ՅԱՄԱՌ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայաստան-Թուրքիա. երկխօսութեան ուղիներու որոնում» խորագրեալ այս միջազգային գիտաժողովի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Կովկասի հետազօտական միջոցներու կեդրոնի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէնուհի Հեղինէ Մանասեան։ Այս վերջինը մատնանշեց, թէ պետական մակարդակի վրայ հայ-թրքական քաղաքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը չի կրնար խանգարել երկու հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը։
«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը փոխելու համար կը գործադրուին բաւական մեծ ջանքեր ու շատ մարդիկ կը կարծեն, թէ յառաջացած խնդիրները կրնան լուծուիլ երկխօսութեան միջոցաւ։ Ի հարկէ, քաղաքական մակարդակով երկխօսութիւն չկայ, բայց սա չի նշանակեր, որ գիտաժողովներ պէտք չէ կազմակերպուին։ Մենք պէտք է երկխօսութեան մէջ ըլլանք, հասկնանք իրավիճակը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Հեղինէ Մանասեան։
Ելոյթին տեւողութեան Հեղինէ Մանասեան շեշտեց, որ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայի երկիրներէն շուրջ քառասուն մասնագէտներու ներկայութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովին նպատակն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետազօտողներուն միջեւ ստեղծել կարծիքներու փոխանակման ու երկխօսութեան համար հարթակ մը։
Երեւանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակի քաղաքական, մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Տիրք Լորենց, որ եւս հանդէս եկաւ զեկուցումով մը՝ մատնանշեց, թէ քաղաքական միջավայրը այդքան ալ նպաստաւոր չէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, թէ այս երկու երկիրներու հասարակութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ պէտք չէ երկխօսութիւն ըլլայ։
«Ընդհակառակն, երկու հասարակութիւններու ներկայացուցիչները պէտք է փորձեն զիրար հասկնալ, պէտք է երկխօսութեան եզրեր փնտռեն։ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է նպաստել երկու երկիրներու հասարակութիւններու միջեւ նման երկխօսութիւններուն», ըսաւ Տիրք Լորենց։