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործին լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամներ կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններու պէս»։

Ուստի, նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։

Նախանձը՝ բարիքի դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնն է, չարամտութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ, անվայել կերպով իւրացնելու անսանձ փափաքը։ Մախանքը՝ նախանձը երբ մերձաւորին ծանր չարիք մը, վնաս մը կը մաղթէ, մահացո՛ւ մեղք է. Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս նախանձին մէջ կը տեսնէր «գերազանցօրէն սատանայական մեղքը»։ Իսկ Սուրբ Գրիգոր Մեծ կ՚ըսէ. «Նախանձէն կը ծնին ատելութիւնը, չարախօսութիւնը, զրպարտութիւնը, մերձաւորին վրայ՝ անոր դժբախտութեան համար հրճուիլը եւ անոր բարօրութեան վրայ նեղուիլը»։

Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է, ուրեմն եւ եղբայրսիրութեան՝ մարդասիրութեա՛ն բարձր զգացումը. քրիստոնեան պիտի պայքարի անոր դէմ իր բարեսիրութեամբ։ Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն՝ «ԵՍ»ին թագաւորելէն մարդուն կեանքին։ Ուստի, քրիստոնեան պիտի մարզուի ապրիլ խոնարհութեան մէջ։ 

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Արդեօք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստուած ձեր միջոցով փառաւորուած։ Ուրախացէ՛ք ուրեմն ձեր եղբօր յառաջդիմութիւններով եւ անոր գործով, Աստուած ձեզմով պիտի փառաւորուի։ Եւ այն ատեն մարդիկ պիտի ըսեն.- օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, քանի որ Անոր ծառան գիտցաւ յաղթել նախանձին՝ իր հրճուանքը դնելով ուրիշներուն արժանիքներուն մէջ»։

Ըսինք, որ նախանձը արդիւնք է մարդուն «ԵՍ»ին տիրակալութեան։ Ճիշդ այս կէտին կը յիշենք մեր ամէնօրեայ Տէրունական աղօթքին՝ «Հայր մեր»ին սա խօսքերը. «Եկեսցէ արքայութիւն Քո, եղիցին կամք Քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի»։ Այս խնդրանքին հակիրճ բացատրութիւնն է՝ «փոխանակ իմ ԵՍին թագաւորութեան, Քու թագաւորութիւնդ տիրապետէ իմ մէջ՝ ինչպէս երկինքը, նաեւ երկրի վրայ եւ մի՛շտ Քու կամքդ կատարուի, քանի որ Դուն կը խոստանաս մեզի յաւիտենական կեանքը»։

Մարդիկ, աշխարհասէր մարդիկ, կ՚ուզեն այս երկրային կեանքը լիուլի վայելել, բայց լիուլի վայելելի կեանքը՝ յաւիտենական կեանքն է, ինչ որ ասիկա կ՚անտեսեն։ Անոնք չեն տեսներ, որ երկրային կեանքը միջոց մը, անցք մըն է երկնային յաւիտենական կեանքին եւ թէ Աստուած մարդը ստեղծած է յաւիտենականութեան համար…

Այս միջանկեալ շեղումէն վերջ՝ դառնանք դարձեալ նախանձի հարցին։ Նախանձորդը ինքնամատնիչ է նաեւ։ Ան, որովհետեւ, չի գիտեր, թէ ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս յանկարծ կ՚արտայայտէ տուեալ զգացումը՝ որ բարացուցիչ կը դառնայ նախանձի իր ներքին ծածուկ զգացումին։ Արդարեւ, ընդհանրապէս այն համոզումը կը տիրէ մարդու մէջ, թէ նախանձ եւ սէր կարելի չէ թաքցնել, ծածուկ պահել։ Իրարու բոլորովին հակադիր երկու զգացում՝ մէկը չար, միւսը ծայրայեղ բարի, որոնք երբեմն ա՜յնքան կը մօտենան իրարու, որ շատեր սէրը եւ նախանձը իրարու հետ կը շփոթեն…

Բայց եթէ խորհապէս մօտենանք այս երկու զգացումին մէջ, պիտի տեսնենք, որ երկուքին ալ դրդապատճառը նոյնն է, «ԵՍ»ը, մարդուն ներքին այն «վիշապ»ը՝ գազանը՝ որ մարդը կը պարտադրէ միշտ իրեն հպատակելու, ինքնահաւանելու եւ մինչեւ իսկ Աստուած ուրանալու, ինքզինք գերադասելու, բայց անոնք՝ որոնք «ԵՍ»ին գերի են դարձած, միշտ մինակ մնալու դատապարտուա՛ծ են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 11, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025