ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

Կը հաւատանք, որ բանաստեղծութիւնը որպէս արուեստ եւ որպէս գրականութեան հիմք դպրոցներուն մէջ թերի ձեւով կը ներկայացուի աշակերտութեան, որովհետեւ մեր ազգին մէջ տարածուած է այն թիւր համոզումը, որ բանաստեղծութիւն գրելը դիւրին արուեստ մըն է՝ մի քանի ծանր բառերը, համաչափ վանկեր ու նոյնավանկ վերջաւորութեան. եւ արդէն ի յայտ կու գայ բանաստեղծութիւն մը: Այս մէկը կ՚ըսենք, որովհետեւ կը տեսնենք անձեր, որոնք «յօդուած» գրելը դժուար, սակայն, բանաստեղծութիւն գրելը շա՜տ դիւրին բան մը կը կարծեն եւ բառարանէն հոգի տուող բառեր դուրս բերելով բանաստեղծ կը փորձեն դառնալ: 

Առաջին հերթին կ՚ուզենք բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ բանաստեղծութիւնը գրականութեան ամենէն հին ժանրերէն մէկն է՝ եթէ ոչ ամենէն հինը, որովհետեւ տակաւին երբ գիր-գրականութիւն գոյութիւն չունէր, մարդիկ ունէին բանաւոր բանաստեղծութիւններ՝ որոնք յաճախ որպէս երգ կ՚արտասանուէին որոշ զգացումներ, ցաւեր ու յոյզեր ներկայացնելու համար: Յօդուածագրութիւնը, պատմագրութիւնը, լրագրութիւնը եւ միւս բոլոր ժանրերը ծնունդ առած են աւելի ուշ: Օրինակի համար, մեզի հասած ամենէն հին գործերէն մէկը՝ «Գիլգամիշ»ը, որ մտադրաբար գրուած է Ք.Ա. 2000 տարիներ առաջ, եղած է բանաւոր բանաստեղծութիւն, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով դարձած է գրականութեան ամենէն հին գոհարներէն մէկը: 

Բանաստեղծութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկային պատմութիւնը. բանաստեղծութիւնը օգտագործած են ծիսական արարողութիւններու ժամանակ. օրինակի համար, պատմութեան մէջ յայտնի է «Էնումա Էլիշ» անունով բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է Ք.Ա. 18-րդ դարուն՝ Բաբելոնի ստեղծման ժամանակ. նման ծիսական բանաստեղծութիւններ կարելի է գտնել նաեւ եգիպտական, յունական եւ այլ մշակոյթներու մօտ. Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ ալ անպակաս է բանաստեղծութիւնը. Օրինակ՝ առէ՛ք Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ»ն, օրինակ՝ առէք Հայ Եկեղեցւոյ շարականները, որոնք իրականութեան մէջ բանաստեղծութիւններ են: 

Բանաստեղծութիւնը օգտագործուած է պատմական որոշ դէպքեր, եղելութիւններ ու հերոսներ ներկայացնելու համար. օրինակի համար, Հոմերոսը, ֆրանսական գրականութեան մէջ յայտնի «Ռոլանտի երգ»ը եւ ուրիշներ: Հայ գրականութեան մէջ ունինք Սասունցի Դաւիթը, Վահագնը եւ ուրիշներ: 

Բանաստեղծութիւնը գործածուած է նաեւ դաստիարակութեան համար. օրինակի համար՝ Առակաց գիրքը, Սաղմոսացը, իրականութեան մէջ բանաստեղծական են, որոնք կը միտին ժողովուրդը կրթելու. Օրինակ՝ հնդկական գրականութեան մէջ կայ «Վետաններ»ը, որոնք բերանացի փոխանցուող բանաստեղծութիւններ էին, ինչ որ նպատակ ունէր սերունդները դաստիարակել հնդկական սուրբգրային արժէքներով:

Վերջապէս բանաստեղծութիւնը օգտագործուած է տօնախմբութիւններու ժամանակ. մեր ազգի պարագային կրնանք օրինակ վերցնել մի քանի օրեր ետք տեղի ունենալիք Համբարձման տօնը, վերցնել Վարդավառը եւ այլ տօներ:

Նախքան գրելու արուեստը, մարդիկ իրենց պատմութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները սերունդներուն փոխանցած են բերանացի բանաստեղծութիւններու ճամբով, այդ իսկ պատճառով թէ՛ կրօնական, թէ՛ պատմական եւ թէ ազգային արժէքներու մէջ կը տեսնենք բանաստեղծութիւնը: Նոյնիսկ քաղաքականութիւնը եղած է բանաստեղծութեան շուրջ. իշխաններ թագաւորին գովասանքի բանաստեղծութիւններ նուիորած եւ կամ անոր վատ արարքներուն բանաստեղծութեամբ ընդդիմացած են: Այլ խօսքով՝ մարդկային ամէ՛ն բան. սէր, կարօտ, ցաւ եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ արտայայտուած է բանաստեղծութեամբ: 

Հին փիլիսոփայութեան մէջ եւս կարեւորութեամբ կը շեշտուի բանաստեղծութեան դերը. օրինակի համար՝ Սոկրատես կ՚ըսէ. «Բանաստեղծութիւնը փրկութիւն է, ազատութիւն՝ հոգին ազատ արձակելու համար»: 

Այս բոլորով կը հասկնանք, որ բանաստեղծութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ ո՛չ թէ բառերու համախմբում մը եղած է, այլ՝ միջոց հասկնալու զգացումները. միջոց՝ կերտելու բարոյական արժէքներ. միջոց՝ հարստացնելու լեզուն՝ իր հնչիւններով ու արտայայտութեան բազմաթիւ ձեւերով: Այդ իսկ պատճառով բանաստեղծութեան պէտք է մօտենալ որպէս մշակութային ժառանգութիւն եւ եթէ նկատի ունենաք ճշմարիտ բանաստեղծները, ապա պիտի տեսնենք, որ անոնք իրականութեան մէջ պատմաբաններ են. անոնց տողերուն մէջ կարելի է գտնել ժամանակը, մարդոց մտածելակերպը, բարոյական արժէքներն ու այն բոլորը՝ որ կը պատկանի բանաստեղծին ժամանակաշրջանին: 

Այս բոլոր արժէքները նկատի ունենալով, պէտք է բանաստեղծութեան մօտենալ շատ աւելի լուրջ ու մասնագիտացուած ձեւով: 

Մեր յաջորդ գրութեամբ պիտի փորձենք վերլուծել ու խօսիլ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է գրուի բանաստեղծութիւնը: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն հին բանաստեղծը: 

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն հին բանաստեղծը կը նկատուի սումերական թագաւոր եւ բանաստեղծ Էնհետուանն, որ ապրած է Ք.Ա. մօտաւորապէս 2400-2300 թուականներուն: Ան կը նկատուի պատմութեան ամենէն առաջին բանաստեղծը, որ բանաստեղծութիւնները ներկայացուած է գրաւոր ձեւով: Անոր ամենէն յայտնի գործերէն մէկն է «Նինմանգալտա» օրհներգը, որ նուիրուած է Սիրոյ աստուծոյ: Անոր բանաստեղծականութիւններուն հիմք հանդիսացած է սումերական մշակոյթը եւ գրականութեան համար կարեւոր դեռ ունեցած է, մանաւանդ բանաստեղծական արուեստի զարգացման մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 27, 2025