ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերին եզակի ձեռնարկի մը, որ յատկանշական էր մեր նոր սերունդի տեսանկիւնէն։ Այսպէս, ի նպաստ պոլսահայ համալսարանական երիտասարդութեան տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ կազմակերպուած էր ՍԷՎ-ի եւ «Փարոս» ամսագրի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Ծանօթ է, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր ՍԷՎ որպէս գոյութեան նպատակ որդեգրած է մեր համալսարանական երիտասարդներուն օժանդակութիւն տրամադրելը։ Նոյն նպատակին զուգահեռ սոյն քէրմէսին շրջագծով համագործակցութիւն մը հաստատուած էր ՍԷՎ-ի եւ «Փարոս»ի միջեւ։ Այս նախագծին գլխաւոր մղիչ ուժը հանդիսացած էր մեր համայնքէն յայտնի գործարար մը՝ Պերճ Կուրտիկեան, որ սիրայօժար տրամադրած էր զանազան ոճերով, որակեալ հանդերձեղէններ՝ անոնց վաճառքէն գոյանալիք հասոյթը համալսարանականներուն տրամադրելու փափաքով։
Քաղաքիս Պուլկար յարանուանութեան առաջնորդարանի սրահին մէջ կազմակերպուած քէրմէսին հանդէպ համայնքային շրջանակները ցուցաբերեցին անմիջական հետաքրքրութիւն եւ արդիւնքը եղաւ իսկապէս ողջունելի։ Այցելուները գտան իրենց ճաշակին յարմար զանազան զգեստներ եւ այլ իրեղէններ, որոնց վաճառքով գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի մեր համալսարանականներուն։