ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ
Գերմանական առածին համաձայն՝ կնոջ պարտաւորութիւններէն մէկը «խոհանոց»ն է՝ տան պարտաւորութիւնները: Ի դէպ, ո՛չ միայն գերմանացիներուն, այլ հայերուն մօտ եւս վիճակը տարբեր չէ եղած. մեր մտաւորականներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան 1890 թուականին Օրթագիւղի երբեմնի Հռիփսիմեանց վարժարանին մրցանակաբաշխութեան հանդէսին արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ կ՚ըսէ.- «Ես աղջկանց դպրոց մը մտած ատենս, է՛ն առաջին բանն, որ տեսնել կ՚ուզեմ հոն, ի՞նչ է, գուշակեցէք։ Գրքատո՞ւն։ Ոչ։ Դաշնա՞կ։ Շատ հեռու էք, առաջին բանը՝ կ՚ըսեմ կոր։ Կար ու ձեւի գործի՞ք։ Մօտեցաք։ Բայց իմ հարցմանս, ինձ կը թուի, պատասխանն եւ ո՛չ ոք ի հանդիսականացդ պիտի համարձակի տալ։ Ի՜նչ ստորին բան, բերան կ՚առնուի՞ միթէ, մեր աղջկանց փափուկ ձեռաց կը վայլէ՞ միթէ։ Ամենէն աւելի ա՛ն կը վայլէ՝ աւե՛լը՝ մաքրութեան խորհրդանշանն»:
Հայկական աղջկանց վարժարաններուն մէջ հայերէն լեզուէն, թուաբանութենէն եւ միւս նիւթերէն շատ աւելի առաջնահերթ էր կար եւ ասեղնագործութիւն, խոհարարութիւն, տնային տնտեսութիւն սորվիլը:
Սակայն պէտք է ընդունինք, որ եւրոպական շատ մը պետութիւններէն առաջ հայութիւնը ի՛նք հասկցաւ, որ կնոջ համար ուսումը անհրաժեշտութիւն է. Խրիմեան Հայրիկ, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ մտաւորականներ կարեւոր նկատեցին, որ կինը լոկ տան տնտեսութեան համար պէտք չէ կրթուի։ Կնոջ անհրաժեշտ է ամբողջական կրթութիւն. 1920-ականներուն վերջերը հայկական մամուլին մէջ կը տեսնուէր հետեւեալ տողերը. «Պատուհաս մըն է տգէտ կինը: Եւ հրէշ մը՝ թերուսը»: Անշուշտ, այս խօսքը կը գրուէր, որպէսզի կնոջ դաստիարակութեան զարկ տրուի, սակայն շատ անգամ այս տողը սխալ թարգմանութիւններու եւ բացատրութիւններու զոհ կը դառնար: Ի դէպ, հայ ժողովուրդին համար կին արարածը մի՛շտ ալ եղած է յարգելի՝ ի տարբերութիւն այլ մշակոյթներու. որպէս փաստ կրնանք բերել Վարդանանցն ու Եղիշէն. «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհին» արտայայտութեամբ կը յիշէ Եղիշէ հայ կինը՝ ըսելով, որ անոնք մի՛շտ սաղմոս կը շշնջային. պատմիչը անոնց համար կը գրէ. «Մխիթարութիւնք կատարեալք՝ ընթերցուածք մարգարէիցն»:
«Բազմավէպ»ի 1932-ի թիւին մէջ խմբագրութեան ստորագրութեամբ հետեւեալը կը կարդանք. «Զարգացի՛ր, Հա՛յ կին, Աւետարանին հոգւով ու Նարեկի շունչով. եւ երբ տանդ հաւատարիմ պահակն ըլլաս եւ զաւակներուդ բարի մայր, արդէն շատ մեծ ես եւ ամբողջ ազգի մը ապագան շինած պիտի ըլլաս»:
Անշուշտ, այս բոլորը ունի իր յետին պատճառները, որոնցմէ առաջինը սկիզբ կ՚առնէ Աստուածաշունչէն, ուր կինը կը ներկայացուի որպէս «օգնական»: Շատ մը մշակոյթներու մէջ «օգնական» բառը մեկնաբանուած է որպէս աւելի «նուազ» իրաւասութիւն ունեցող եւ լոկ «օգնող» եւ ո՛չ թէ որոշող եւ կամ կառավարող. այսօր եւս մարդիկ շատ անգամ իրենց տան մէջ գործող ծառաները կը կոչեն «օգնական», սակայն, այլ մշակոյթներու մէջ օգնական կը նշանակէ լրացնող, համագործակցող. այդ իսկ պատճառով մէկ բառը կրնայ տարբեր տարբեր իմաստներ ու նշանակութիւններ ունենալ՝ տարբեր մշակոյթներու մօտ:
Լեզուաբաններ ստուգելով Աստուածաշնչական «օգնական» բառը, կու տան այն եզրակացութիւնը, որ նախաբանին մէջ՝ եբրայերէնի մէջ գործածուած «օգնական» բառը կը նշանակէ «դիմացինին օգնող» եւ այդ մէկը ենթակայութեան ո՛չ մէկ առիթ կու տայ. շատեր կը մեկնաբանեն, որ ո՛չ թէ տղամարդու ենթակայ ըլլալու, այլ նոյնիսկ շատ աւելի բարձր շնորհք ունենալը ցոյց կու տայ այդ մէկը, որովհետեւ կու գայ տղամարդը ամբողջացնելու. այլ խօսքով՝ անոր պակասը, անոր թերութիւնը «ծածկելու»: Լեզուաբաններ կ՚ուզեն օգնական բառը հասկնալ որպէս աջակից. նոյն այդ օգնական բառը բնաբանին մէջ օգտագործուած է նաեւ Աստուծոյ օգնութեան մասին, ինչ որ իր մէջ ենթակայութիւն չունի:
Սակայն, տարբեր մշակոյթներ տարբեր ձեւերով մեկնաբանած են. օրինակ՝ Համմուրապիի օրէնքներուն մէջ կը տեսնենք, որ կինը տղամարդուն հաւասար չէ. այդ օրէնքներուն մէջ տղամարդը կը ներկայացուի որպէս կնոջ «տէր»ն ու «սեփականութիւն»ը եւ որպէս առաջնահերթ պարտաւորութիւն կը յիշուի տան տնտեսութիւնը: Նման երեւոյթ կը տեսնենք Հռոմէական հայրիշխանական օրէնքներու շրջանին. տղամարդը ի՛նք կ՚որոշէր ու կը նախաձեռնէր, իսկ կինը միայն ու միայն կը հնազանդէր՝ որպէս պարտաւորութիւն ունենալով տան տնտեսութիւնը:
Այսօր որպէս զարգացած երկիր յիշատակուող շատ մը երկիրներ եւս ունէին նմանատիպ օրէնքներ ու համոզումներ. օրինակի համար, Անգլիոյ մէջ գոյութիւն ունէր «Coverture» անուանումով յիշուած օրէնքը, որուն մէջ կ՚ըսէր.
Ա.- Կինը իրաւունք չունի ունենալ սեփականութիւն կամ եկամուտ: Կինը չէր կրնար իր գոյքը տնօրինել:
Բ.- Կինը իրաւունք չունի պայմանագիր կնքել կամ ստորագրել: Վարկ չէր կրնար վերցնել, իրաւաբանական գործարքներ չէր կրնար ընել:
Գ.- Կինը իրաւունք չունի դատի տալ կամ դատարան դիմել: Կինը ամուսինի կողքին երկրորդ անձ մըն էր եւ պարտաւոր էր նման գործարքներ ամուսինի միջոցով ընել:
Դ.- Երեխաներու վրայ ամբողջական իրաւունք կ՚ունենայ ամուսինին մահէն ետք:
Յայտնենք, որ այս բոլորը հազարաւոր տարիներ առաջ չէին. ընդամէնը երկու հարիւր տարի առաջ այսպէս կ՚ապրէին իգական սեռի ներկայացուցիչները:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի պատմութեան մէջ ո՞րն է կնոջ դէմ դրուած ամենէն խիստ օրէնքը:
Պատասխան. Ամենէն խիստ օրէնքներէն մէկը կարելի է նկատել 1933-1945 թուականներուն Գերմանիոյ մէջ կանանց նկատմամբ օրէնքներու համակարգումը, ուր կնոջ համար որպէս իրաւունք կը նշուէր միայն մայրութիւնն ու ընտանիքի պահպանութիւնը: Կինը չէր կրնար ունենալ մասնագիտութիւն, չէր կրնար մասնագիտական դասընթացքներու եւ կամ ուսումի հետեւիլ, չէր կրնար քաղաքականութեամբ զբաղիլ. անոր կեանքը սահմանուած էր ամուսինի եւ պետութեան հսկողութեան տակ ըլլալու: Կինը անձնական ո՛չ մէկ իրաւունք ունէր. պէտք է զաւակ ծնէր եւ ան, որ զաւակ չէր ծներ, նոյնիսկ կրնար պատիժի եւ տուգանքի արժանանալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան