ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ ՆԻՔՈԼՈԶԻ ԱՅՑԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­խալ­քա­լա­քի եւ Քու­մուր­տո­յի Մետ­րա­պո­լիտ Նի­քո­լո­զի հետ։ Այս վերջ­նոյն ըն­կե­րա­ցաւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի եւ Ծալ­կա­յի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բաբ­գէն Վրդ. Սալ­բիեան։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց Նի­քո­լոզ Մետ­րա­պո­լի­տի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցը ու ջեր­մու­թեամբ վեր­յի­շեց իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Ա­խալ­քա­լաք։ Ան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց նաեւ Մետ­րա­պո­լի­տի նուի­րեալ գոր­ծու­նէու­թեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հաս­տա­տեց, որ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­կա­նա­տես ե­ղած է հայ եւ վրաց հա­մայնք­նե­րու, նաեւ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ջերմ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ու սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Նի­քո­լոզ Մետ­րա­պո­լի­տի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լով՝ Մետ­րա­պո­լիտ Նի­քո­լոզ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար։ Ան կա­րե­ւո­րեց եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ շփում­նե­րու եւ կա­պե­րու զօ­րա­ցու­մը՝ ի մտի ու­նե­նա­լով նաեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ պատ­մա­կան ա­ղերս­նե­րը, ընդ­հան­րու­թիւն­ներն ու հա­ման­ման ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան խօ­սուե­ցաւ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ ա­նոնց յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն շուրջ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր-կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու նոր սե­րուն­դի պատ­րաս­տու­թեան եւ հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վերս­տին գնա­հա­տեց Նի­քո­լոզ Մետ­րա­պո­լի­տի ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան նկատ­մամբ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­նոր մաղ­թեց Աս­տու­ծոյ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016