ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Նորին Սրբազնութիւնը Երեւանէն ուղղակի մեկնեցաւ Քէօլն, ուր յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի տարեկան հերթական ընդհանուր ժողովը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Քէօլն մեկնեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը յառաջիկայ օրերուն ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս պաշտօնապէս իր լիազօրութիւններուն եւ իրաւասութիւններուն կարեւոր մէկ մասը պիտի փոխանցէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին։
Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը։ Այս քառօրեայ նստա-շըրջանը վաղը պիտի հասնի իր աւարտին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի աշխատանքներու առաջին երկու օրուան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Նորին Սրբազնութեան այս առաւօտեան հրաժեշտէն վերջ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին մասնակցիլ կը շարունակեն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի միւս ներկայացուցիչները՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ մեր ազգայիններէն Տիգրան Ալթուն եւ Թորոս Աբիկ։ Հարկ է նշել, որ այս առաւօտ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելով տեղւոյն վրայ շնչեց նաեւ նստաշրջանին մթնոլորտը։ Եկեղեցական ներկայացուչական ժողովը վաղը պիտի եզրափակուի պաշտօնապէս։
Միւս կողմէ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն Պոլսոյ Աթոռի ներկայացուցիչ սրբազաններուն հետ եղած է շփման մէջ եւ տեղեկութիւններ քաղած է Պատրիարքական Աթոռէն ներս ստեղծուած վերջին կացութեան շուրջ։
ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռի մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները այս օրերուն վառ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան Պոլսոյ Աթոռի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ։ Մասնաւորապէս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան զրուցած են լրագրողներու հետ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս ծիրին մէջ յայտնած էր, որ իրեն դէմ ընդդիմութեան ալիք մը ստեղծած են անկիրթներ։ Երէկ, Նորին Սրբազնութեան հարց տուինք, թէ ինչո՞ւ անկիրթ որակած է իր ընդդիմադիրները։ Ան մեզի յայտնեց, որ վերջին շրջաններուն իր դէմ ընդդիմութիւնը հեռացած է գաղափարական հարթութենէ եւ որոշ մարդիկ սկսած են հայհոյել իրեն դէմ։ «Ուստի, ես ըսել ուզած եմ, որ անկիրթ են այդ հայհոյանքները ընողները։ Եւ հարցը միայն ինծի չի վերաբերիր կամ ինձմով սահմանափակուած չէ։ Ընդհանրապէս, եկեղեցականի մը դէմ հայհոյանքը անընդունելի է եւ այդ բանը ընողներն ալ անկիրթ կը համարուին», ըսաւ ան։