ԽԱՉԻ ԵՐԵՒՄԱՆ ՏՕՆ

Քրիստոնէութեան մէջ շատ կանուխէն Խաչը գերազանց յարգանքի մը առարկայ եղաւ։ Անիկա՝ գերիներու տանջանքի գործիք մը ըլլալէն դադրեցաւ ա՛յն օրէն, երբ իր վրայէն խեղճ հալածուած մը, մարդկութեան փրկութեան համար ինքնազոհ մը, Աստուած մը կը կտակէր աշխարհի։ Գողգոթայի խաւարներուն մէջէն Յիսուսի արիւնով օծուած Խաչը այնուհետեւ եղաւ քրիստոնէին պարծա՛նքը, եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, հոգին վսեմ ամբարձումներով եւ բարեպաշտիկ ներշնչումներով տօնեցին զայն՝ իր փրկարար խորհուրդին եւ իր վերացումներուն ի յիշատակ։

Այս յիշատակութեան օրերու տօնը եւ հաւատքի սկզբունքը մէկտեղ քալեցին շարունակ մեր Սուրբ Եկեղեցիին մէջ, այնպէս որ երբ մէկ կողմէն Հայոց Եկեղեցին հանդէս կու գայ բարեպաշտներուն աչքին, միւս կողմէ՝ հաւատաւոր հոգիներուն համար՝ գեղեցիկ եւ փրկարար «դաս» մը կը մատակարարէ, իսկ երբ անիկա Խաչը կը բարձրացէ մէկ ձեռքով, միւսով ցոյց կու տայ Անոր խորհուրդը։ Փրկարար Խաչը՝ պարծանք մըն է ամէն անոր, որ կը հաւատայ այս խորհուրդին…

Խաչի երեւման տօնը՝ զոր յոյներ կը կատարեն մայիս 7-ին, իսկ Հայոց Եկեղեցին Յինանց Ե. կիրակիին, այս տարի՝ մայիս 18, կիրակի։

Այս տօնակատարութիւնը յիշատակութիւնն է պարզապէս խաչի նշանին երկինքի վրայ հրաշալի՜ երեւումին, որ 351 թուականին տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի վրայ՝ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ տարածուած խաչանշան պայծառութեամբ մը, որ աւելի փայլուն, աւելի պայծառ էր քան արեւուն լոյսը։

Խաչանշանը տեսան ամէնքը՝ ժողովուրդ եւ կղեր, որոնք եկեղեցի փութալով գոհութիւն մատուցին Աստուծոյ՝ իրենց պարգեւուած այս հրաշալի՜ մխիթարութեան համար։

Ժամանակին Երուսաղէմի Պատրիարքը՝ Կիւրեղ, այս առթիւ յատուկ նամակ մը գրեց Կոստանդնուպոլսոյ Կոստանդ կայսեր, որ դատապարտուած Արիոսականութիւնը վերկանգնելով Եկեղեցւոյ ներքին խաղաղութեան դէմ մեծ վտա՛նգ մը կը պատրաստէր, եւ ողոքական՝ մեղմիչ խօսքով եւ քաղցր ոճով բայց խստադատ նկատողութեամբ մատնանիշ կ՚ընէր անոր՝ իր հօր Մեծն Կոստանդիանոսի պաշտպանած դաւանութեան ուղղափառ ճշմարտութիւնը, միեւնոյն ատեն այս երեւումէն ալ ապացոյց մը հանել փորձելով այդ մասին։

Այս նամակին թարգմանութիւնը կը կարդացուի Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, տօնին օրը, անդաստանի Աւետարանէն առաջ։

Խաչի երեւման տօնը իր խորհրդաւորութիւնով եթէ մէկ կողմէ մեր միտքին կը թելադրէ այն հոյլ մը հակադրութիւնները՝ խաչի պարծանքին եւ աշխարհի պարծանքին տարամտութիւնները ցոյց կու տան մեզի, իրենց ստեղծած արդիւնքներուն եւ իրենց մեզի ներշնչած յոյսերուն եւ ունայնութիւններուն մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ անիկա ցոյց կու տայ այն մասնաւոր շահեկանութիւնն ալ՝ զոր ունի Վարագայ Խաչի տօնը՝ իբրեւ խաչի պարծանքին մէկ «տոհմայնացած յատկանշութիւն»ը՝ որ մեզի առիթը կու տայ պահ մը դիտելու երկու բարձունքները՝ Գողգոթան եւ Վարագը, եւ դիտելու այն երկու կինը, որոնք երկու բարձունքին վրայ խաչին փարած՝ առաքեալին պարծանքովը կու լան եւ կը սիրեն. Մագդաղենացին եւ Հռիփսիմէն։

Մագդաղենացին ամբողջ խաչ մը ղրկած է Յիսուսի տաք արիւնէն թրջուած, իսկ Հռիփսիմէ՝ մասունք մը միայն ունի իր կուրծքին վրայ։ Երկու կին խաչերէն հեռո՛ւ կ՚անցնէին կանխաւ, մէկը՝ ինկած կեանքի մը բոլոր ունայնութիւններուն մէջ, եւ միւսը պալատի հաճոյքներէն արբեցած։ Խաչը զիրենք իր մօտ մէկ գծի վրայ տեղաւորեց՝ Յիսուսով նպաստաւորուած Մարիամ վե՛ր ելաւ այն տեղէն՝ ուր խրուած էին իր մարմինը եւ հոգին, թօթուե՛ց իր վրայէն անկումին արատները, եւ խաչը ղրկեց իբրեւ իր փրկութեան խարիսխը։ Հռիփսիմէ վար իջաւ իր կեանքի հեշտ պատուանդաններէն, իր ուսերէն թօթափելով ծիրանիներուն բեռը, դէպի խաչը վազեց լոյսին վազող թիթեռնիկին պէս։

Խաչի պարծանքը հոգիի բարձրութիւնն է՝ հաւատքի համոզումին լրումը՝ անթառամ պսակ մը։

Խաչը պահէ բոլորս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 16, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 17, 2025