ՍԷՐ ԵՒ ՎԱԽ

Սէրը եւ վախը կը հակադրեն զիրար։ Սէրը առիթներ կը փնտռէ բարին եւ օգտակարը տալու եւ կը հարցնէ. «Ի՞նչ կրնամ ընել ուրիշի համար»։ Վախը զգուշաւոր նայուածքով մը կը դիտէ հաւանական հետեւանքները եւ հարց կու տայ. «Ինծի համար ի՞նչ պիտի ընէիք»։ Սէրը չարութիւն չի խորհիր երբեք. իսկ վախը քիչ մը տարբեր կը մտածէ։ Սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ», վախը չափազանց կասկածոտ է։ Սէրը այնքան զբաղած է այսօրուայ պարտականութիւններով, որ ժամանակ չունի՛ վաղուան համար մտահոգուելու, քանի որ վախը վաղուան վրայ կը կեդրոնացնէ իր ուշադրութիւնը. ան կը ձախողի պարտականութիւններ ստանձնելու՝ այսօ՛ր։

Սէրը կ՚առաջնորդէ յորդառատ սիրոյ պարտականութիւններ կատարելով, կ՚ունենայ ուրախութիւն, խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ յորդառատ սէր եւ նուիրում՝ գործին հանդէպ։ Վախը իր կարգին կ՚ունենայ աւելի՛ վախ, որովհետեւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու ձախողութիւնը աւելի վախի եւ կասկածի կ՚առաջնորդէ եւ անգործութեան, անաշխատութեան կը դատապարտէ։ Իմաստալից է խօսքը. «Աստուծոյ վախը միակ վախն է, որ կը ջնջէ միւս բոլոր վախերը»։

Սուրբ Գիրքի մէջ «Սէր Աստուծոյ հանդէպ» եւ «Աստուծոյ վախը» իրարու լրացուցիչներ են կամ մերձիմաստներ։ Անոնք, որոնք Աստուծոյ վախը ունին եւ Իր Խօսքը կ՚ընդունին եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ կը տեսնեն, թէ այս «վախ»ը փոխադարձ սիրոյ կը վերածուի։ Արդարեւ, բոլոր վախերուն թշնամին սէ՛րն է։ Սէր՝ Աստուծոյ եւ սէր՝ ընկերին հանդէպ։ Վախը մարելու միակ ձեւը սէրը «հագնիլ», զայն ապրիլ է…։

Հո՛ս է ահա դժուարութիւնը, ամէն անգամ որ բան մը ընել փորձէ մարդ՝ վախը արգելք կ՚ըլլայ, որ կատարէ զայն, ընդհանրապէս ա՛յս է իրողութիւնը։

Սակայն հո՛ս է այն կէտը՝ որ պէտք է յստակեցնել։ Վախը մարդը չի կաշկանդեր որպէս դուրսէն եկող «հրէշ» մը՝ որուն վրայ ան հեղինակութիւն չունի. ճշմարտութիւնը այս է. մարդը՝ ի՛նքն է, որ վախը կը ստեղծէ։ Ո՛չ մէկը եւ ո՛չ մէկ արտաքին ուժ կրնայ մարդուն վախ պարտադրել։ Հետեւաբար, վախին միակ պատասխանատուն մարդ ինքն է։ Եւ ինչպէս պատասխանատու է սիրելու։

Թէ՛ սիրելը եւ թէ չվախնալը Աստուծմէ տրուած պատուէրներ են։ «Քու Տէր Աստուածդ սիրէ, քու ընկերդ սիրէ, քու թշնամիներդ սիրէ՛ եւ մի՛ վախնար անոնց վախէն»։ Ուստի, Աստուած մեզի չէ՛ պատուիրած, որ մեր զգացումները «վառենք» կամ «մարենք» պարագային համեմատ։ Ան կը պատուիրէ, որ այս բաները ընենք՝ որ կ՚արգիլէ վախը ծնունդ առնելէ։ Եւ գիտենք, թէ այս բաները պատասխանատու դիրքորոշում եւ արարքներ են առ Աստուած եւ առ մեր ընկերը (եղբայրը)։ Եթէ մարդ վախը փոխանակէ սիրով, ան իր կեանքին մէջ եւ իր արտայայտութիւններուն մէջ, այն ժամանակ պիտի ընէ այն ի՛նչ, որ սէրը կը մղէ զինք ընելո՛ւ։ Ուրիշ խօսքով. «դադրիլ փորձելէ վախը դադրեցնել»։ Պէտք չէ՛ ջանքերը վատնել անոր համար։

Ուստի, աղօթել Աստուծոյ անկեղծօրէն եւ հաւատքով ու ըսել. «Ո՛վ Տէր, եթէ կրկին վախի փորձութիւն մը ունենամ, յօժար եմ ունենալու։ Զայն ամբողջութեամբ Քու ձեռքերուդ կը յանձնեմ»։ Այս աղօթքը կը նմանի Պետրոս առաքեալի պատուէրին. «Ձեր ամէն հոգը Անոր վրայ ձգեցէք». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Մարդ որքան ժխտական վիճակներու մասին մտածէ, այնքան այդ վիճակներով եւ խորհուրդներով կը կլանուի. բնական հոգեվիճակ է ասիկա։

Որքան վերի բաները փնտռէ մարդ եւ իր սիրոյ պարտականութիւնները կատարէ իր ընկերոջ հանդէպ, բոլորովին պիտի յեղաշրջուի վիճակը եւ իր վախերը պիտի փարատին եւ սիրտը, հոգին փառաբանութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի լեցուի… Մարդ ունի շատ խորագէտ թշնամի մը, որ գիտէ իր տկար եւ զգայուն կէտը։ Այդ «թշնամի»ին ռազմադաշտը մարդուն միտքն է։ Ան ազատ երթեւեկի աներես յաճախորդ մըն է մարդուն մտքին մէջ։ Ուստի, պէտք է անմիջապէս խորհուրդներու ուղղութիւնը փոխել եւ պէտք չէ արտօնել նոյնիսկ մէկ երկվայրկեան, ժխտական խորհուրդ մը։ Փոխարէնը Աստուծմէ խնդրել պարկեշտ, արդար, մաքուր սիրոյ մասին, բարի եւ առաքինի մտածումներ եւ խորհուրդներ՝ որոնց մասին խորհիլ։ Եւ այսպիսով է, որ մարդուս մէջ կը կատարուի փոփոխութիւն մը ՝ ուր կը տիրապետէ սէրը՝ փոխանակ վախի, այն պայմանով, որ խօսքերուն եւ խորհուրդներուն մէջ յարատեւ ըլլայ մարդ։ Արդարեւ, յաջողելու եւ նպատակին հասնելու համար անհրաժե՛շտ է յարատեւ դրական խորհիլ եւ երբեք չյուսալքուիլ այդ մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026