ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Գա­նա­տա­յի դես­պան Ճոն Ռո­լանտ Քիւ­րիի հետ։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու դես­պա­նը անդ­րա­դար­ձան Գա­նա­տա­յի կեան­քի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս գա­նա­տա­հայ հա­մայն­քի ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ 

Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեանն ալ նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Գա­նա­տա­յի դես­պան Ճոն Ռո­լանտ Քիւ­րիի հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ Գա­նա­տա­յի «Հայ­կա­կան ա­ռեւտ­րա­յին ցանց»ի նա­խա­գահ Վահ­րամ Պիր­ճա­նեան։ 

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րարն ու դես­պա­նը անդ­րա­դար­ձան եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղեալ հար­ցե­րու։ Ո­րո­շուե­ցաւ, որ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կարգ մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գայ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տան-Գա­նա­տա տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կատուու­թիւ­նը ա­ւե­լի մատ­չե­լի դառ­նայ հան­րու­թեա­ն։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015