ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Suam habet fortuna rationem»։ (Titus Petronius. «Satyricon»)։ Դիպուածը՝ պատահականութիւնը պատճա՛ռ ունի։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ արդիւնք մը կայ՝ անիկա անպայման պատճառ մը ունի, եւ ասիկա դրական գիտութեան անհերքելի սկզբունքն է. մանաւանդ բնագիտական օրէնքներու մէջ այս «պատճառ-արդիւնք» սկզբունքը աւելի եւս զգալի եւ կիրարկելի է։

Իսկ հոգեւոր կեանքի մէջ «պատճառ»ը անուրանալի է արարչութեան իրողութեան մէջ։

Ասիկա հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, զոր Աստուածաշունչը եւ Աւանդութիւնը չեն դադրիր ուսուցանելէ եւ հանդիսակատարելէ, թէ աշխարհ եւ տիեզերքը ստեղծուած է Աստուծոյ իմաստութեամբ եւ սիրով, այսինքն ո՛չ թէ որպէս պատահական, այլ «պատճառ»ով մը։

Սուրբ Բոնաւենտուրա (Giovanni da Fidanza. 1217-1274, Lyon) կ՚ըսէ. «Աստուած ստեղծեց ամէն բան ո՛չ թէ իր փառքը աճեցնելու, այլ զայն յայտնելու եւ հաղորդելու համար»։ Որովհետեւ Աստուած ստեղծելու ուրիշ «պատճառ» չունի, եթէ ոչ Իր սէրը եւ Իր բարութիւնը։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի ստեղծագործութիւնը կը բացատրէ. «Սիրոյ բանալին է, որ Անոր աջը բացաւ, որպէսզի ստեղծէ արարածները»։

Ուստի, միակ եւ ճշմարիտ Աստուածը, բոլորովին ազատ ծրագրով, ժամանակներուն սկիզբէն իսկ, Իր բարութեամբ եւ Իր ամենակարողութեամբ, որ է նաեւ սրտագէտ, ոչինչէ ստեղծեց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մարմնաւոր արարածը, ո՛չ թէ աճեցնելու համար Իր երանութիւնը, ոչ ալ ձեռք ձգելու համար Իր կատարելութիւնը, այլ զայն յայտնելու համար Իր արարածներուն տուած բարիքներով։

Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականանան Իր բարութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը, որոնց հեռանկարով տիեզերքը ստեղծուեցաւ։ Իր կամքին բարեհաճ ծրագիրը այս եղաւ ընել մեզ «որդիներ Յիսուս Քրիստոսի, ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6), որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կենդանի մարդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։

Աստուած ստեղծելու համար նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի եւ ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի։ Արդարեւ, արարչագործութիւնը անհրաժեշտ բխում մըն է աստուածային գոյացութենէն։ Աստուած ազատօրէն կը ստեղծէ «ոչինչ»էն։ «Ոչինչ»էն կատարուած արարչագործութեան հանդէպ հաւատքը Աստուածաշունչին մէջ վկայուած է որպէս խոստումով եւ յոյսով լեցուն ճշմարտութիւն մը։ Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքէն անբաժանելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ Աստուած Իր արարածներուն ամէն մէկ գործելուն մէջ Ինք եւս կը գործէ։ Ինք «առաջին պատճառ»ն է, որ կը գործէ երկրորդական պտճառներուն մէջ եւ անոնց միջոցաւ. «Որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն է որ կը ներգործէ մեր մէջ թէ՛ կամենալը եւ թէ՛ գործելը ի նպաստ իր բարեհաճ ծրագիրներուն». (ՓԻԼ. Բ 13), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 6)։ Այս ճշմարտութիւնը փոխանակ նսեմացնելու արարածին արժանապատուութիւնը, ընդհակառակը՝ կը բարձրացնէ զայն։

Աստուծոյ զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ «ոչինչ»էն գոյացած արարածը «ոչինչ» կրնայ գործել, եթէ ինքզինք անջատած է իր ծագումէն, որովհետեւ արարածը առանց Արարչին կը նանրանայ, դեռ աւելին առանց շնորհքին օգնութեան ան չի կրնար հասնիլ իր վերջնագոյն վախճանին. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 26), (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5), (ՓԻԼ. Դ 13)։

Ամբողջ արարչութիւնը պատճառ մը ունի՝ Աստուա՛ծ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 19, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025