ՎԵՀԱՓԱՌԸ ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավարջին մեկնեցաւ Ֆինլանտիա։ Վեհափառ Հայրապետը կ՚իրականացնէ քառօրեայ միջեկեղեցական այցելութիւն մը։ Ֆինլանտիոյ Աւետարական-Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ Վերապատուելի Կերի ՄըքՔինէ Արքեպիսկոպոսի եւ Ֆինլանտիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Լէօ Արքեպիսկոպոսի համատեղ հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։
Նորին Սրբութեան կ՚ուղեկցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան։