ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, փորձա՞ծ էք բնաւ լսել լռութեան ձայնը։ Արդարեւ, լռութիւնը՝ ներքին խաղաղութեան ամենէն ազդու միջոցն է. առանձնութեան մէջ լռութիւն, որ մարդուս ներքին խաղաղութիւն մը կը պատճառէ։ Այս իմաստով, լռութիւնը բազմաթիւ օգուտներ ունի, երբ մարդ կարենայ լռութեան ձայնը լսել…

Լռութիւնը ինչպէ՞ս ձայն կ՚ունենայ, քանի որ լռութիւնը ըստ էութեան «անձայնութի՛ւն» է։

Կը պատուի, թէ մարդ մը, դաշտի ճամբուն վրայ՝ խոտերու մէջ թեւի ժամացոյցը կը կորսնցնէ. երկար ժամանակ դաշտավայրը՝ խոտերու մէջ կը փնտռէ թեւի ժամացոյցը եւ կարելի չ՚ըլլար գտնել զայն։

Մարդը, ճարահատ, հեռուն կը տեսնէ տղաք, որ ուրախ զուարթ կը խաղան։ Յուսահատուած, մարդը տղոցմէ կը խնդրէ, որ կորսնցուցած թեւի ժամացոյցը անգամ մըն ալ իրենք փնտռեն։ Երկար ժամանակ կը փնտռեն, բայց տղաքն ալ չեն կրնար գտնել ժամացոյցը։

Այլեւս ամէն ճար հատած կը թուի մարդուն եւ կը մտադրէ թողուլ եւ վերադառնալ։ Ճիշդ այդ պահուն փոքրիկ տղայ մը կը հանդիպի, եւ կը հարցնէ իրեն, թէ՝ ինչո՞ւ այդպէս տրտմած է։ Եւ մարդը կը պատմէ եղելութիւնը տղուն։ Տղան կ՚ըսէ, թէ անգամ մըն ալ ինք կ՚ուզէ փորձել։ Յուսալքուած խեղճ մարդը թէեւ հաւանակութիւն չի տար, բայց որպէս վերջին ճար, հաւանութիւն կու տայ փոքրիկ տղուն առաջարկին։

Տղան փոքր քարի մը վրայ կը նստի եւ անձայն կը մնայ մի քանի վայրկեան, յետոյ քիչ մը առաջ կ՚երթայ եւ խոտերուն մէջ կը գտնէ կորսուած ժամացոյցը։

Մարդը զարմացած եւ վերջին ծայր ուրախ կը հարցնէ տղուն, թէ ինչպէ՞ս գտաւ ժամացոյցը, թէ ի՞նչ էր պատճառը, որ մի քանի վայրկեանի մէջ նկատեց որ ժամացոյցը իր գտած տեղն է։ Տղան, շատ պաղարիւն եւ ինքնավստահ պատասխանեց.

«Լռութի՛ւն…»։

Մի քանի վայրկեան լռութեան մէջ տղան լսած էր ժամացոյցի թիք-թաքը եւ անմիջապէս, ձայնին հետեւելով գտած էր զայն…

Սիրելի՜ներ, մենք մեր տաղտուկերով, մտահոգութիւններով, անախորժութիւններով լեցուն կեանքին մէջ պահանջքը ունինք, գոնէ մի քանի վայրեան առանձնութեան մէջ լռութեան ձայնը լսելու. ինքնաճանաչութեան, մեր հոգեւոր կեանքին մի քանի վայրկեան յատկացնելու։ Քանի որ լռութիւնը խաղաղութիւն է՝ ներքին խաղաղութիւն՝ անդորրութիւն, որուն պահանջքը ունինք բոլորս անխտի՛ր։

Որքան մեր արտաքին աշխարհը՝ նո՛յնքան ներքին աշխարհն ալ խնամքի պէտքը ունի։ Եւ շա՜տ հարցեր, խնդիրներ կարելի է լուծել ներքին խաղաղութեան՝ անդորրութեան մէջ։

Արդարեւ, հայեցողական՝ մտաւոր աղօթքը «լռութիւն» է, «խորհրդանիշը գալիք աշխարհին», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Իսահակ Նինուէացի, կամ «լուռ սէր» է, եւ ինչպէս կ՚որակէ Սուրբ Յովհաննէս Խաչեան։ Հայեցողական աղօթքին մէջ՝ խօսքերը ճառեր չեն, այլ սիրոյ հուրը սնուցանող շիւղեր։ «Արտաքին» մարդուն համար այս անհանդուրժելի «լռութեան» մէջն է, որ Հայրը կը խօսի մեզի Իր մարդացեալ, չարչարեալ, խաչեալ, մեռեալ եւ յարուցեալ Խօսքը, իսկ որդիական Հոգին Յիսուսի աղօթքին մասնակից կ՚ընէ մեզ։

Ուստի, առաքեալներ՝ Պետրոս «հաւատք»ի, Յակոբոս «յոյս»ի եւ Յովհաննէս «սիրոյ» առաքեալներ են…

«Երկրպագութիւն»ը առաջին դիրքորոշումն է մարդուն՝ որ ինքզինք արարած կը ճանչնայ իր Արարչին դիմաց։ Ան կը փառաբանէ մեծ վայելչութիւնը մեզ ստեղծող Տիրոջ. (ՍԱՂՄ. ՂԵ 1-6), եւ ամենակարողութիւնը, ամենատեսութիւնը մեզ չարէն ազատող Փրկչի։ Ան դէպի երկիր խոնարհիլն է «փառքի Թագաւորին». (ՍԱՂՄ. ԻԴ 9, 10) դիմաց, եւ յարգալիր ԼՌՈՒԹԻՒՆն է ի դիմաց «միշտ աւելի մեծ» Աստուծոյ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Արդարեւ, երիցս սուրբ եւ գերազանցօրէն սիրելի եւ պաշտելի Աստուծոյ երկրպագութիւնը մեզ կը լեցնէ խոնարհութեամբ եւ մեր պաղատանքներուն ապաւէն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։

Սիրելի՜ներ աղօթենք, աղօթքով սնուցանենք մեր հոգին, եւ միշտ լռութեան մէջ փնտռենք մեր ներքին խաղաղութիւնը…

Եւ երբ մենք կը կատարենք մեր աղօթքը մանաւանդ օրուան աւարտին՝ քնանալէ առաջ՝ թող մեր վերմակը ըլլայ աղօթքի մը գիրքի էջը…

Աղօթքի գիրքի ամէն մէկ էջ թո՛ղ պահէ մեզ գիշեր եւ ցերեկ ամէն չարէ եւ չարութեան ազդեցութենէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 27, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025