ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՈՒՐՈՅՆ ՎԷՊԸ
Սթրազպուրկի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, որ խորագրուած էր ըստ հետեւեալի. «Իսթանպուլի վէպը. Արեւելեան Միջերկրականէ ներս գրական կեդրոնի մը մէջ արդիականութիւն, բազմաձայնութիւն ու բազմալեզուութիւն»։ Սթրազպուրկի համալսարանի Թրքական հետազօտութիւններու բաժնի, նաեւ Արեւելեան, սլաւ եւ նոր-հելլէնական հետազօտութիւններու խմբակի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս միջազգային գիտաժողովը, որու աշխատանքները տեղի ունեցան հիւրընկալ համալսարանի «College Doctoral Européen» մասնաշէնքէն ներս։
Այս գիտաժողովի ընթացքին տարուած աշխատանքը կեդրոնացաւ երկու հիմնական առանցքներու վրայ։ Առաջին առանցքին շուրջ Իսթանպուլը խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ՝ որպէս կեդրոն մը, ուր կը հրատարակուին վէպեր։ Իսկ երկրորդ առանցքին շուրջ Իսթանպուլը լուսարձակի տակ բերուեցաւ՝ որպէս քաղաք մը, որ ներշնչանքի աղբիւր կը հանդիսանայ իր ուրոյն վէպի ստեղծագործութեան տեսակէտէ։
Գիտաժողովի ընթացքին մասնաւոր նիստ մը յատկացուեցաւ հայկական վէպին։ Այս նիստը վարեց հեղինակաւոր ակադեմական մը՝ Եոհան Շթրաուս։ Ատենախօսներու շարքին կը գտնուէին պոլսահայ երկու մտաւորականներ՝ պատմաբան Այլին Գօչունեան եւ գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Միւս ատենախօսներն էին Փարիզէն՝ Փընար Քարաքըլչըք եւ Սթրազպուրկէն Սամիմ Աքկէօնիւլ։
Փընար Քարաքըլչըք իր զեկուցման մէջ կանգ առաւ Յովսէփ Քուրպանի կողմէ 1885 թուականին հեղինակուած հայատառ թրքերէն «Իքի գաբու եոլտաշլարը» խորագրեալ վէպին վրայ։ Սա պատմական Բերայի վերաբերեալ վէպ մըն է։
Սամիմ Աքկէօնիւլ խօսեցաւ Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպին մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս գործը 1970 թուականին որպէս թերթօն հրատարակուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։ Սամիմ Աքկէօնիւլ 1993 թուականին «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ գիրքի վերածուած այս վէպը համեմատեց Վետաթ Թիւրքալիի կողմէ հեղինակուած ու նոյն շրջանին վրայ լոյս սփռած «Կիւվէն» խորագրեալ վէպին հետ։
Սեւան Տէյիրմենճեանի զեկուցումը ձօն-ւած էր Երուանդ Օտեանին։ «Երուանդ Օտեան. Ապտիւլհամիտ եւ Շերլոք Հոլմս. վէպի մը պատմութիւնը» խորագրեալ զեկուցման մէջ ան բացատրեց, որ Երուանդ Օտեան տասներկու տարուան աքսորէն Իսթանպուլ վերադարձին «Արեւելք» թերթին մէջ հրատարակած էր «Ապտիւլհամիտ եւ Շերլոք Հոլմս»ը եւ անմիջապէս վերջ ալ «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ թերթօնի ձեւաչափով լոյս ընծայած էր ուրիշ գործ մը, որ առաջինին շարունակութիւնը կը համարուէր։
Իր կարգին, Այլին Գօչունեանն ալ Սրբուհի Տիւսաբի եւ Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ զեկուցում մը ներկայացուց Իսթանպուլի հայկական վէպին մասին։ Ան յիշեալ երկու յայտնի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները ծանօթացուց՝ վիպապաշտութեան, արդարութեան եւ ֆեմինիզմի միջեւ տարուբերումներով եւ զգայնութիւններով։ Միեւնոյն ժամանակ կանանց իրաւունքներու պաշտպան այդ երկու հեղինակներու գործերու լոյսին տակ Այլին Գօչունեան մեկնաբանեց ընդհանրապէս տուեալ շրջանը, հասարակական կեանքէ ներս ամուսնութեան նշանակութիւնը, կանանց ու հասարակութեան աւանդական արժէքներուն բախումը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սրբուհի Տիւսաբի եւ Զապէլ Եսայեանի գործերուն ունեցած անդրադարձին մասին՝ հայկական հասարակութեան պահպանողական սահմաններէն ներս։
Գիտաժողովին տեւողութեան հեղինակաւոր մասնագէտներ զանազան երեսակներով մեկնաբանեցին այս ծաւալուն նիւթը, որու քննարկումներէն դուրս չմնացին նաեւ Իսթանպուլի միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւնները։