ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷԻՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ երեկո­յեան կա­յա­ցաւ շա­հե­կան հան­դի­պում մը՝ «Թուր­քիոյ մէջ հա­յեր. հա­մայնք-ան­հատ-քա­ղա­քա­ցի» հա­տո­րին հե­ղի­նակ­նե­րուն հետ։ 2009-ին հրա­տա­րա­կուած այս հա­տո­րը իր ամ­բա­րած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, կա­տա­րած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով կամ ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տե­րով կա­րե­ւոր հա­ւա­քա­ծոյ մը, աղ­բիւր մը կը հան­դի­սա­նայ՝ թրքա­հա­յու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ա­ռու­մով։ Թուր­քիոյ Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին մաս­նա­կից էին «Մար­մա­րա» հա­մալ­սա­րա­նէն Կիւ­նայ Կէօք­սու Էօզ­տո­ղան, «Կա­լա­թա­սա­րայ» հա­մալ­սա­րա­նէն Ֆիւ­սուն Իւս­թէլ, «Շե­հիր» հա­մալ­սա­րա­նէն Ֆեր­հատ Քեն­թէլ եւ ար­ձա­կա­գիր Գա­րին Գա­րա­գաշ­լը, ո­րոնք օգ­տա­շատ զրոյց մը ու­նեցան ներ­կա­նե­րուն հետ՝ «Շե­հիր» հա­մալ­սա­րա­նէն Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լուի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

Սրա­հին մէջ ներ­կայ էին Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հայ­րե­րը՝ Մագ․ Հ․ Սար­գիս Ծ․ Վրդ․ Էր­մէն եւ Հ․ Յա­կով­բոս Ծ․ Վրդ․ Չօ­փու­րեան, Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի­ներն ու կրթա­կան մշակ­նե­րը, հե­տաքր­քիր­նե­րու կո­կիկ բազ­մու­թիւն մը։

Խօ­սե­լով հա­տո­րին պատ­րաս­տու­թեան դրդիչ­նե­րուն մա­սին, բա­նա­խօս­նե­րը նշե­ցին, թէ 1990-ա­կան­նե­րու եւ 2000-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին տար­բեր խորհր­դա­րան­նե­րէ ներս ըն­դու­նուող կամ օ­րա­կար­գի ե­կող հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւերն ու Թուր­քիոյ մէջ ինք­նու­թիւն­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման, բա­ցա­յայտ­ման ըն­թաց­քը զի­րենք մղած են կա­տա­րե­լու աշ­խա­տանք մը՝ ա­ւե­լի լաւ հասկնա­լու հա­մար թրքա­հա­յե­րու ինք­նու­թիւն կեր­տե­լու հո­լո­վոյ­թը, ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։ Նշուե­ցաւ, թէ մինչ այդ թրքա­հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­րե­լի էր տե­ղե­կա­նալ միայն պե­տա­կան աղ­բիւր­նե­րէն, կրկնել միայն պե­տա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը, ո­րոնք հե­ռու էին ճշմար­տու­թիւ­նը ար­տա­ցո­լե­լէ, սա­կայն հետզ­հե­տէ փոխուե­ցաւ այդ ե­րե­ւոյ­թը։ Որ­պէս բե­կում­նա­յին պա­հեր նշուե­ցան հայ­կա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վին կա­յա­ցու­մը, որ դուռ բա­ցաւ նմա­նա­տիպ այլ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու՝ հաս­նե­լու հա­մար իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րուա­նի մը։ Բա­նա­խօս­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցու­ցին նաեւ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեամբ բա­ցուած շրջա­նը։ Պատ­մա­կան այդ դէպ­քը նոր շրջան մը ի­րա­պէս բա­ցաւ երկ­րին մէջ, բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ինք­նու­թեան նիւ­թին շուրջ կը մտա­ծեն, սկսան ար­տա­յայ­տուիլ։ Նշուե­ցաւ, որ կան թէեւ դրա­կան տե­ղա­շար­ժեր, սա­կայն մերթ զգա­լի է նաեւ պե­տա­կան ճնշում մը զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ յատ­կա­պէս։ Սա­կայն գո­յա­ցած հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քը կրնայ դի­մադ­րել այ­լեւս նման ճնշում­նե­րուն։ Յատ­կան­շա­կան էր Քեն­թէ­լի կող­մէ հնչած «սուրբ լռու­թիւ­նը»՝ 1915-ի շուրջ։ Լռու­թիւն մը, որ բնա­կան կը թուէր ի­րեն, մին­չեւ Հրանդ Տին­քին հետ ծա­նօ­թա­ցու­մը։ Ան նշեց, թէ հա­յե­րուն ի­րենց ինք­նու­թեան հա­մար մա­քա­ռի­լը հա­ւա­սար է յե­ղա­փո­խու­թեան մը։ Ծա­նօ­թա­նա­լէ ետք պատ­մու­թեան, հա­յոց ինք­նու­թեան կա­յաց­ման պայ­քա­րին՝ կեան­քը սկսած են շա­րադ­րել նո­րո­վի։ Բա­նա­խօս­նե­րը նշե­ցին, թէ քրդա­կան շարժ­ման ա­ռըն­թեր, հա­յե­րուն ալ խօ­սիլ սկսի­լը հա­մար­ձա­կու­թիւն ներշն­չեց այ­լոց եւ ա­նոնք ալ սկսան ար­տա­յայ­տուիլ եւ ո­րո­նել, պե­ղել ի­րենց ինք­նու­թեան տար­րե­րը։ Հե­ղի­նակ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան թուա­կա­նէն՝ 2009-էն մին­չեւ հի­մա անց­նող շրջա­նի զար­գա­ցում­նե­րը՝ խօ­սե­լով գիր­քին գտած ըն­դու­նե­լու­թեան մա­սին ալ։

Բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լու բա­նա­խօս­նե­րուն, ո­րոնք պա­տաս­խա­նե­ցին ա­նոնց, ինչ­պէս նաեւ մա­կագ­րե­ցին ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած հա­տոր­նե­րը։

Հա­ւա­քոյ­թին հուսկ բան­քը ար­տա­սա­նեց Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէքիեան։ Ա­րեւմ­տեան տե­սու­թիւն­նե­րու ա­րե­ւե­լեան մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ յա­րու­ցած ան­յար­մա­րու­թիւն­նե­րը մատ­նան­շե­լէ ետք, ան ը­սաւ, որ ա­րե­ւե­լեան հա­սար­կու­թիւն­նե­րը հար­կա­ւոր է որ մշա­կեն ի­րենց հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րը՝ ճանչ­նա­լու հա­մար ի­րենք զի­րենք։ Ան գնա­հա­տեց հե­ղի­նակ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը եւ ա­ռա­ջար­կեց գիր­քը ա՛լ ա­ւե­լի մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մար զայն են­թար­կել նոր խմբագ­րու­թեան մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015