ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Տ. Զա­ւէն Վրդ. Եա­զը­ճեա­նը։ Այս վեր­ջի­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ վեր­ջերս Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­ժա­նա­ցած էր մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նի։ Ան հո­գե­ւոր հո­վիւն է Մի­յան­մա­րի, Սին­կա­փու­րի եւ Տաք­քա­յի։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հայր սուր­բին փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րեց հայր սուր­բը՝ վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան ստա­ցած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Հայր Զա­ւէ­նի ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան ու մատ­նան­շեց, որ հայր սուր­բը յատ­կան­շուած է հա­մես­տու­թեամբ, ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ, յանձ­նա­ռու­թեան քա­ջա­րի ո­գիով եւ նպա­տա­կաուղ­ղուած ե­ղած է ի ծա­ռա­յու­թիւն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­ւա­տա­ցեալ հա­յոր­դեաց հո­գե­ւոր կեան­քի զօ­րաց­մամբ։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վար­դա­պե­տա­կան լան­ջա­խաչ մը նուի­րեց Տ. Զա­ւէն Վրդ. Եա­զը­ճեա­նին եւ «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով օրհ­նեց զին­քը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017