ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ
Կը պատահի խաչաձեւում, երբ սոյն օրուան մէջ, նոյն ժամուն, հանդիսութիւն մը կամ հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ, ու ահա երկմտանքը. հոս կարեւորութիւն կը զգենու նախապատուութիւնը. ո՞ր մէկը ընտրել. անշուշտ եթէ սլաքը թեքի մէկ կամ միւս կողմ, քանի որ երբեմն անակնկալ պարագաներու մէջ կը գտնուիս եւ այլեւս քեզմէ կախեալ չէ ընտրութիւնը, ուստի ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը ի գործ կը դրուի… եւ երրորդ կողմը, այս պարագային, որ միշտ պատրաստ է, կ՚ըլլայ սենեակիդ մահճակալը, որ երեկոյեան «բարի եկար»ի եւ առաւօտեան «երթաս բարով»ի վարժ է:
Նախընտրութիւնը անձէն կախեալ է, անշուշտ, երբ չկան արտաքին այլ ստիպողական պատճառներ:
Մեր պարագային, այցելութիւնն է Յիսուսի՝ Ղազարոսի տան, ուր հիւրասիրութեան տենդով տարուած՝ Մարթա, կը գանգատի ըսելով. «Տէր քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի անոր զրուցէ, որ ինծի օգնէ: Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ. «Մարթա, Մարթա, դուն շատ բաներու հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէկ բան պէտք է, եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց»: Անշուշտ գրուած չէ, թէ ի՛նչ նիւթի մասին կը խօսէր Յիսուս, սակայն, ամէն ոք իրեն յատուկ մասնաւոր նիւթերը ունի իր ընտրած առաքելութեան համաձայն, ուստի հաւանական էր, որ կեանքի զանազան երեսներէն մէկուն մասին խօսելու, բացատրելու ընթացքին մէջ ըլլար քաջալերուած նաեւ՝ ունկնդիրին հետաքրքրութենէն, որ իր օգնելու գործէն հեռացած էր ու քոյրը թողած առանձին. Իսկ Մարթա, իր պարտականութեան վրայ: Ամէն ոք իր ճամբով, իր պարտականութեամբ, սակայն միշտ ալ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄՆ է, որ պիտի պտղաբերէ:
Հոս շեշտը կը դրուի «Աղէկ բաժնի» մէջ- ժամանակաւորէն՝ յաւիտենականը, անցաւորէն՝ հաստատունը:
Սակայն, ամէն ոք առանձին անհատականութիւն է, ունենալով իր նախասիրութիւնը եւ հետամուտ ըլլալու անոր:
Առեւտրականի նախասիրութեան մասին խօսք չ՚ըլլար: Պըզնէս, որմէ՝ եկամուտ, դրամ, մանիդոքս…Շուկայի քերականութիւն: Տօնական օրերու, խառնաշփոթ օրերու, «տաք» ու «պաղ» օրերու յարաբերութիւններու լոզունգները եւ գիները կը տարբերին անհամեմատաբար, յիշատակելի օրերն ալ մոռնալու չէ հարկաւ: Եւ ամէն ոք քիչ թէ շատ նո՛յն ոգիով կ՚երեւի…
Այս տարուան մէջ մեր հայրենիքի անկախութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով, թերթերը քիչ մը ծաւալ, գոյն արձանագրեցին, ինչպէս նաեւ լաւագոյն պահը նկատուեցաւ հրապարակ գալ, ինչ որ բնական եւ սպասելի էր:
Հանդիսութիւններ, խրախճանքներ, հաւաքներ, երգահանդէս եւ… իր քսանամեակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի ցուցահանդէս եւ դեռ ինչե՜ր, դժբախտաբար, ամենէն տեղեակ չեմ, սակայն շուկայական ապիկարութիւնը հոս ալ յայտնի եղաւ: Փախցուցի, յիշելով Թէքէեանը. «Առիթներ, թռչուներս սիրելի»:
Ականջիս ձայն մը կ՚ըսէ սակայն.- «չէր ըլլար»։
Ինչո՞ւ:
Լաւ, այդ մէկը չեղաւ, գէթ այս երկտողս նուիրեմ տարին իր լրումին չհասած…
Յ.Գ. Քանի մը տարի առաջ, ջուրի տագնապ ունեցանք եւ ստիպուած ջուր գնեցինք, ջուրի տարեվճարը (պետութեան) նուազելու փոխարէն աւելցաւ շուրջ հարիւր առ 15…
Լաւագոյն օրինակներէն մին՝ շուկայական յարաբերութեանց:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան