ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով տօ­նախմ­բեց Ծաղ­կա­զար­դը։ Տէր Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քի յի­շա­տա­կը տօ­նախմ­բուե­ցաւ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Իս­թան­պու­լի մէջ եւս Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, մեր հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը հո­գե­ւոր մեծ հրճուան­քով մը դի­մա­ւո­րեց Ա­ւագ շաբ­թուան խորհրդա­ւոր շրջա­նը, մինչ ե­րէ­կուան մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան ա­ւան­դա­կան կար­գը հա­մախմ­բեց հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէ­կուան մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ծաղ­կա­զար­դի Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ս. Սե­ղա­-նին սպա­սար­կեց Խա­չիկ Սրկ. Սարը­լը, Ա­լէն Սրկ. Ներ­կիզ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­ները կա­տա­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­մի­րի կողմէ գլխա­ւո­րուած Սա­մա­թիոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ի պա­տիւ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Տօ­նա­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ան­ցաւ այս սի­րոյ սե­ղա­նը, ո­րու ըն­թաց­քին հո­գե­ւոր հա­յերուն եւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նիքի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյց։

Յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցան Դռնբա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւնն ու մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան կար­գը։ Հան­դի­սա­դիր Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­քին էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան եւ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Ձի­թե­նիի ճիւ­ղե­րով զար­դա­րուած խո­րա­նին վրայ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շրջա­պա­տուե­ցաւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն, սար­կա­ւա­գաց ու դպրաց կող­մէ, ո­րոնց միա­ցան նաեւ մա­նուկ­ներ՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով Տի­րոջ Ե­րու­սա­ղէմ  յաղ­թա­կան մուտ­քի պատ­կե­րը։ Հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017