ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)
Ճիշդ ու որակեալ բանաստեղծութիւն գրելու համար առաջին հերթին կարեւոր է անձին համար ներքին զգացումները եւ միտքերը անկեղծօրէն բացայայտելն ու հասկնալը, որովհետեւ բանաստեղծութիւն մը եթէ միայն բառեր ըլլան՝ մեծ իմաստ կրնայ չներկայացնել, որովհետեւ բանաստեղծութեան մէջ բառերէն աւելի ապրումը, հոգին ու զգացումն է կարեւորը: Ընթերցողը շատ լաւ ձեւով կրնայ զանազանել շինծու ապրումը ճշմարիտէն, որովհետեւ ան բառերէն աւելի իմաստին ու զգայնութեան ուշադրութիւն կը դարձնէ:
Մի քանի օրեր առաջ կը կարդայի մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի նամակները. 1908 թուականին բանաստեղծը իր բանաստեղծութիւններէն մին կը ղրկէ իր գրչեղբօր՝ Արշակ Չօպանեանին. Վարուժան իր նամակին մէջ կը յիշէ, թէ այդ բանաստեղծութիւնը գրած է Իտալիոյ մէջ: Բանաստեղծութեան մէջ բանաստեղծը ինքզինք կը ներկայացնէ ամուսնացածի դերին մէջ, սակայն իր նամակին մէջ կը գրէ. «Չըլլայ որ կարծէք, թէ ամուսնացած եմ. նաեւ մի համարիք, թէ այդ քերթուածը բոլորովին մտածին է: Իմ՝ կեանքէ ընտրած կտորներս ապահով եղէք, որ միշտ ապրուած են, գէթ մասամբ. եթէ ոչ՝ չեմ գրեր, կամ չեմ կրնար գրել»։ Բանաստեղծը դիտել կու տայ, որ ինք չի կրնար գրել ապրումներու, յոյզերու, եղելութիւններու մասին, որ անձամբ չէ ապրած, ականատես չէ՛ եղած եւ այդ բառերուն մէջ փորձառութեան գոյութիւնն է, որ կ՚իմաստաւորէ բանաստեղծութիւնը: Բանաստեղծութեան մէջ իրապաշտութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ իրապաշտ մօտեցումն է, որ կ՚արտայայտէ կեանքը, առանց երեւակայութիւններու, առանց չափազանցութիւններու։ Իրապաշտ բանաստեղծը կը նկարագրէ այն՝ ինչ կը զգայ ու կը տեսնէ. անձ մը բառերով չի՛ կրնար բացատրել ինչ է ցաւը, սէրը, կարօտը, աղքատութիւնը, պայքարը եւ գրեթէ ամէ՛ն զգացում՝ եթէ երբեւէ չէ ապրած ու անոր դառն եւ նոյնիսկ քաղցր ապրումները:
Այս բոլորը լաւագոյնս կատարելու համար նախ բանաստեղծութիւն գրող անձը պէտք է լաւապէս ճանչնայ իր անձը. պէտք է լաւապէս հասկցած ըլլայ իւրաքանչիւր ապրումի արժէքը, ազդեցութիւնը թէ՛ իր սեփական եւ թէ մարդկային կեանքին վրայ. այդ իսկ պատճառով բանաստեղծութիւն գրել իւրաքանչիւր անձի որպէս առաջին օրէնք կը փոխանցենք ինքնաճանաչութիւնը. զգացումները չկեղծելու համար պէտք է ճանչնալ սեփական անձը։ Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է՝ որ չէ գրուած «փորձեմ գրել»ի մտայնութեամբ, որովհետեւ զգացումներն ու ապրումները իրե՛նք է, որ մարդը պիտի առաջնորդեն գրելու եւ ո՛չ սեփական որոշումը. եթէ փորձես գրել առանց զգալու՝ բառերու փունջ մը կը կազմես, սակայն եթէ գրես, երբ կը զգաս՝ այն ատեն է, որ ապրում կը փոխանցես: Հետեւաբար բանաստեղծ ըլլալ մի՛ փորձեր, որովհետեւ փորձ չէ բանաստեղծութիւն գրելը, այլ անկեղծ զգացումներու արտայայտութիւն է. չկայ բանաստեղծութեան փորձ. կայ բանաստեղծ ու բանաստեղծութիւն եւ իւրաքանչիւր անձ, որ լաւապէս գիտէ իր զգացումները վերլուծել եւ լաւագոյն ձեւով թուղթին յանձնել՝ արժանի է այդ կոչումին:
Բանաստեղծութեան մէջ եթէ դուն քու անձդ չես կրնար համոզել՝ ապա չես կրնար համոզել նաեւ ընթերցողը։ Հետեւաբար պէտք է նկատի ունենալ, որ բանաստեղծութեան իմաստն ու նպատակը ո՛չ սուտ խօսիլն է եւ ո՛չ ալ առասպելական զգացողութիւններ փոխանցելը. օրինակ՝ վերցուցէք Պարոյր Սեւակը. կարդացէ՛ք եւ տեսէք, թէ այդտեղ մարդկային կեանքն է՝ առանց աւելորդաբանութեան. հոն կայ լաց, կայ կարօտ, կայ մտածում, կայ վախ, կայ երկմտութիւն եւ կայ գրեթէ այն բոլորը՝ որ անբաժան մասն է մարդկային կեանքին:
Բանաստեղծութիւն չի՛ նշանակեր մեծամեծ բառեր. այսօր մեծ ու հսկայական բառերով բանաստեղծութիւն գրողներէն շա՜տ շատեր տրուած են մոռացութեան եւ ուրիշներ, որոնք ստեղծագործած են պարզութեան մէջ, յիշուած են. պէտք է յստակ ըլլայ, որ ճոխութիւնը մարդը ուրախ կը պահէ, սակայն, հոգին պարզութեամբ կը գոհանայ։ Այսօր Պարոյր Սեւակը կը յիշուի որպէս լաւագոյն բանաստեղծ, որովհետեւ իր գրիչին որպէս ընկեր ընտրած է պարզութիւնը. իւրաքանչիւր անձ Պարոյր Սեւակ կարդալով ինքն իր անձն է, որ կը գտնէ, որովհետեւ անոր տողերը մարդկային են եւ յարմար գրեթէ բոլոր տարիքներուն համար՝ թէ՛ նոր սիրահարուողին, թէ՛ տարեցին, որ մինակութեամբ կը տառապի:
Որպէսզի լաւ բանաստեղծ դառնաք, մի՛ գրէք, որպէսզի մարդիկ կարդան, մի՛ գրէք, որպէսզի ընկերային ցանցերու մէջ տարածէք։ Գրելը հոգեբանական ազատում է մարդուն համար եւ իրական բանաստեղծը կը գրէ նախ եւ առաջ ի՛նքն իր անձին համար եւ ո՛չ ուրիշներուն: Գրող դառնալու սիրոյն գրելը դժուար բան մը չէ. այսօր ով նիւթապէս ապահով է, կրնայ մի քանի բառ քով քովի դնել եւ գիրք մը հրատարակելով որպէս բանաստեղծ հրապարակ դուրս գալ։ Անձ մը չի՛ կրնար որոշել ինք բանաստե՞ղծ է թէ ոչ, որովհետեւ անոր արժեւորումը տրուած է ժողովուրդին. ժողովուրդը ի՛նք կը ստեղծէ իր բանաստեղծը եւ ի՛նք կը սպաննէ զայն:
Այսօր հայ գրականութեան մերօրեայ անդաստանը լեցուն է բանաստեղծներով. ունինք բանաստեղծներ՝ սակայն ո՛չ մտաւորականութիւն, որովհետեւ մտաւորականը ընկերութիւնն է, որ կը փորձէ առջեւ տանիլ, իսկ մերօրեայ բանաստեղծները ընկերութիւնը մոռցած, իրենց անձը կը փորձեն առջեւ տանիլ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ բանաստեղծ կը դառնա՞յ կամ բանաստեղծ կը ծնի:
Պատասխան. Մարդ կրնայ բանաստեղծ ծնիլ եւ նաեւ բանաստեղծ դառնալ: Որոշ անձեր ի ծնէ կ՚ունենան խոր զգացական աշխարհ մը եւ իրենց այդ աշխարհը կ՚արտայայտեն խօսքի եւ գիրի միջոցով: Սակայն բանաստեղծութիւնը միայն Աստուածատուր շնորհք մը չէ. ան նաեւ վարժութիւն է լեզուի, մտածողութեան, վերլուծութեան եւ արտայայտութեան: Կեանքի փորձը, ցաւը, ուրախութիւնը, բնութիւն եւ բազմաթիւ այլ երեւոյթներ կրնան ձեւաւորել բանաստեղծի հայեացքը, նոյնիսկ այն մարդուն մէջ՝ որ ի ծնէ բանաստեղծական յատկութիւններ չունի: Հետեւաբար, շատեր կը ծնին որպէս բանաստեղծ, սակայն, կան նաեւ դարձողներ՝ որոնք լուրջ աշխատանքի եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ կը յաջողին բանաստեղծ դառնալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան