ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

Այս յօդուածաշարքերուն ամենէն հետաքրքրիր գրողը Ճոն Պեռնարն է (1901-1971), որ իր գիտական յօդուածներով ու մտածողութեամբ յաջողած է մեծ ազդեցութիւն ունենալ գիտութեան զարգացման մէջ: Գիտական, ինչպէս նաեւ բժշկական աշխարհի մէջ օգտագործուող շատ մը մեքենաներ ստեղծագործութիւնն են անոր աշակերտներուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեծա-գոյն համալսարաններէն մէկուն դասախօսն էր Ճոն Պեռնար, որ 1920 թուակա-նին կը գրէ ապագայի մասին իր պատկերացումները, թէեւ անոր «գուշակութիւն»ներէն շատեր տակաւին իրականութիւն չեն, սակայն, հեռու չեն իրակա-նութիւն դառնալէ:
Ճոն Պեռնար կը հաւատայ, որ ապագային գիտութիւնը պիտի ստեղծէ արհես-տական գործարաններ։ Գիտնականը կը պնդէ, որ այս մէկը երեւակայածին կամ վերացական ենթադրութիւններ չեն, այլ փաստուած են գիտական տուեալներու վրայ։ Ժամանակի ընթացքին մարդկային կարգ մը գործարաններ պիտի փոխա-րինուին արհեստականով։ Ան մարդուն մէջ կը կարեւորէ ուղեղը եւ մարմինը ուղեղին ծառայ որպէս կը տեսնէ։ Անոր բառերով. «Ուշ կամ կանուխ մարմինի անօգուտ մասերը պէտք է նոր եւ ժամանակակից գործառոյթ ստանայ կամ ամբողջութեամբ վերացուի»: Արհեստական գործարաններ ըսելով գիտնականը նկատի ունի արհեստական սիրտ, արհեստական թոք. անոր բացատրութեամբ ապագային պիտի ըլլայ արհեստական արեան շրջանառութիւն, արհեստական թթուածին, արհեստական մարսողութիւն:
Թէեւ 1920 թուականին գրեթէ գոյութիւն չունէր, սակայն, Ճոն Պեռնար կը հաւատար, որ ապագային պիտի ստեղծուէին արհեստական ձեռքեր, արհեստական ոտքեր, որոնք ուղղակի մարդկային մարմինին, այլ ներքին գործարաններու հետ եւս կապ պիտի ունենան: Պեռնար կը հաւատայ, որ պիտի ստեղծուին այնպիսի գործարաններ, որոնք կրնան միւս գործարաններու առողջութիւնը ապահովել եւ զանոնք արդիւնաւէտ աշխատանքի մէջ պահել: Ճոն Պեռնար մարմնէն անցնելով՝ կը գրէ, որ գիտութիւնը մարդկային ուղեղի բջիջները եւս փոխելու կարողութիւնը պիտի ունենայ: Այս բոլորը գիտութեան համար մեծ ձեռքբերումներ են, սակայն, Ճոն Պեռնարին օգտագործած բառերը այնքան ալ դրական պատկեր մը չեն ստեղծեր. մեքենայացած կեանք՝ մեքենայացած մարդ: Ճոն Պեռնար կը հաւատայ սակայն, որ այդ բոլորը անհրաժեշտ են, որովհետեւ մարդկային մարմինը սահմանափակ է. անոր կեանքի տեւողութիւնը սահմանափակ է եւ մարդ արարած միշտ անմահանալ պիտի ուզէ, մի՛շտ պիտի փորձէ երկար ապրիլ եւ հետեւաբար արհեստականը շատ աւելի պիտի դիմադրէ՝ քան մարդկային մարմինը: Արհեստականը անհրաժեշտ է, որովհետեւ տարիքը, մարմնային տկարութիւնը կը սահմանափակէ նաեւ բանականութիւնը, կ՚ազդէ զգացումներուն վրայ: Մարդու ուղեղը համակարգիչի նման արհեստական ու բնականոն ձեւով պիտի գործէ՝ հեռու զգացումներէ՝ ամբողջութեամբ մեքենայացած:
Ճոն Պեռնար գիտնական է, սակայն, իր գրութեան մէջ ինք եւս կը խոստովանի, որ մարդու արհեստականացումը զինք կ՚անհանգստացնէ:
Պեռնար կը հաւատայ, որ ապագային գիտութիւնը պիտի յաջողի երկու եւ աւելի ուղեղներու միջեւ կապ մը ստեղծել. այսինքն մի քանի ուղեղներ միաժամանակ գործեն ու մտածեն՝ աւելի յաջող ու արդիւնաւէտ արդիւնք տալու համար:
Գուցէ տարօրինակ հնչէ, սակայն, Ճոն Պեռնար կը հաւատայ, որ մարդ ի՛նք կեանք պիտի արտադրէ։ Եթէ գիտութիւնը այս ընթացքով առաջնորդուի, Ճոն Պեռնար կը հաւատայ, որ մարդ թէ՛ պիտի յաջողի իր մահը յետաձգել եւ արհեստական կեանքով ապրիլ եւ թէ պիտի յաջողի արհեստական կեանք ստեղծել։ Հասկնալի ըլլալու համար ըսենք. օրինակի համար, անձ մը կրնայ ըլլալ մահացած ըլլայ՝ հոգին բաժնուած ըլլայ անկէ, սակայն, արհեստական ձեւերով անոր սիրտը գործէ, անոր աչքերը տեսնէ, ուղեղը գործէ, ձեռքերն ու ոտքերը շարժին։ Մերօրեայ գիտութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նման ձեռքբերումներ ունենալու համար:
Ճոն Պեռնար հոգեւոր նիւթերու մասին չի խօսիր, սակայն, կը յիշէ սատանան։ Ան կ՚ըսէ, որ մարդկութիւնը ամէն բան դիւրութեամբ պիտի յաղթահարէ՝ բացի սատանայէն եւ Ճոն Պեռնարի համաձայն՝ սատանան մեր մէջն է. մե՛նք ենք. սատանան մարդկային ցանկութիւններն են։ Ճոն Պեռնարի համար սատանան գերբնական էակ մը չէ. սատանան մարդու ներքին հակամարտութիւնն է, մարդու մտաւոր լճացումն է։ Ճոն Պեռնար կ՚ըսէ. «Դժուար է սատանային յաղթել. ան մեր ներսն է եւ մենք չենք կրնար զինք տեսնել»։ Այլ խօսքով, գիտութիւնը չէ՛, որ մարդկութեան չարիք կը պատճառէ, այլ մարդը իր մօտեցումով, իր մտածումով ու բնոյթով խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ կը ստեղծէ։ Այլապէս գիտութիւնը կրնայ ծառայել միայն ու միայն մարդու կեանքը դիւրացնելու։ Մեր ներքին սատանան, մեր զգացումներն ու մտածումներն են, որոնք բարին չարի կը վերածեն: Այդ իսկ պատճառով Ճոն Պեռնար ապագան կը տեսնէ հետեւեալ ձեւով. «Մարդկային միտքն ու կարողութիւնը պիտի ստեղծեն ապագան, սակայն մար-դու ներքին ցանկութիւնը, բարութիւնն ու չարութիւնն են, որ պիտի որոշեն անոր ճակատագիրը»: Դրականը ունենալու համար կ՚առաջարկէ նուազեցնել զգա-ցումներու հակամարտութիւնը, վերացնել ճնշումները եւ ուժ տալ բանական ստեղծագործութեան։ Մարդ երջանիկ կ՚ապրի, երբ յաջողի զգացումներուն եւ բանականութեան, տրամաբանութեան միջեւ սահման մը դնել:
•շարունակելի

ՀԻՆԵՐԸ Կ'ԸՍԵՆ
Առանձնութիւնը մարդուն մէջ ախտեր կը ծնի. նոյնիսկ եթէ այդ ախտերը առա-քինութիւններ ըլլան, որովհետեւ անոնք մոլութեան կը դիմեն: Անշարժութիւնը հիւանդ հակումներ կը յառաջացնէ: Մարզանքը, անշուշտ, անմահութիւն չի բե-րեր. ո՛չ ոք անմահ է այս աշխարհի վրայ, բայց շարժումը հնարաւորութիւն կու տայ, որ ձեր կտրելիք ճամբան առողջ եւ լաւ անցնիք: Մարզական կեանքը կ՚ազ-նուացնէ նկարագիրը՝ անհատը կը վարժեցնէ անշահախնդիր կեանքի՝ արուես-տագէտի պէս:
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ