ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Չափազանց եւ անկարելի ակնկալութիւններ մարդս կը տանին յուսալքութեան եւ դժբախտութեան։ Ասիկա կարելի է նկատել նաեւ ամուսնութեան մէջ։ Ամուսնութեան խզումին տանող պատճառներէն մին ամուսնական կեանքին վերաբերեալ չափազանց երկար անկնալութիւններ ունենալն է ընդհանրապէս։ Վիճակագրութիւններ կը հաստատեն այս իրողութիւնը եւ բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։
Արդարեւ, երբ կ՚անդրադարձուի, թէ իրականութիւնը մեր երազածէն աւելի սահմանափակ եւ աւելի դժուար է, ասոր լուծումը՝ ո՛չ թէ արագօրէն եւ անպատսխանատու կերպով բաժանումի մասին մտածելն է, այլ ամուսնութիւնը ընդունիլն է որպէս հասունացումի, կատարելագործութեան ընթացք, ուր ամուսիններէն՝ այր եւ կին, իւրաքանչիւրը մին միւսը մեծարելու մէջ Աստուծոյ գործիքն է։
Կարելի է իւրաքանչիւրին ունեցած կարողականութիւնները փոփոխել, աճեցնել եւ զարգացնել։ Ուստի, ամէն ամուսնութիւն «փրկութեան պատմութիւն» մըն է եւ ասիկա կ՚ենթադրէ, թէ բխրութենէ մը կը մեկնինք, որ շնորհիւ Աստուծոյ պարգեւին եւ ստեղծագործ եւ առատաձեռն պատասխանի մը, հետզետէ միշտ աւելի ամուր եւ աւելի գեղեցիկ իրականութեան մը տեղ կու տայ։ Այր-մարդուն եւ կին-մարդուն մեծագոյն առաքելութիւնը թերեւս կը կայանայ անոր մէջ, որ միւսին համար՝ մին աւելի «այր», իսկ միւսը աւելի «կին» դառնայ։ Ուրիշը մեծցնելը՝ կը կայանայ զայն իր ինքնութեան ներքեւ աճեցնելու մէջ։ Ահա, թէ ինչո՛ւ սէրը շինարար է։
Երբ Ս. Գիրքին մէջ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ստեղծումին մասին կը կարդանք, հոն կը նկատենք, թէ Աստուած նա՛խ այր-մարդը կը ստեղծէ. (ԾՆՆԴ. Բ 7), ապա անդրադառնալով, թէ հոն էական բան մը կը պակսի, ուստի կին-մարդը կը ստեղծէ եւ կը նկատէ մարդուն անակնկալի գալը. «Այո՛, ասիկա այո՛»։ Ապա կարծէք Աստուած մտիկ կ՚ընէ այն գեղեցիկ խօսակցութիւնը, որուն ընթացքին՝ այր եւ կին զիրար հետզհետէ կը ճանչնան…
Որովհետեւ նոյնիսկ դժուար պահերուն, միւսը տակաւին անակնկալ կը պատճառէ եւ զիրար գտնելու նոր դռներ կը բացուին, իբր թէ ասիկա առաջի՛ն անգամ ըլլար, ապա իւրաքանչիւր նոր հանգրուանին, անոնք զիրար կրկին «կը կերպաւորեն»։ Սէրը միւսին սպասել կու տայ եւ կը գործադրէ ա՛յն համբերութիւնը՝ որ Աստուծմէ ժառանգած շինարարին յատուկ է։ Ամուսնիններուն՝ այր կամ կին ծանր պարտականութիւն կը վերաբերի այս հարցին շուրջ։
Ամուսինները քաջալերելու է միատեղ ըլլալու, եւ առատաձեռն կեանքի փոխանակումին մէջ, ըստ ամուսնական սիրոյն անձնական եւ մարդկօրէն ամբողջական նկարագրին, ընտանեկան ծրագրումի մը ճիշդ ուղին կը կայանայ ամուսիններուն միջեւ համաձայնեալ երկխօսութեան մէջ, իրարու փոխադարձ յարգանքի յաճախակիութեամբ եւ արժանապատուութեան նկատառութեամբ։ Ծնողք դառնալու գիտակից ընտանիքը կ՚ենթադրէ կազմաւորումը խղճին, որ մարդուս ամենաթաքուն կեդրոնն է եւ անոր սրբարա՛նը՝ ուր ան Աստուծոյ հետ առանձին է եւ ուր՝ Որուն ձայնը կը լսուի։ Ամուսինները իրենց խղճին մէջ որքան աւելի Աստուած եւ Իր պատուիրանները կը փնտռեն ունկնդրել եւ հոգեպէս Անոր օժանդակութեան կը դիմեն, այնքան աւելի անոնց որոշումը ներքնապէս ազատ պիտի ըլլայ եւ իրենց վարուելակերպը՝ անձնական ընտանիքի մը հետ համընթաց, նոյնպէս նաեւ իրենց շրջանակին գործընթացին հետ. (հմտ. ՀՌՈՎՄ. Բ 15)։ Ուստի, ամուսիններ՝ այր եւ կին՝ միանգամայն նկատի պիտի ունենան իրենց եւ իրենցմէ ծնած կամ ծնելիք զաւակներուն բարիքը. իրենց շրջանին եւ վիճակին նիւթական թէ հոգեւոր պայմանները պիտի զանազանեն։
Անոնք նկատի պիտի առնեն նաեւ ընտանեկան հասարակութեան բարիքը եւ օգուտը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կարիքները։ Այլուստ՝ պէտք է քաջալերել՝ դիմելու այն գործելակերպերուն, որոնք բեղնաւորումի բնական ընթացքին վրայ հիմնուած են։ Պէտք է շեշտել, թէ այս գործելակերպերը կը յարգեն ընտանիքի միութիւնը, կը քաջալերեն անոնց՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն փոխադարձ գուրգուրանքը եւ կը նպաստեն նաեւ հարազատ ազատ դաստիարակութեան։
Պէտք է մի՛շտ նկատի ունենալ, թէ զաւակները Աստուծոյ հոյակապ նուէրներն են, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն եւ ծնողներուն եւ Եկեղեցւոյ համար ճշմարիտ ուրախութիւն են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 2, 2026, Իսթանպուլ