ՄԵՂՈՒԱՋԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Եկեղեցականաց համագումարի կողմէ կատարուած տեղապահի ընտրութենէն վերջ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակը արդէն յեղաշրջած է թրքահայութեան օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Եկեղեցականաց համագումարը նախընթաց օր տեղապահ ընտրեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, սակայն վրայ հասաւ Իսթանպուլի կուսակալութենէն Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութիւնը, որով պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ պաշտօնի գլուխ կը մնայ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս խառնաշփոթ իրավիճակին մէջ այժմ կ՚որոնուի ելք մը։ Մեղուաջան աշխատանք մը յառաջ կը տարուի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Համայնքային բոլոր շրջանակները շարժման անցած են, տեղի կ՚ունենան խտացեալ որոնումներ՝ առկայ կացութեան յաղթահարման նպատակով։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ առաւօտ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գրաւոր դիմում կատարած է՝ որպէսզի ժամադրութիւն մը ապահովէ Իսթանպուլի կուսակալութենէն։ Այդ սպասումը կը մնայ ի զօրու, իսկ միւս կողմէ հոգեւորականներուն առընթեր համայնքի աշխարհական վարիչներն ալ միտք կը յոգնեցնեն, թէ ինչպէս պիտի յաղթահարուի ստեղծուած իրավիճակը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համագումարին յաջորդած իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ կը վարուին միասնաբար եւ ընդհանուր առմամբ ունին այն համոզումը, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրաժարականով կրնայ կարգաւորուիլ առկայ խնդիրը։ Իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջապէս դիմում կատարած է կուսակալութեան մօտ՝ Եկեղեցականաց համագումարի աւարտին առնուած որոշման հիման վրայ։ Իր անմիջական շրջանակէն կը հասնին զանազան լսումներ, ըստ որոնց ան անպայման հետամուտ պիտի ըլլայ օրինական լուծումի մը՝ որպէսզի համայնքը զերծ մնայ ցնցումներէ։
Թէ ինչպիսի՞ հունի մը մէջ պիտի ընթանան իրադարձութիւնները, թէ ի՞նչ հունի մէջ պիտի հասուննայ գործընթացը, առայժմ վաղ է կանխատեսել վերջնականօրէն։ Յամենայնդէպս, համայնքային շրջանակներէն ներս յառաջ կը տարուին լայնածաւալ խորհրդակցութիւններ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ կը ջանայ իր ներդրումը բերել՝ որպէսզի դրական ձեւով լուծուի այս տագնապը։ Կարճ խօսքով, այժմ համայնքի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է՝ սկզբունքներու եւ գործնականութեան տեսակէտէ ոսկէ միջին մը գտնելու վրայ։ Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացի յաղթահարման ջանքերու միջավայրին մէջ մեր համայնքը դէմ յանդիման մնացած է յաւելեալ ճգնաժամի մը։ Տեղապահի ընտրութեան, արդիւնքի պաշտօնական մարմիններուն կողմէ ճանաչման խնդիրը եկած է խորացնել կացութիւնը։ Յամենայնդէպս, այդ բոլորի յաղթահարման համար բազում հարթութիւններու վրայ մտային վարժանք մը, բազմակողմանի աշխատանք մը սկսած է համայնքային կեանքէն ներս։
Որքան որ ալ մեր ժողովուրդին, հանրային կարծիքին հետաքրքրութիւնը ըլլայ վառ՝ ներկայ պահու դրութեամբ շօշափելի մասնաւոր զարգացում մը չէ արձանագրուած եւ ընդհանուր սպասման, անորոշութեան մթնոլորտը կը շարունակուի համայնքային կեանքէն ներս։
Առկայ պայմաններով արդէն դժուար է յստակ ժամկէտներ կանխատեսել կամ ենթադրութիւններ ընել ժամանակացոյցի մը առումով։ Դարձեալ թէ՛ դժուարին եւ թէ համբերատար գործընթացի մը հորիզոնը ուրուագծուած է մեր համայնքին առջեւ։ Այժմ կը սպասուի, թէ շաբաթավերջի դրութեամբ ի՞նչ նորութիւններ տեղի կրնան ունենալ համայնքէն ներս։